Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուստամեան. «Շատ Երկար Բանակցած Ենք, Որպէսզի Հիմնական Բոլոր Տարակարծութիւնները Կարենանք Հարթել»

Փետրուար 20, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Rusdamian_021916

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 19 փետրուարին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է այն հարցին, թէ արդեօք տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան անջատման գծով այսքան քննադատութիւն կ՛ակնկալէի՞ն:

«Բնական է, տեղի ունեցածը բանավէճ է, ամէն մարդ իր տեսակէտը ունի, հիմա ես չեմ ուզեր անոնց անդրադառնալ: Բայց, մէկ բան յստակ է, որ ասիկա մեր համագործակցութեան առաջին դրսեւորումն է` հեռանկարային համաձայնագիրի, որ պիտի ստորագրուի եկող շաբաթ», ըսած է ան:

Ռուստամեան յիշեցուցած է, որ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն չկար, անիկա ստեղծուած է Օրինաց երկիր կուսակցութեան նախարարին տրամադրելու համար: «Մարդիկ երբ այդ մասին յայտարարութիւններ կը կատարեն, պէտք է յիշեն նաեւ անցած ամբողջ պատմութիւնը: Յետոյ միացուեցաւ այդ նախարարութիւնը տարածքային կառավարման նախարարութեան, որ նոյնպէս քաղաքական ենթատող ունէր, եւ այդպիսի ամէն քայլ չի կրնար քաղաքականութենէ կտրուած ըլլալ», նշած է ան:

Արմէն Ռուստամեան աւելցուցած է, որ այն ժամանակ ձեռնպահ քուէարկած էր` նոյն տրամաբանութեամբ:

«Մենք կը կարծենք, որ արտակարգ իրավիճակներու հարցը ներքին գործոց նախարարութեան յարիր գործառոյթ է, եւ ապագային, ես վստահ եմ, որ կատարուին շատ աւելի լուրջ կառուցուածքային վերանայումներ, որպէսզի համապատասխանեցնենք սահմանադրութեան», ըսած է ան` վստահեցնելով, որ ապագային պիտի ունենան շատ աւելի արդիւնաւէտ բաշխման խնդիր:

Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ Դաշնակցութիւնը շատ լուրջ կերպով կը մօտենայ այս հարցին` հասկնալով, թէ ի՛նչ ծանր բեռի տակ կը մտնէ, եւ որեւէ բարեկրթութիւն, ոգեւորութիւն չկայ` ինչպէս կը թուի միւսներուն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ փոփոխութիւնները ե՞րբ պիտի զգայ ժողովուրդը` Արմէն Ռուստամեան ըսած է. «Աստուած տայ` շատ արագ կարելի է կատարել: Բայց մենք, բնականաբար, իրատես ենք եւ գիտենք, որ խնդիրները շատ են: Բնական է` մենք պէտք է փորձենք կարելիութեան սահմաններուն մէջ մեր ամբողջ եղած ներուժը  կուտակենք, որպէսզի կարենանք հարցերուն արագ լուծում տալ, բայց ժամկէտներ ես հիմա չեմ կրնար ըսել»:

Ան նշած է, որ այս համագործակցութիւնը կապուած չէ ընտրութիւններուն հետ, կայ գաղափարական-քաղաքական ընդհանրութիւն, որուն հիման վրայ կարելի է դիտել այս համագործակցութիւնը, որ հեռանկարային համագործակցութիւն է:

«Մենք շատ երկար բանակցած ենք, որպէսզի հիմնական բոլոր տարակարծութիւնները կարենանք հարթել», ըսած է Ռուստամեան:

Լրագրող մը հարցուցած է, որ անհանգստութեան զգացում չունի՞. Ռուստամեան պատասխանած է. «Անհանգստութեան զգացում բոլորս պէտք է ունենանք, որովհետեւ մեր երկրին մէջ ունինք այդքան խնդիրներ® Ինչպէ՞ս կրնաս հանգստութեան մէջ ըլլալ, ժողովուրդը` անհանգստութեան»:

Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ քաղաքականութենէն ոչինչ կարելի է անջատել եւ քաղաքականութիւնը պէտք է առաջնորդուի կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման, խնդիրները արդիւնաւէտօրէն լուծելու տրամաբանութեամբ: Ան ըսած է, որ միշտ կարելի է այլ լուծումներ գտնել, չենք ըսեր, որ ատիկա միակ լուծումը եղած է, սակայն ժամանակը ցոյց պիտի տայ արդիւնաւէտութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Մենք Դժուար Պահուն Բեռ Կը Վերցնենք» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

Յաջորդը

Խմբագրական. Ռազմական Եւ Քաղաքացիական Մտածողութիւններու Համատեղումով (Արցախեան Ազատամարտի 28-Ամեակ)

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?