Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերջին Հրաժեշտ` Վաստակաւոր Դերասան Եւ Բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանին

February 19, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Fazlian_021816

Երէկ` հինգշաբթի, 18 փետրուար 2016-ի յետմիջօրէի ժամը 1:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ լիբանանահայ վաստակաւոր թատերական գործիչ, դերասան, բեմադրիչ, ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբի հիմնադիր-բեմադրիչ Պերճ Ֆազլեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի ներկայացուցիչ Նորայր արք. Աշըքեանի, ներկայութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի ներկայացուցիչ Ղասսան Մուխայպերի, մշակոյթի նախարար Ռեմոն Արայժիի ներկայացուցիչ Միշել Մաայքիի, պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի,  հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, հայ եւ օտար դերասաններու, բեմադրիչներու, գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու:

Նորայր արք. Աշըքեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, թէ մեծ էր Պերճ Ֆազլեանի ներդրումը մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ ան հայութեան մէջ ընդհանրապէս եւ լիբանանահայութեան մէջ մասնաւորաբար քաջածանօթ, սիրուած եւ յարգուած, բարի եւ բարեսէր, ժրաջան եւ աշխատասէր, արուեստագէտ եւ արուեստասէր հայորդի մըն էր: Ան ծնած էր հայութեան ամէնէն դժուարին օրերուն, երբ ջարդերէն հազիւ 10 տարիներ անցած էին: Նորայր արք. Աշըքեան նկատել տուաւ, որ Ֆազլեան վստահաբար  իր կեանքին մէջ մեծ դժուարութիւններ ու տառապանքներ ունեցաւ, սակայն չյուսահատեցաւ, աշխատեցաւ, տագնապեցաւ, պայքարեցաւ դժուարութիւններուն դէմ:

Այնուհետեւ սրբազանը կարդաց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի դամբանականը, որուն մէջ առաջնորդ սրբազանը անդրադարձած էր Պերճ Ֆազլեանի կենսագրականին եւ գաղութին մէջ անոր ունեցած վաստակին:

Աւարտին, Նորայր արք. Աշըքեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ միաբանութեան անունով իր խորին վշտակցութիւնը յայտնեց հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն:

Յուղարկաւորութեան աւարտին հանգուցեալին մարմինը փոխադրուեցաւ Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Պահածոյ Ուտեստեղէնները (Տուփեղէն Եւ Սառած)» Նիւթով

Յաջորդը

Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ու Թեմակալ Առաջնորդներու Եւ Ազգային Իշխանութեանց Ներկայացուցիչներու Հանդիպում Անթիլիասի Մէջ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պատմութեան Անցնելու Համար
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պատմութեան Անցնելու Համար

January 20, 2026
Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր  Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան  Խորհուրդին Միանալու»
Գլխաւոր լուրեր

Փեսքով. «Փութին Միացեալ Նահանգներէն Հրաւէր Ստացած Է Կազայի Խաղաղութեան Խորհուրդին Միանալու»

January 20, 2026
Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը  «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք Շարհ-Ապտի Համաձայնութիւնը «Առանցքային Շրջադարձային Կէտ» Կը Նկատէ

January 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.