Սէուտական Արաբիոյ առաջին պաշտօնական այցելութիւնը Երեւան նախապատմութիւն ունի: Երկու տարի առաջ ճիշդ է, որ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնութիւն կայացաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ, սակայն անկէ առաջ արձանագրուած իրադարձութիւնները որոշիչ էին այս մեկնարկին համար:
Մինչ այդ, Սէուտական Արաբիան չէր ճանչցած Հայաստանի Հանրապետութիւնը. որեւէ կապ չէր հաստատուած Ռիատի եւ Երեւանի միջեւ. եւ ասիկա ունէր իր քաղաքական բացատրութիւնները անշուշտ: Սէուտական Արաբիան բազմաթիւ ոլորտներու մէջ կը խորացնէր իր համագործակցութիւնը թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ազրպէյճանի հետ:
Պէտք էր սպասել մինչեւ 2023, որպէսզի կայանար դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման համաձայնութիւնը: Մինչ այդ արձանագրուեցան որոշ շարժառիթներ, որոնք նախանշեցին ոչ միայն դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը, այլ նաեւ սէուտական պատուիրակութեան պաշտօնական այցելութիւնը Երեւան: Փաստօրէն կ՛արձանագրուէր անցում յարաբերութիւններու խորհրդանշական բնոյթէն դէպի գործնական հարթութիւն:
Շուրջ եօթը տարի առաջ Լիբանանի մէջ գործող Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը յանկարծակի այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան եւ հանդիպում ունեցաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ: Մինչ այդ համայնքին կտրուածքով նաեւ չկային ուղղակի կապեր: Զուգահեռ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչները հանդիպումներ ունեցան սէուտցի դեսպանին հետ: Կաթողիկոսարան այցը յատկանշուեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու աճիւններէն հատուած մը ամփոփած մատուռ այցելութեամբ եւ ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին մատուցուած յարգանքի տուրքով: Այս մէկը արդէն կ՛ուղենշէր հետագայ ընթացքը:
Քաղաքական շարժառիթը այս բոլորին հետզհետէ մրցակցային բնոյթ ստացած Անգարա-Ռիատ յարաբերութիւններն էին: Առաջին անգամ ըլլալով Ռիատէն մեկնող համաարաբական նշանակութիւն ունեցող լրատուամիջոցներ եւ վերլուծական կեդրոններ կը սկսէին խօսիլ Օսմանեան կայսրութեան իրականացուցած ջարդերուն մասին: Ցեղասպանութիւն եզրը չէր օգտագործուեր, այդուհանդերձ սուր կերպով կը հակադրուէին իսլամական կրօնն ու օսմանցիներուն իրականացուցած վայրագութիւնները հայ ժողովուրդին նկատմամբ:
Սէուտական Արաբիոյ պետական սայլը սկսած էր շարժիլ նոր ուղղութեամբ: Կը հետեւէր այս բոլորին Երեւանի եւ ապա Ռիատի փոխշնորհաւորութիւնները միմեանց ազգային տօներուն առիթով: Կողմերը արդէն անցած էին նախաճանաչումի կամ յարաբերութիւններու հաստատման նախաբանային փուլին: Այս փուլին էր, որ Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան նախագահ Արմէն Սարգսեանը կ՛այցելէր Ռիատ` արհեստագիտութեան ոլորտի շուրջ խօսակցութիւններ ծաւալելու համար Սէուտական Արաբիոյ համապատասխան գերատեսչութիւններուն հետ:
Այս հոլովոյթի ներկայացման մէջ աւելորդ պիտի չըլլար յիշելը, որ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Ռիատ որոշեց արգիլել թրքական ապրանքներու մուտքը Սէուտական Արաբիա: Անգարայի նկատմամբ դիրքորոշումը կ՛արմատաւորուէր: Միայն մրցակցութեամբ կամ ազդեցութեան գօտիներու դասական պայքարներով չէր բացատրուեր այս ամբողջը: Սուրիական տարածքներու վրայ բազմաթիւ առիթներով Անգարան եւ Ռիատը միջնորդաւորուած ռազմական բախումներ կ՛ունենային տարբեր զինեալ խմբաւորումներու միջոցով:
Այս մրցապայքարն է, որ Միջին Արեւելքէն հիմա կը տեղափոխուի Հարաւային Կովկաս: Ռիատը Սիւնիքի ստանալիք կարգավիճակին մէջ Ծոցի արաբական հատուածէն դէպի պարսկական հատուած եւ ապա Հայաստանի վրայով դէպի Սեւ ծով տնտեսական նախագիծերու հեռանկարով կ՛առաջնորդուի: Եւ այս բոլորին մէջ ի հակակշիռ Թուրքիոյ կ՛առաջադրէ դառնալ կարեւոր գործօն:
Ռիատը տարածաշրջանային թափանցումներու գործողութիւնները անպայման կը համակարգէ Միացեալ Նահանգներու հետ: Տարածաշրջանային թափանցումի ուղղութեամբ առնուած այս քայլը` Ռիատի պաշտօնական պատուիրակութեան այցելութիւնը Երեւան, կարելի է ընկալել Սէուտական Արաբիոյ արտաքին քաղաքականութեան նոր ուղղութեան պարունակին մէջ:
«Ա.»


