Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «Գլխաւոր Հարցը Սահմանադրութիւնը Կեանքի Կոչելն Է»

Փետրուար 19, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

armen_021816

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան 18  փետրուարին «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ երկու ուժերուն` ՀՅԴ-ի եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան մշակած փաստաթուղթը պիտի կոչուի «Քաղաքական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր»:

Ան դիտել տուած է, որ տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան տարանջատումը Դաշնակցութեան եւ Հանրապետականին միջեւ համագործակցութեան առաջին դրսեւորումն է` դիտել տալով, որ երկու նախարարութիւններու անջատումէն ետք տարածքային կառավարման նախարար պիտի նշանակուի Դաւիթ Լոքեանը:

«Այդ հարցերը նոյնպէս քննարկուած են այս ընթացքին, ասիկա նոյնպէս եղած է մեր բանակցութիւններու նիւթը: Այնպէս որ, ասոնք արդէն առաջին, այսպէս ասած` մեր համագործակցութեան արտայայտութիւններն են, եւ այդ խնդիրները նախապէս քննարկուած են», ըսած է Արմէն Ռուստամեան:

Պատասխանելով լրագրող  Ռուզաննա Ստեփանեանի այն հարցումին, թէ նշեալ նախարարութիւններուն անջատման առաջարկը Դաշնակցութի՞ւնը ներկայացուցած է` Ռուստամեան ըսած է. «Միասնաբար, կարելի է ըսել: Մենք հիմա այստեղ չենք ուզեր առանձնացնել յատկապէս մեր մօտեցումները: Մենք ատիկա ըրած ենք համախոհաբար, եւ ասիկա առաջին, այսպէս ասած, տակաւին չստորագրուած համաձայնագիրի դրսեւորումն է»:

Արմէն Ռուստամեան դիտել տուած է, որ Հանրապետականին հետ համագործակցութեան ծիրին մէջ տարածքային կառավարման նախարարութենէն բացի Դաշնակցութեան պիտի տրուին նաեւ երկու` կրթութեան եւ գիտութեան ու տնտեսութեան նախարարութիւնները: Ան հաստատած է, որ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար պիտի նշանակուի Լեւոն Մկրտչեան, տնտեսութեան նախարար` Արծուիկ Մինասեան: ՀՅԴ-ին պիտի տրուին նաեւ Արագածոտնի եւ Շիրակի մարզպետներուն պաշտօնները:

Տեղեկացնելով, որ Հանրապետականին եւ Դաշնակցութեան միջեւ ստորագրուելիք փաստաթուղթը պիտի կոչուի «Քաղաքական համագործակցութեան մասին համաձայնագիր»` Արմէն Ռուստամեան դիտել տուած է, որ հոն փոխզիջումային տարբերակով տեղ պիտի գտնեն այն բոլոր հարցերը, զորս երկու ուժերը կը նկատեն հրատապ, եւ որոնք պէտք է լուծուին միացեալ ջանքերով:

«Սկզբունքային համաձայնութիւնները ձեռք ձգուած են, հիմա իսկապէս աշխատանք կը տարուի քաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիրի բովանդակութեան վրայ: Ատիկա պիտի ըլլայ «Քաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիր»: Այդ համաձայնագիրը ժամկէտ պիտի չունենայ, որովհետեւ մենք արդէն յայտարարած ենք, որ սովորական, այսպէս` համախմբական (քոալիսիոն) կառավարութեան, ինչ որ դաշինքի մասին չէ խօսքը, այլ երկարատեւ հեռանկարային համագործակցութեան:

Գլխաւոր հարցը, վստահաբար, սահմանադրութիւնը կեանքի կոչելն է: Եւ այն քաղաքական օրակարգերը, որ մինչեւ հիմա հռչակուած են մեր կողմէ` Դաշնակցութեան, Հանրապետականի… եւ վերջին հայեցակարգային ելոյթը, որ ունեցաւ նախագահը, անոր մէջ, ըստ էութեան, արտացոլուած էին նաեւ մեր կարեւոր նկատած հիմնական հարցերը, պիտի ունենան գրեթէ բոլոր մարզերուն առնչուող հաստատումներ` մեր ներքին եւ արտաքին կեանքին առնչուող: Եւ այդ համագործակցութեան դաշտը պիտի ընդգրկէ ամբողջ այդ շրջանը:

Այս իմաստով, համաձայնագիրը հեռանկարային բնոյթ պիտի ունենայ, ապագային միտուած, եւ կը կարծեմ` հրապարակուելէ ետք բոլորին  համար յստակ կը դառնայ, որ խօսքը իսկապէս լուրջ քաղաքական-գաղափարական հիմքի վրայ ձեւաւորուող համագործակցութեան մասին է», նշած է Արմէն Ռուստամեան:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի լրագրողը հարցուցած է, որ յաճախ կ՛ուղղուի այն հարցումը, թէ ի՞նչ փոխուած է, որ Հանրապետականը պատրաստակամ է ընթանալու արմատական փոփոխութիւններու ուղիով: «Երկար տարիներ անոնք իշխանութեան ղեկին են եւ կրնային փորձել լուծել եղած խնդիրները», նշած է լրագրողը:

Արմէն Ռուստամեան հաստատած է, որ շատ բան փոխուած է, ներկայիս կայ սահմանադրական նոր կարգ եւ անկէ բխող նոր լուծումներու կարելիութիւն: «Այսինքն` յառաջացած են իրական նախադրեալներ: Այն հարցերը, որոնք կարեւոր նկատուած են եւ մինչեւ հիմա չեն լուծուած, զանոնք լուծելու իրաւական դաշտ յառաջացած է: Ասիկա մեզի կարելիութիւն կու տայ, որ այդ ամէնը կեանքի կոչուի արդէն յստակ  գործողութիւններու միջոցով: Այս բոլորին վրայ կարելի է գումարել  քաղաքական կամք եւ համապատասխան ներուժ»:

Ռուզաննա Ստեփանեան հարցուցած է, որ Դաշնակցութիւնը իսկապէս կը հաւատա՞յ, որ Հանրապետականը պատրաստակամ է առնելու այնպիսի քայլեր, որոնք պիտի ծառայեն նշեալ խնդիրներու լուծման եւ իսկապէս բան մը փոխելու. «Համաձայնագիրին իմաստը ճիշդ այդ է», պատասխանած է Ռուստամեան:

Լրագրողին յաջորդ հարցումը եղած է այն, որ ասիկա միայն թուղթի վրայ մնացող բան պիտի չըլլա՞յ արդեօք: «Չէ՛: Նախ, ամէն ինչ կը սկսի  բառերէն, ցանկութիւններէն: Մնացածը մեզմէ կախեալ է, որ մենք զանոնք իրականութիւն դարձնենք: Հիմա արդէն հանրութեան  հրապարակաւ արտայայտելով, պատրաստակամութիւն եւ յանձնառութիւն ստանձնելով, այդ բոլորը չընել, ատիկա անլուրջ պիտի ըլլայ որեւէ քաղաքական ուժի համար: Յատկապէս` Դաշնակցութեան, որ պատասխան կու տայ ոչ թէ 20-25 տարուան, այլ 125  տարուան համար: Եւ մենք գիտենք այդ պատասխանատուութեան գինը, նշանակութիւնը եւ խօսքի արժէքը»:

Փաստաթուղթին բովանդակութեան իրազեկ ըլլալու կարելիութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Արմէն Ռուստամեան ըսած է, որ օրերու հարց է, անիկա հաւանաբար յառաջիկայ շաբաթ հրապարակուի:

Նախորդը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Պատուիրակութիւնը Կ՛այցելէ Եւրոպական Միութեան Հայաստանեան Գրասենեակ

Յաջորդը

Պայէրն Միւնիխ Մտադիր Է 5 Տարիով Երկարաձգել Լեւանտովսքիի Պայմանագրութիւնը

RelatedPosts

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Բիւրոյի Յայտարարութիւնը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը
Հայկական

Եւրոպայի Ընկերվարականներու Կուսակցութիւնը Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղէ Ապահովելու Արցախահայութեան Վերադարձը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»
Հայկական

Մարակոս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Իր Գործիքները Ներդրելու «Թրամփի Ուղի» Նախագիծը Եւ «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» Նախաձեռնութիւնը Կեանքի Կոչելու Համար»

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?