Շաբաթ, 20 փետրուարին Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ ընդունած է Իրանի մշակոյթի եւ իսլամական կապերու կազմակերպութեան նախագահ, Իրանի նախագահի խորհրդական Ապուզար Իպրահիմի Թորքամանին:
Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի տեղեկատուական համակարգին հաղորդումով, վեհափառ հայրապետը կարեւոր նկատելով հայ-իրանական միջպետական յարաբերութիւնները, մասնաւորապէս նշած է. «Երկու բարեկամ ժողովուրդներու կեանքը յատկանշուած է բազմադարեան մշակութային սերտ կապերով»:
Վեհափառ հայրապետը, ի դէմս Թորքամանիի, շնորհակալութիւն յայտնած է Իրանի իշխանութիւններուն` «մեծապէս գնահատելով Իրանի մէջ հայկական հոգեւոր-մշակութային արժէքներու նկատմամբ դրսեւորուող հոգատար վերաբերմունքը»: