Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Երկխօսութեան Յաջորդ Նիստը` 9 Մարտին. Աղբերու Հարցին Լուծման Եւ Օրէնսդիր Ու Գործադիր Իշխանութիւններու Աշխատանքի Աշխուժացման Պահանջները Հիմնական Նիւթ` Երկխօսութեան Սեղանին

Փետրուար 18, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hiwar-2_021716

Ազգային երկխօսութեան 15-րդ նիստը գումարուեցաւ երէկ կէսօրին Այն Թինէի մէջ` ներկայութեամբ երկրի զանազան կողմերու ղեկավարներուն: Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն բացակայեցաւ նիստէն եւ զինք ներկայացուց արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ:

Նմանապէս, նախկին նախարար Ղազի Արիտի ներկայացուց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթը:

Խորհրդակցութեանց հիմնական մասը կեդրոնացաւ երկրի քաղաքական ու յատկապէս վարչամեքենայի գործունէութեան գրեթէ կազմալուծուած երեւոյթին վրայ:

Նմանապէս աղբակոյտերու հարցը իր վրայ կեդրոնացուց կեցուածքներուն «առիւծի բաժինը»:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շեշտեց գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութեանց գործունէութեան աշխուժացման հրամայական պահանջը` կոչ ուղղելով երեսփոխաններուն եւ նախարարներուն գործադրելու խորհրդարանէն թէ կառավարութենէն սպասուող յանձնառութիւնները:

Վարչապետ Թամմամ Սալամ ժողովականներուն զեկուցեց Միւնիխի մէջ սուրիացի գաղթականներուն յատկացուած համագումարին մասին:

Նմանապէս, նախարար Ժըպրան Պասիլ զեկուցեց սուրիացի գաղթականներու հարցին շուրջ իր ունեցած խորհրդակցութիւններուն շուրջ եւրոպական իր շրջապտոյտին ընթացքին: Պասիլ նշեց, որ պէտք է զանազանել ապահովական եւ տնտեսական պատճառներով գաղթողներուն միջեւ:

Միւս կողմէ, վարչապետ Թամմամ Սալամ 48 ժամ պայմանաժամ տուաւ Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդին, ռուսական արտաքին գործոց եւ կենսոլորտի նախարարութիւններէն եւ Մոսկուայի մէջ լիբանանեան դեսպանատունէն ստուգելու «Շինոք» ընկերութեան ներկայացուցած փաստաթուղթերուն օրինականութիւնը:

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ Սամի Ժեմայէլ զարմանք յայտնեց, որ կառավարութիւնը անճրկած է աղբերու հարցի լուծման գծով` ընդգծելով, որ Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդը իրաւասու մարմինը չէ այս հարցի լուծման համար: «Մենք սկզբունքով առարկեցինք եւ դէմ կեցանք աղբերու արտածման ընտրանքին, որովհետեւ չէինք գիտեր անոր ուղղութիւնն ու առնչակից մանրամասնութիւնները», ըսաւ Ժեմայէլ:

Քաղաքական ծիրին մէջ ժողովականները անհրաժեշտ նկատեցին քաղաքական ճիգերու աշխուժացումը` սահմանադրական հիմնական ժամկէտներու իրագործման համար:

Այս իմաստով, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, որ նախապէս յայտարարեց, թէ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Հարիրիի, ժողովի աւարտին ուղղուեցաւ Կեդրոնական Պէյրութի Հարիրիի բնակարանը եւ գլուխ գլխի հանդիպում ունեցաւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ, որմէ ետք եղաւ անոր ճաշի հիւրը: Այս առիթով Հարիրի վերահաստատեց իր առաջադրումը Ֆրենժիէի թեկնածութեան եւ ըսաւ. «Մենք յանձնառու ենք մեր կատարած առաջադրանքին եւ վերջակէտ»:

Իր կարգին, Ֆրենժիէ ըսաւ, թէ «ինչ որ կ՛ընենք, համախոհութեամբ կը ծրագրենք մեր դաշնակիցներուն հետ»:

Ան երկխօսութեան նիստէն իր մեկնումին դրական արտայայտուած էր` ըսելով, որ «մթնոլորտը դրական է»:

Նշենք, որ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ներկայացուց Սաատ Հարիրին երկխօսութեան երէկուան նիստին ընթացքին:

Երկխօսութեան յաջորդ նիստի թուական յայտարարուեցաւ յառաջիկայ 9 մարտը:

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը` ՄԱԿ-ի Պատուոյ Ցանկին Վրայ

Յաջորդը

Արզումանեան Փոխ Տրուեցաւ Ղազախական Շախտիորի

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին
Գլխաւոր լուրեր

Հարուածել Եկեղեցուն` Նշանակում Է Հարուածել Ազգային Նկարագրին

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?