Թեհրանն ու Թիֆլիսը կը բանակցին Իրանի մէջ արդիւնահանուած շուրջ 200 միլիոն խորանարդ մեթր կազը Հայաստանի տարածքով Վրաստան արտածելու ծրագիրներուն շուրջ: Ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, 16 փետրուարին Վրաստանի փոխվարչապետ, ուժանիւթի նախարար Քախա Քալածէի եւ Իրանի քարիւղի արդիւնաբերութեան նախարար Պիժան Նամտար Զանկանէի միջեւ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններուն աւարտին այս մասին յայտարարած է անոնց մէկ այլ բարձրաստիճան մասնակիցը` Իրանի ազգային կազի ընկերութեան ղեկավար Ալիրեզա Քամելին:
Վրաստանի փոխվարչապետը յայտարարած է, որ վրացական կողմը մեծապէս հետաքրքրուած է իրանական կազով` դիտել տալով, որ անոր Վրաստան արտածումը պիտի սկսի 21 մարտին:
Իրանցի պաշտօնատարը դիտել տուած է, որ առաջին համաձայնագիրի գործողութեան ժամկէտը եօթը ամիս պիտի ըլլայ եւ անիկա հիմք պիտի հանդիսանայ հետագայ համագործակցութեան համար:
Քամելի շեշտած է, որ այս բոլորը ընելէ առաջ Վրաստան Հայաստանէն արտօնութիւն պէտք է առնէ հայկական տարածքով կազի տարանցման համար: Տակաւին յստակ չէ այն, որ թեքնիք իմաստով ինչպէ՛ս կարելի պիտի ըլլայ խողովակաշարերով Իրանէն Հայաստանի տարածքով դէպի Վրաստան կազի արտածումը:
Իրանի հետ կնքուելիք համաձայնագիրին մանրամասնութիւններուն մասին յստակ տեղեկութիւն չկայ Վրաստանի կողմէ: Վրաստանի ուժանիւթի նախարարը ներկայիս կը խօսի ելեկտրականութեան եղանակային մատակարարումներու կարելիութեան մասին, որոնց ընթացքին, ըստ Քալածէի, Հայաստան տարանցիկ դեր պիտի խաղայ: Ան նշած է, որ իր երկիրը գարնան ու ամրան ելեկտրականութեան եւ ջրային պաշարներու աւելցուք կ՛ունենայ, իսկ Իրան` մեծ պահանջ, ուստի կարելի է ելեկտրականութիւնը եւ ջրային պաշարները դէպի Իրան արտածել Հայաստանի վրայով: