Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Համաձայնութիւնը Յայտնեց Ընտրական Օրէնսգիրքի Նախագիծի Ծրարին

March 4, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Marzbed_030316

Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը իր նիստին ընթացքին համաձայնութիւն տուաւ Ընտրական օրէնսգիրքի նախագիծին:

Համաձայնութիւն տրուեցաւ նաեւ նոյն օրէնսդրական ծրարին մէջ ընդգրկուած շարք մը օրէնքներու եւ օրէնսգիրքերու, որոնց շարքին` Քրէական եւ Վարչական իրաւախախտումներու վերաբերեալ օրէնսգիրքերու, Սահմանադրական դատարանի մասին, պատկերասփիւռներու եւ ձայնասփիւռներու կայաններու մասին, Տեղական ինքնակառավարման մասին, Երեւանի մէջ տեղական ինքնակառավարման մասին, Կուսակցութիւններու մասին օրէնքներուն մէջ առաջարկուող փոփոխութիւններուն ու լրացումներուն:

Ծրարը ներկայացուց կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար Դաւիթ Յարութիւնեան:

Շիրակի Եւ Արագածոտնի
Մարզպետները Նշանակուեցան

Կառավարութեան նոյն նիստին ընթացքին տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան ներկայացուց որոշում` մարզպետներ նշանակելու մասին: Այսպիսով` ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան (2005-ի  փոփոխութիւններով) 88.1-ի յօդուածով եւ հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի` 6 մայիս 1997-ի ՆՀ-728 հրամանագիրի 1.7-րդ կէտը` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշեց` Գաբրիէլ Գոզալեանը նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան Արագածոտնի մարզպետ: Դաւիթ Լոքեան նշեց, որ Գաբրիէլ Գոզալեան փորձառու քաղաքական գործիչ է:

Յաջորդ հարցով` ղեկավարուելով Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան (2005-ի  փոփոխութիւններով) 88.1-ի յօդուածով եւ հիմք ընդունելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի` 6 մայիս 1997-ի ՆՀ-728 հրամանագիրի 1.7-րդ կէտը` Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը որոշեց Յովսէփ Սիմոնեանը նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան Շիրակի մարզպետ: Դաւիթ Լոքեան նշեց, որ Յովսէփ Սիմոնեան Շիրակի մարզպետարանին մէջ  երկարատեւ աշխատանքային փորձ ունի, քաջատեղեակ է մարզին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթներէն, նաեւ յոյս յայտնեց, որ միասնական ջանքերու գործադրումով Շիրակի մարզին մէջ յառաջընթաց կը նկատուի:

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան Գաբրիէլ Գոզալեանին եւ Յովսէփ Սիմոնեանին մաղթեց բեղմնաւոր աշխատանք:

 

Նախորդը

Նալբանդեան. «Թուրքիոյ Վարչապետը Բացայայտած Է Հայոց Ցեղասպանութեան Վերաբերեալ Իրենց Վարկածին Շինծու Ըլլալը»

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Սաատ Հարիրիի

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.