Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գործընկեր Երկիրներուն Հետ Կապերու Ամրապնդման Նպատակով Նախագահ Սարգսեան Սկսած Է Խորհրդակցութիւններու Շարք Մը

February 22, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

15738_b

Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ սկսած է արտերկրի եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպաններու եւ առաքելութեան ղեկավարներու հետ խորհրդակցութիւններու շարք մը: Ի լրումն արտաքին քաղաքականութեան մարզին մէջ երկկողմանի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերու, խորհրդակցութիւններուն ընթացքին պիտի քննարկուին Հայաստանի տնտեսական շահերը յառաջ մղելու նոր կարելիութիւնները, դեսպանընկալ պետութիւններուն հետ տնտեսական կապերու հաստատման, նոր նախագիծերու, ներդրումներու եւ առեւտրական շրջանառութեան բազմացման կարելիութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթութեան, առողջապահութեան եւ մշակոյթի մարզերուն մէջ համագործակցութեան զարգացման հեռանկարները:

Նախագահին 19 փետրուարի խորհրդակցութիւնը նուիրուած էր Իրանի հետ Հայաստանի յարաբերութիւններու օրակարգային հարցերուն, ընթացիկ ծրագիրներուն, նոր նախաձեռնութիւններուն, ինչպէս նաեւ յստակ աշխատանքներու վերաբերեալ յանձնարարականներու կատարման ընթացքին, որոնց մասին զեկուցած է Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեան: Քննարկման մասնակցած են արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան, Հայաստանի եւ Իրանի միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի համանախագահ, ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան, տնտեսութեան նախարար Կարէն Ճշմարիտեան, փոխադրութեան եւ կապի նախարար Գագիկ Բեգլարեան, Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի պատասխանատու պաշտօնեաներ:

Այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ հանրապետութեան նախագահը ըսած է, որ նման հանդիպումներ պիտի ըլլան մնայուն` նպատակ ունենալով բարձրացնել դեսպաններուն հաշուետուողականութեան աստիճանը, անոնք նաեւ առիթ պիտի ըլլան քննարկելու դեսպաններուն կողմէ բարձրացուած հարցերը, խնդիրները, որոնք կը խոչընդոտեն Հայաստանի յարաբերութիւնները աւելի արդիւնաւէտ դարձնելուն:

Իրանի հետ յարաբերութիւններուն մասին խօսելով` նախագահ Սարգսեան դիտել տուած է, որ արդէն իսկ գործնական բազմաթիւ դրսեւորումներ կան այս կապին:  Հայաստան իր ոչ մեծ կարելիութիւններով արդէն իսկ յատկացուցած է հարիւրաւոր միլիոններ, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկայ 3-4 տարիներուն կառուցել Հիւսիս-հարաւ մայրուղին, միջոցներու ձեռնարկուած է գտնելու երկաթուղային հաղորդակցութիւն Իրանի հետ, ինչպէս նաեւ կարելիութիւններ կան Իրանի համար Հայաստանը տարանցիկ երկրի վերածելու, ինչ որ շատ լուրջ խթան է Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման համար:

Հանրապետութեան նախագահը յատուկ կերպով շեշտը դրած է ուժանիւթի մարզին մէջ Իրանի հետ գործակցութեան վրայ` հաստատելով, որ ասիկա թէեւ վաղուց ընթացք առած է, սակայն վերջին շրջանին շատ աւելի խոստմնալից հանգրուան մը թեւակոխած է: Անդրադարձ կատարուած է նաեւ Հայաստանի մէջ իրանական ներդրումներուն, գործարարներուն կողմէ նախաձեռնութիւններուն զարկ տալու անհրաժեշտութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն Իրան ապրանքներու անարգել մուտքին: «Ասիկա մեզի համար կրնայ շատ մեծ խթան ըլլալ, ոչ միայն Հայաստանի գործարարներուն», յայտնած է նախագահ Սարգսեան:

Դեսպան Արտաշէս Թումանեան իր խօսքին մէջ նշած է, որ դեսպանութիւնը իր բոլոր ջանքերը ներդրած է հայ-իրանական օրակարգային կարեւորագոյն խնդիրները յառաջ մղելու, լուծելու ուղղութեամբ:

Անդրադառնալով Իրանի հետ գործակցութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն` դեսպանը յատկապէս յիշած է երրորդ բարձրավոլթ գիծի կառուցումը, որ ներկայիս շինարարութեան ընթացքի մէջ է եւ 2018-ին պիտի աւարտի, անդրադարձած է նաեւ երթեւեկութեան միջանցքի խնդիրի լուծման:

 

Նախորդը

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Ընդունած Է Իրանի Նախագահի Խորհրդականը

Յաջորդը

Մէկ Շաբթուան Ընթացքին Հայ Դիրքապահներուն Ուղղութեամբ Արձակուած Է Շուրջ 6000 Կրակոց

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.