Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» Հրատարակչատան 2015 Տարեշրջանի Հունձքի Ներկայացում
Չորեքշաբթի, 23 դեկտեմբեր 2015-ի, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-հաւաք մը` Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան 2015 տարեշրջանի հունձքի արժեւորման առիթով, ներկայութեամբ մտաւորականներու, գրողներու եւ ընթերցասէրներու խմբակի մը: Հանդիպումին բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան: Ան բարեմաղթութիւններով ողջունեց ներկաները Նոր տարուան սեմին եւ ըսաւ, որ հակառակ անցնող տարուան տնտեսական ու ապահովական...



















