Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Պարսամեան Լիբանանի Մէջ

February 22, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Barsoumian_021916

Դաւիթ Պարսամեան (ծնած` 1945-ին) ձայնասփիւռի ամերիկահայ հաղորդավար, գրող, հասարակական գործիչ եւ մտաւորական մըն է:

Պարսամեանի ծնողները Ցեղասպանութենէն վերապրողներ են: Անոնք իրարու ծանօթացած են Պէյրութի մէջ:

Պարսամեան ձայնասփիւռի հաղորդավարութեան ասպարէզը մուտք կը գործէ 1978-ին, երբ մաս կը կազմէ Քոլորատոյի մէջ նորաստեղծ  ձայնասփիւռի կայանի մը: Ապա, 1986-ին ան հիմնեց «Ալթըրնըթիվ Ռատիօ»-ն (alternativeradio.org), որ շաբաթական յայտագիր մըն է, որ կը սփռուի 175 ձայնասփիւռի կայաններէ` տարբեր երկիրներու մէջ:

Պարսամեան միջազգային համբաւ ստացած է իր լրագրական աշխատանքով: Ան զանազան հարցազրոյցներ վարած է համաշխարհային ճանաչում վայելող լեզուաբաններու, փիլիսոփաներու եւ քաղաքական գործիչներու հետ, ինչպէս` Նոամ Չոմսքի, Էտուարտ Սայիտ, Իքպալ Ահմատ, Հաուըրտ Զին, Ռոպըրթ ֆիսք եւ ուրիշներ:

Ան իր կարեւորագոյն հարցազրոյցները վերածած է գիրքերու, որոնք թարգմանուած են զանազան լեզուներու եւ հարիւր հազարաւոր օրինակներով ծախուած են աշխարհով մէկ:

Պարսամեան յաճախ եղած է արդարութեան եւ պոռթկումի ձայնը: Մերժած է ամէն տեսակի անարդարութիւն, բռնատիրութիւն եւ փտածութիւն: Ան հրապարակային կերպով պաշտպանած է Պաղեստինի եւ Քաշմիրի ժողովուրդներուն իրաւունքները, քննադատած է միջազգային ընկերութիւններու մենատիրութիւնը, հարցականի տակ առած է ամերիկեան կառավարութեան զինուորական միջամտութիւններն ու քաղաքականութիւնները, ինչպէս նաեւ դատապարտած է Թուրքիան եւ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը:

«Ալթըրնըթիվ Ռատիօ»-ն ու Դաւիթ Պարսամեանը նիւթական յատկացումներ չեն ստանար ամերիկեան կառավարութենէն կամ որեւէ այլ հաստատութենէ, մինչ այլ յայտագիրներ կը վայելեն դրամատիրական ընկերութիւններու եւ քաղաքական նպատակներ հետապնդող կառոյցներու ու կառավարութիւններու նիւթական, քաղաքական եւ ապահովական թիկունքը: Հոսկէ մեկնած, Պարսամեանի յայտագիրը կը ֆինանսաւորուի իր յայտագիրներու ձայնասկաւառակներուն եւ գիրքերուն վաճառումով, ինչպէս նաեւ ունկնդիրներու անհատական ներդրումներով միայն:

Դաւիթ Պարսամեան այս շաբաթ կը գտնուի Լիբանան, ուր տարբեր առիթներով կը խօսի լսարաններու եւ համալսարաններու մէջ:

Ուրբաթ, 19  փետրուար 2016-ին ան ելոյթ ունեցաւ «Էլ.Էյ.Եու.» համալսարանի Պէյրութի բաժանմունքին մէջ: Լսարանը կազմակերպուած էր համալսարանի հաղորդակցութեան արուեստի բաժանմունքի եւ հայկական ուսանողական ակումբի օժանդակութեամբ:

Դասախօսութիւնը լրատուամիջոցներով կատարուող քարոզչութեան մասին էր: Պարսամեանի կեդրոնացումը յատկապէս ամերիկեան եւ արեւմտեան լրատուական միջոցներուն վրայ էր, ինչպէս` «Սի.Էն.Էն.»-ի եւ այլ համբաւ ունեցող արեւմտեան ընկերութիւններու: Դասախօսը հակադրուելով ընդհանրապէս տիրապետող հանրային կարծիքին եւ յստակ փաստարկումներ բերելով` հաստատեց, որ այդ ընկերութիւններուն լրատուութիւնը աշխարհը կը դիտէ ամերիկեան-արեւմտեան դիտանկիւնէ: Իրենք իրենց լրատուութիւնը կը նկարագրեն իբրեւ չէզոք եւ առարկայական, մինչդեռ իրականութեան մէջ այդ լրատուութիւնը նրբօրէն, բայց բացայայտօրէն կողմնակալ է եւ ունի քաղաքական ուղղուածութիւն: Այդ լրատուութիւնը կը ծառայէ արեւմտեան պետութիւններու շահերուն: Ամերիկայի եւ արեւմտեան մեծ պետութիւններու կը վերապահուի իրաւունքը աշխարհի չորս կողմը միջամտելու, զինուորական ուժեր ղրկելու, պատերազմներ յարուցելու, անմեղ ժողովուրդը ռմբակոծելու, փոքր պետութիւններու տնտեսութիւնը քանդելու` ժողովրդավարութիւն եւ խաղաղութիւն հաստատելու պատրուակով եւ լոզունգներով: Իսկ երբ փոքր պետութիւններն ու անարդարութիւն կրող ժողովուրդները կը հակազդեն եւ կը պայքարին, այդ պայքարը կը կոչուի ահաբեկչութիւն, եւ այդ պետութիւնները կ՛ամբաստանուին շրջանային խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը վտանգելու յանցանքով:

Պարսամեան իր խօսքը ամբողջացնելէ ետք ներկաներուն հարցումներ հարցնելու առիթ ընծայեց եւ իր պատասխաններով առաւել եւս լուսաբանեց զանոնք` կատարուող քարոզչական խաղերուն մասին:

Կ՛արժէ նշել, որ Հայոց ցեղասպանութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` դասախօսը ըսաւ, որ Ցեղասպանութեան ժխտումի քաղաքականութիւնն ու արեւմտեան երկիրներու լռութիւնը անընդունելի են, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը համամարդկային դատ պէտք է նկատել ոչ միայն հայկական հարց մը:

Դասախօսութեան ներկայ էին Լիբանանեան- ամերիկեան համալսարանէն (Էլ.Էյ.Եու.) եւ այլ համալսարաններէ եկած հայ թէ օտար դասախօսներ եւ ուսանողներ:

Դաւիթ Պարսամեանի յաջորդ լսարանը կազմակերպուած է ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կողմէ եւ տեղի պիտի ունենայ երեքշաբթի, 23 փետրուար 2016- ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ: «Տը Թուայլայթ աֆ Քափիթալիզմ» խորագիրով լսարանը պիտի ըլլայ անգլերէնով եւ պիտի արծարծէ դրամատիրական համակարգին վերաբերող հարցեր:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»ի Փետրուար Գ. Փետրուարեան Ապստամբութեան Անշեղ Ուղին

Յաջորդը

Թրամփ Յաղթանակ Արձանագրեց Սաութ Քարոլայնայի Մէջ, Իսկ Քլինթըն` Նեւատայի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.