Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն. «Պուրճ Համուտը Ամուր Է Իր Ժողովուրդով, Հայութեամբ» Հաստատեց Երեսփոխան Բագրատունի

Մարտ 7, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

401_030616

Անցնող շաբաթավերջին հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը: Արդարեւ, շաբաթ, 5 մարտի առաւօտեան ժամը 8:30-ին կատարուեցաւ ոչխարներու զենում: Երեկոյեան տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց մատաղի պատրաստութիւնը, որ տեւեց մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը:

Կիրակի, 6 մարտի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Արաքս թաղի կիսուն տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն` ի պատիւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի: Ապա, գլխաւորութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցի, ուր մատուցուեցաւ Ս. պատարագ: Իր քարոզին մէջ առաջնորդ սրբազանը անդրադարձաւ 4-րդ դարուն տեղի ունեցած 40 զինուորականներու նահատակութեան` շեշտելով, որ դարեր ետք  կը նշենք անոնց տօնը, որպէսզի մենք ալ մեր կեանքը ապրինք անոր մէջ եւ անկէ քաղենք հաւատքին համար սնունդ եւ մեր կեանքին համար` առաջնորդութիւն: Ան ըսաւ, որ քառասնից մանկանց կեանքը հաւատքի վկայութիւն էր, եւ յորդորեց հարազատօրէն ապրիլ մեր քրիստոնէական հաւատքը հայու շունչով, հայու վայել կեցուածքով` տեղի չտալով աշխարհէն եկող տեսակաւոր ճնշումներուն եւ դժուարութիւններուն: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը մաղթեց, որ հաւատքի յարատեւութիւնը ամրացնէ մեր ժողովուրդի գիտակցութիւնը, հաւատարիմ պահէ մեզ մեր հայրերու հաւատքին ու հայրենական աւանդութիւններուն նկատմամբ:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Այնուհետեւ Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Յակոբ եւ Սօսի Չիլինկիրեան» սրահին մէջ մատուցուեցաւ սիրոյ սեղան: Եկեղեցւոյ թաղականութեան անունով օրուան հանդիսավար Գէորգ Նալպանտեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք նիւթապէս թէ բարոյապէս սատարած են եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնակատարութիւնը յաջողցնելու գործին:

Գեղարուեստական յայտագիրով իրենց մասնակցութիւնը բերին եկեղեցւոյ դպրաց դասի անդամները, որոնք ներկայացուցին երգ, նուագ, ասմունք եւ պար:

Պետական երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խօսք առնելով հաստատեց, որ` «Պուրճ Համուտը այսօր Պուրճ Համուտ է շնորհիւ  այն մարդոց, որոնք իրենց ուսերուն վրայ քար կրեցին եկեղեցի, դպրոց, ակումբ կառուցելու եւ միութիւն հաստատելու համար»` աւելցնելով, որ այդ բոլորը պահպանուեցան մեր նահատակներուն շնորհիւ, որոնց արեան հետքերը տակաւին մեր եկեղեցիներու շեմին են եւ որոնց նկարները մեր ակումբներուն եւ դպրոցներուն պատերուն վրայ են: «Արեամբ Պուրճ Համուտը հայ պահած մեր տղաքը կ՛ըսեն, թէ դրամով Պուրճ Համուտը ուրիշին կը ծախէք», շեշտեց Յակոբ Բագրատունի` աւելցնելով, որ այս արարքին մէջ բոլորս յանցաւոր ենք, եւ պէտք է միասնաբար մէկ թիկունք եւ մէկ բռունցք ըլլալով վերահաստատել եւ վերահայացնել մեր ժողովուրդի պայքարին ամրոցը եղող Պուրճ Համուտը, այլապէս յառաջիկայ տարիներուն մատաղ առնող հաւատացեալներուն թիւը պիտի պակսի: Շարունակելով իր խօսքը` երեսփոխան Բագրատունի ըսաւ, որ օտարութիւնը այնքան արագ սկսած է մտնել մեր մէջ, որ ամէն բան սովորական դարձած է. ընդունիլ օտարը, մեր զաւակները օտար անունով մկրտել, օտար ամուսնութիւն կնքել, մեր բարոյական սրբութիւնները կորսնցնել: Ան ընդգծեց, որ Պուրճ Համուտը ամուր է իր ժողովուրդով, հայութեամբ` աւելցնելով, որ քանդուած եկեղեցիներն ու դպրոցները վերակառուցեցինք, եւ այժմ կարգը բոլորին է զանոնք ամուր պահելու: «Ձեր բոլորին վարձքը կատար: Մինչեւ հիմա ձեր ըրածներուն համար ձեր վարձքը կատար եւ ձեր ընելիքներուն համար յաջողութիւն», եզրափակեց Յակոբ Բագրատունի:

Այնուհետեւ Գէորգ Նալպանտեան Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ 85-ամեակին առիթով թաղականութեան կողմէ ձեռքի խաչ մը նուիրեց առաջնորդ սրբազանին:

Սիրոյ սեղանին եզրափակիչ խօսքը ուղղեց առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Ան մաղթեց, որ Աստուած Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ ընտանիքին եռանդը, հաւատքը եւ կամքը առատացնէ: Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին կողմէ 2016 տարին «Ծառայութեան տարի» հռչակուելուն, առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ մեր ծառայութիւնը նոր թափ պէտք է ստանայ, որովհետեւ կը գտնուինք բազում կարիքներու դիմաց եւ անոնք, որոնք կարողութիւններ ու շնորհքներ ունին, պէտք է զանոնք ընծայաբերեն մեր հաւաքական կեանքին մէջ:

403_030616

 

 

402_030616

 

Նախորդը

Թատերական Կեանքը Յուզող Նիւթերով Հանդիպումներու Շարքին Երկրորդը` Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» Մասնաճիւղի Կեդրոնին Մէջ

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի Մէջ Սուրիոյ Տագնապին Գծով Հանդիպում Ունեցաւ Մակ-Ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

RelatedPosts

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
Կալուզին. «Չի Բացառուիր, Որ Լեռնային Ղարաբաղէն  Հեռացածները Որոշ Փուլի Որոշեն Վերադառնալ.  Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Այս Մարդոց Համար  Պիտի Դառնայ Հանգստութեան Լրացուցիչ Գործօն»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Ռուսիա Պատրաստ Է Իր Ներդրումը Ունենալու Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Հարցին Մէջ»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?