Գլխաւոր լուրեր

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

«Աստուծոյ Որդւոյն Ծնունդը Պատգամ Մըն Է` Ուղղուած Համայն Աշխարհին, Թէ Աստուծոյ Ճամբան Սիրոյ, Փոխադարձ Հասկացողութեան Ու Խաղաղ Գոյակցութեան Ճամբան Է» Պատգամեց Արամ Ա. Կաթողիկոս Չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարի զանգերու ղօղանջներուն ներքեւ հայրապետական թափօրը վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Մայր տաճար` Ս. եւ անմահ պատարագով տօնախմբելու մեր Տիրոջ եւ Փրկիչին Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնը: Ստուար...

«Հարաւային Ամերիկայի Մէջ  Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ալիք Մը Սկսած Է»  Կ՛ըսէ Մարիօ Նալպանտեան

«Հարաւային Ամերիկայի Մէջ Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ալիք Մը Սկսած Է» Կ՛ըսէ Մարիօ Նալպանտեան

Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը Արժանթինի  պետական քաղաքականութեան մաս է, ոչ թէ հատուածական պայքար: News.am-ի թղթակիցին հետ զրոյցի մը ընթացքին նման կարծիք յայտնեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի` ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Մերձսեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի փոխնախագահ Մարիօ Նալպանտեան, որ գործուն մասնակցութիւն կ՛ունենայ Հարաւային Ամերիկայի մէջ Հայ դատի գրասենեակի գործունէութեան: «Տարիներ շարունակ մենք պայքարած ենք, եւ այսօր կրնանք միանշանակ ըսել, որ Արժանթինի...

Լիբանանի Վարչապետ Թամմամ  Սալամ Անթիլիասի Մէջ

Լիբանանի Վարչապետ Թամմամ Սալամ Անթիլիասի Մէջ

Չորեքշաբթի, 6 յունուար 2016-ին կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Անթիլիասի մայրավանք այցելեց Լիբանանի վարչապետ Թամմամ Սալամ: Վարչապետը, Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին եկեղեցական արարողութեան աւարտին, անձամբ վեհափառ հայրապետին փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները: Այցելութիւնը առիթ մը հանդիսացաւ վարչապետին եւ վեհափառ հայրապետին միջեւ խորհրդակցական հանդիպման, որուն ընթացքին քննարկուեցան Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները, Լիբանանի ներկայ կացութիւնը եւ Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները: Անձնական այս խորհրդակցութեան աւարտին ուժանիւթի...

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ուղերձը` Ամանորի Առիթով

Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Քրիստոսի Խաղաղութիւնը Հոգու Խաղաղութիւն Է

Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ. ամէն: «Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկ. 2:14): Սիրելի՛ բարեպաշտ ժողովուրդ, Սուրբ Ծննդեան աւետիսն այսօր առաջնորդել է մեզ դէպի մեր եկեղեցիները, որպէսզի խնդութեամբ եւ հոգու երկիւղածութեամբ խոնարհուենք Մանուկ Յիսուսի` աշխարհի Փրկչի սնարի առջեւ: ԲեթղեհԷմի մսուրում ծնուեց Քրիստոս, եւ Փրկչի աշխարհ գալով սկսուեց ճանապարհը Աստուծոյ հետ հաշտութեան, մեղքի պատճառով...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը.  Բացուող Նոր Տարուան Դիմաց` Համահայկական Չորս Առաջնահերթութիւններ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Ս. Ծննդեան Հայրապետական Պատգամը. Քրիստոսի Ծնունդը` Վերածնունդը Մարդուն

Աստուծոյ Որդւոյն ծնունդը Բեթղեհէմի մէջ Յակոբոս առաքեալ կը բնորոշէ որպէս` վերածնունդը մարդուն. «Աստուած կամեցաւ մեզ վերստին ծնիլ» (Յկ. 1.18): Քրիստոնէական հաւատքին առանցքը կազմող առաքեալին այս վկայութեան լոյսին տակ, սիրելի՛ հայորդիներ, եկէք նայինք Աստուածաշունչին: Արդարեւ, Աստուծոյ կամքը սկիզբն է ու մղիչ ուժը Աստուծոյ յայտնութեան: Աստուած կամեցաւ տիեզերքը ստեղծել. եւ ստեղծեց: Աստուած կամեցաւ ստեղծել մարդը` իբրեւ տիեզերքի պահապան եւ իրեն գործակից. եւ...

Օրհնեալ Է Յայտնութիւնն Քրիստոսի

Օրհնեալ Է Յայտնութիւնն Քրիստոսի

Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով, կու գամ սրտագինս ողջունելու լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները եւ մաղթելու, որ Ս. Ծննդեան նորոգող եւ կենարար լոյսը բոլորին բերէ նոր, աւելի բարօր, աւելի ազնիւ եւ ներդաշնակ կեանքի մը փորձառութիւնը: Կ՛անդրադառնամ, որ յատկապէս միջինարեւելեան կեանքի անկայուն մեր պայմաններուն հետեւանքով, մեր ժողովուրդը 2015 տարին կը փակէ ծանրաբեռնուած աշխարհի հարցերով եւ առօրեայ կեանքի մտահոգութիւններով: Այլ սակայն, ահաւասիկ,...

Մեր Փրկութեան Իրական Տօնը

Մեր Փրկութեան Իրական Տօնը

«Վասնզի ձեզի այսօր Փրկիչ մը ծնաւ Դաւիթի քաղաքին մէջ, որ Օծեալ Տէր է»: (Ղուկ. 2.11) Տէր Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան տօնին մէջ Օծեալ Տէրն է, որ կը դիմաւորենք, Խաղաղութեան Իշխանը, Փրկիչը. կը տօնենք Աստուածայայտնութիւնը, Էմմանուէլը` Աստուծոյ մեզի հետ ըլլալը: Սակայն, մեր տօնակատարութիւնը իր իսկական իմաստէն պարպած կ՛ըլլանք, եթէ զայն բանտարկենք օրերու եւ ժամերու մէջ, կամ` մեր վիճակներուն եւ պայմաններուն մէջ:...

Սէյրան Օհանեան Այցելած Է Զոհուած  Զինուորներուն Ընտանիքներուն

Սէյրան Օհանեան Այցելած Է Զոհուած Զինուորներուն Ընտանիքներուն

  3 յունուարին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան այցելած է հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած Արմէն Յովհաննիսեանի, Ազատ Ասոյեանի, Արթուր Առաքելեանի եւ ծանրօրէն վիրաւորուած Սարգիս Ստեփանեանի ընտանիքներուն: Ըստ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուական բաժանմունքին, այս ընտանիքներուն մէջ կան նորածիններ կամ պիտի ծնին նոր երեխաներ: Ազատ Ասոյեանի նորածին եղբայրը` Նարեկը, ծնած է 7 յուլիս 2015-ին: Արթուր Առաքելեանի մայրը` Սաթենիկ Առաքելեանը եւս շուտով կը մայրանայ,...

Դաւիթ Բաբայեան. «Անցնող Տարուան Մեծագոյն  Բարդութիւնը Այն Էր, Որ Անդառնալի Կորուստներ Եղան»

Դաւիթ Բաբայեան. «Անցնող Տարուան Մեծագոյն Բարդութիւնը Այն Էր, Որ Անդառնալի Կորուստներ Եղան»

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է հայ իրականութեան մէջ 2015 թուականին արձանագրուած իրադարձութիւններուն` նշելով, որ անիկա բարդ տարի մը եղած է Արցախի համար: «Հայրենիքը պաշտպանելու ընթացքին զոհեր ունեցանք: Ատիկա  բոլորիս համար ողբերգութիւն էր, քանի որ իւրաքանչիւր զինուորի կորուստ մեզի համար անձնական կորուստ է: Տարին լարուած էր, քանի որ հակառակորդը կը գործածէր...

«Մովսէս Խորենացի»-ի Մետալ`  Կիրօ Մանոյեանին

«Մովսէս Խորենացի»-ի Մետալ` Կիրօ Մանոյեանին

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու կազմակերպման աշխատանքներուն ցուցաբերած գործուն աջակցութեան համար նախագահ Սերժ Սարգսեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանը պարգեւատրած է «Մովսէս Խորենացի»-ի մետալով:  

«Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկ Թիւի  Հրատարակութեան Նուիրուած Շնորհահանդէս-Հաւաք.  «Ազդակ»-ը Կամուրջ Եղած Է Սփիւռքի  Հայութեան Եւ Հայաստանի Հայութեան Միջեւ»  Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկ Թիւի Հրատարակութեան Նուիրուած Շնորհահանդէս-Հաւաք. «Ազդակ»-ը Կամուրջ Եղած Է Սփիւռքի Հայութեան Եւ Հայաստանի Հայութեան Միջեւ» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Կազմակերպութեամբ «Ազդակ»-ի տնօրէնութեան, երկուշաբթի, 4 յունուար 2016-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նոր տարուան բացառիկի շնորհահանդէս-ներկայացում, որուն ներկայ գտնուեցան «Ազդակ»-ի յօդուածագիրներ, աշխատակիցներ, մամլոյ ներկայացուցիչներ, բարերարներ, հիւրեր եւ օրաթերթին անձնակազմը: Արշօ Պալեան Ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց «Ազդակ-բացառիկ»-ի խմբագիր Արշօ Պալեան, որ նկատել տուաւ, թէ «Ազդակ»-ի հիմնական աւանդութիւններէն եղող բացառիկի հրատարակութեան զուգահեռ աւանդական դարձած են նաեւ նման հաւաքները, որոնք առիթ են...

Հայրենի Սիրուած Երգչուհի  Նունէ Եսայեան Այցելեց «Ազդակ»

Հայրենի Սիրուած Երգչուհի Նունէ Եսայեան Այցելեց «Ազդակ»

Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հրաւէրով Լիբանան եկած վաստակաւոր հայրենի երգչուհի Նունէ Եսայեան եւ անոր ընկերակցող երաժիշտները երէկ այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն, ուր անոնք հանդիպում մը ունեցան խմբագրական կազմի անդամներ Վահրամ Էմմիեանի եւ Արշօ Պալեանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին կատարուած զրոյցին ընդմէջէն Նունէ Եսայեան անդրադարձաւ լիբանանահայ գաղութին եւ իր վրայ անոր ձգած դրական տպաւորութեան: Ան նշեց, որ լիբանանահայութիւնը ջերմ գաղութ է եւ աշխարհի չորս...

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի  Ամանորի Շնորհաւորական Ուղերձը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ամանորի Շնորհաւորական Ուղերձը

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Մի քանի րոպէից մենք հրաժեշտ կը տանք 2015 թուականին: Անցնող ամբողջ տարին իսկապէս յագեցած էր իրադարձութիւններով ու տպաւորութիւններով: Մենք ոգեկոչեցինք Մեծ եղեռնի զոհերի յիշատակը: Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները համահայկական եւ համաշխարհային ընդգրկում ունեցան: Կարծում եմ, որ 2015 թուականը հայոց պատմութեան մէջ առաջին հերթին մնալու է մեր անմեղ զոհերի սրբադասման իրողութեամբ: Այս տարի մենք բոլորս համայն հայութեան միասնականութեան...

Նախագահ Սարգսեան Կաղանդին Այցելեց  Հիւսիսարեւելեան Սահմանի Պաշտպանական Տեղամաս

Նախագահ Սարգսեան Կաղանդին Այցելեց Հիւսիսարեւելեան Սահմանի Պաշտպանական Տեղամաս

Հայաստանի նախագահ, զինուած ուժերու գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սերժ Սարգսեան Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներուն առիթով, պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ 31 դեկտեմբեր 2015-ին այցելած է երկրի հիւսիսարեւելեան հատուածի սահմանագիծը պահող պաշտպանական տեղամասերէն մէկը: Նախագահը հանդիպած է զինուորական դիրքերու վրայ ծառայութիւն կատարող զինուորներուն եւ հրամանատարներուն հետ, շրջայց կատարած զինուորական յենակէտերը եւ ծանօթացած  ծառայութեան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ զինուորներուն կենցաղային պայմաններուն: Նախագահ Սերժ...

Թեհրանի Մէջ Սէուտական Դեսպանատունն  Ու Հիւպատոսարանը Հրկիզուեցան.  Շէյխ Նմըրը Մահապատիժի Ենթարկելու  Հետեւանքներուն Առնչութեամբ  Միջազգային Մտահոգութիւն

Թեհրանի Մէջ Սէուտական Դեսպանատունն Ու Հիւպատոսարանը Հրկիզուեցան. Շէյխ Նմըրը Մահապատիժի Ենթարկելու Հետեւանքներուն Առնչութեամբ Միջազգային Մտահոգութիւն

Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ առաւօտեան յայտարարեց, որ մահապատիժի ենթարկած է 47 անձեր, որոնց շարքին` շիի հոգեւորական շէյխ Նմըր Նմըրը: Իրան անմիջապէս հակազդեց` նշելով, որ Ռիատ շէյխ Նմըրի սպանութեան համար սուղ գին պիտի վճարէ: Սակայն սէուտական արդարադատութեան նախարարութիւնը պնդեց, որ շէյխ Նմըրի եւ մնացեալ 46 անձերուն դէմ արձակուած վճիռը առարկայական էր եւ հիմնուած շօշափելի փաստերու վրայ: Իրանեան բանակը երէկ...

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ուղերձը` Ամանորի Առիթով

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Ուղերձը` Ամանորի Առիթով

Սիրելի՛ բարեպաշտ ժողովուրդ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնից տարեմուտի սեմին բերում ենք ձեզ հայրապետական Մեր սէրն ու օրհնութիւնը: Գոհաբանական մաղթանքով, նոր յոյսերով ու ակնկալիքներով հրաժեշտ ենք տալիս 2015 թուականին: Անցնող տարին մեզ համար նուիրական եղաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումով: Հայրենի պետութեան, մեր եկեղեցու եւ ժողովրդի ջանքերով աշխարհի բոլոր կողմերում կազմակերպուեցին յիշատակի միջոցառումներ: Ծիծեռնակաբերդում հրապարակուեց մեր...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը.  Բացուող Նոր Տարուան Դիմաց` Համահայկական Չորս Առաջնահերթութիւններ

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայրապետական Պատգամը. Բացուող Նոր Տարուան Դիմաց` Համահայկական Չորս Առաջնահերթութիւններ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է Արամ Ա. կաթողիկոսի 2016 տարուան անդրանիկ պատգամին, տրուած` վեհարանի դահլիճին մէջ, Ամանորի պատարագէն ետք, 1 յունուար 2016-ին: Նոր տարին նկատուած է հաշուետուութեան ու միաժամանակ` մեր կեանքի յառաջիկայ հանգրուանը ծրագրելու եւ առաջնահերթութիւնները ճշդելու առիթ: Այսօր, երբ 2015 թուականը այլեւս կը դառնայ անցեալ եւ կը դիմաւորենք 2016 թուականը, անհրաժեշտ է, որ ճշդենք բացուող նոր տարուան ընթացքին մեր ազգի...

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Ընդհանուր Տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան Այցելեց «Ազդակ»

«Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»-ի Ընդհանուր Տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան Այցելեց «Ազդակ»

«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիքեան այցելեց Ազդակի խմբագրատուն եւ տեսակցութիւն ունեցաւ տնօրէնութեան հետ։ Հայաստանի հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս ամբողջ տարածաշրջանին մէջ հաղորդակցութեան ամենաառաջատար ընկերութեան գլխաւոր տնօրէն բարձր գնահատեց «Ազդակ»-ի դերը ընդհանրապէս հայկական տեղեկատուական դաշտին մէջ իրադարձութիւննները լուսաբանելու վերլուծելու առումով։ «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ը գլխաւոր հովանաւորն է «Ազդակ»-ի կայքին։

Խմբագրական.  Դէպի 90-Ամեակ

Խմբագրական. Դէպի 90-Ամեակ

Տարեփակի հաշուեկշիռային տեղեկագրումները առարկայականութեան պակասով յատկանշուած կ՛ըլլան, եթէ խօսին միայն իրականացած բաժիններուն մասին: Տարեփակի հերթական հանգրուանին «Ազդակ» պիտի ուզէր, որ իբրեւ մամուլ` եզակի չմնար հրապարակային հաշուետուութեան ընթացքին չիրականացուածներն ու բացթողումները ներկայացնողը, այլ այս սկզբունքը եղանակ ստեղծէր եւ ընդհանրանար: 2014-ի աւարտին եւ 2015-ի նախաշեմին մեր հրատարակած «Այն ինչ որ իրականացուցինք», «Այն ինչ որ չկրցանք իրականացնել» եւ «Այն ինչ որ պէտք է...

Page 724 of 795 1 … 723 724 725 … 795

Արխիւներ