
Դաշնակցութիւն-իշխանութիւն քաղաքական համագործակցութեան մասին համաձայնագիրով կ՛արծարծուին երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները: Քանի մը լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
«Համաձայնագիրին մէջ պիտի ամփոփուի նաեւ երկու ուժերու ներուժի օգտագործումով երկրին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման ճամբու քարտէսը: Ասիկա կը նշանակէ, որ խնդիրները ոչ թէ պիտի սահմանափակուին յառաջիկայ մէկ տարուան համար, այլ` աւելի երկարաժամկէտ առումով», նշեց ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւորը:
Tert.am-ի հարցումին, թէ ճիշդ ի՞նչ կէտեր ներառուած են յուշագիրին մէջ, արդեօք ճի՞շդ են լուրերը, թէ ընդգրկուած են նաեւ Քառեակի յայտնի 12 կէտերէն, Արծուիկ Մինասեան հրաժարեցաւ պատասխանելէ: «Եկէք քանի մը օր սպասենք, հրապարակուելէ ետք իւրաքանչիւր կէտի վերաբերեալ քննարկում կը կատարենք», նշեց ան:
Ինչ կը վերաբերի մամուլի այն հրապարակումներուն, թէ կէտերուն շուրջ անհամաձայնութիւն կայ, Արծուիկ Մինասեան հերքեց. «Այս պահուն անհամաձայնութիւն չկայ»:
Պատասխանելով Tert.am-ի հարցումին, թէ տնտեսութեան մարզին մէջ գործող քաղաքականութիւնը պիտի շարունակուի՞, թէ՞ նոր ծրագիր պիտի յառաջանայ, պատգամաւորը ըսաւ, թէ օրը կու գայ` բարին հետը:
«Ծրագիրներու հրապարակային ներկայացումներ պիտի ըլլան, որոնք անպայման կը բխին այսօրուան ծրագրային մօտեցումներէն, մեր համագործակցութեան փաստաթուղթէն, հանրապետութեան նախագահի 12 փետրուարի ելոյթէն: Երբ փաստաթուղթին ծանօթանաք, ձեր հարցումին պատասխանը կ՛ունենաք», ըսաւ ան:


