Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Ղեկավարութիւնը Եւ Ամենայն  Հայոց Վեհափառը Այցելեցին Եռաբլուր

Հայաստանի Ղեկավարութիւնը Եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառը Այցելեցին Եռաբլուր

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հետ եւ հանրապետութեան բարձրագոյն ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է Եռաբլուր պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած հայորդիներու յիշատակին: Այդ մասին հաղորդած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ  տեղեկատուութեան հետ կապերու վարչութիւնը:  

«Անսխալ Գրենք – 2015» Մրցումին Մասնակցած  38 Մրցանակակիրներ Պարգեւատրուեցան

«Անսխալ Գրենք – 2015» Մրցումին Մասնակցած 38 Մրցանակակիրներ Պարգեւատրուեցան

Երէկ` չորեքշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահը հաւաքուած էին «Ազդակ»-ի «Պզտիկ Մզտիկ մանկապատանեկան յաւելուածի «Անսխալ գրենք» մրցումին մրցանակակիր աշակերտները` իրենց ծնողներուն հետ: Բարի գալուստի խօսքով «Պզտիկ-Մզտիկ» յաւելուածի խմբագրակազմի անդամ Սրբուկ Ճենանեան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւններուն, ուսուցչական կազմերուն եւ ի մասնաւորի հայոց լեզուի դասատուներուն, որոնց ջանքերով ու քաջալերանքով ոչ միայն նմանօրինակ ձեռնարկներ յաջողութիւն կ՛արձանագրեն, այլեւ...

Գամիշլիի Մէջ Երկու Զօրաւոր  Պայթումներ Տեղի Ունեցան

Գամիշլիի Մէջ Երկու Զօրաւոր Պայթումներ Տեղի Ունեցան

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ չորեքշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան թերթի Գամիշլիի թղթակից Յակոբ սրկ. Պարսումեան տեղեկացուցած է, որ Գամիշլիի քրիստոնէաբնակ թաղամասերէն մէկուն մէջ, «Մայամի» ճաշարանին մօտ ռումբերու երկու զօրաւոր պայթումներ ցնցեցին ամբողջ քաղաքը: Արձանագրուեցան բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ: Վիրաւորները անմիջապէս տեղափոխուեցան հիւանդանոց, բանակն ու շտապ օգնութիւնը փութացին օգնութեան: Աւելի ուշ, սուրիական բանակի զինուորները ականազերծեցին երրորդ ականուած պայուսակ մը, որ տեղաւորուած...

Վաստակաշատ Բեմադրիչ Վարուժան  Խտըշեանի Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ

Վաստակաշատ Բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի Մարմինը Հողին Յանձնուեցաւ

Երէկ` չորեքշաբթի, 30 դեկտեմբեր 2015-ի յետմիջօրէի ժամը 2:00-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ կատարուեցաւ բազմավաստակ դերասան եւ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը` նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց  թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, ներկայութեամբ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն, հայ եւ օտար դերասաններու, բեմադրիչներու, գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու: Առաջնորդ սրբազանը իր խօսքին մէջ մանրամասնօրէն անդրադարձաւ Խտըշեանի կենսագրականին եւ գործունէութեան` վեր առնելով...

Նախագահ Սարգսեան Հաստատեց  Ռազմարդիւնաբերական Յանձնախումբի  Կանոնադրութիւնը Եւ Կազմը

Նախագահ Սարգսեան Հաստատեց Ռազմարդիւնաբերական Յանձնախումբի Կանոնադրութիւնը Եւ Կազմը

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրամանագիր մը ստորագրած է Հայաստանի Հանրապետութեան ռազմարդիւնաբերական յանձնախումբի  կանոնադրութիւնը եւ կազմը հաստատելու մասին: Հրամանագիրի բնագիրը հրապարակուած է նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ: Ռազմարդիւնաբերական յանձնախումբի նախագահն է վարչապետը, փոխնախագահը` պաշտպանութեան նախարարը, յանձնախումբին մէջ  ընդգրկուած են արտաքին գործոց, տնտեսութեան, ելեւմուտքի, կրթութեան եւ գիտութեան, տարածքային կառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարարները, կառավարութեան առընթեր Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնը, ոստիկանութեան պետը,...

Նախարար Նալբանդեան  Այցելած Է Սահմանագիծ

Նախարար Նալբանդեան Այցելած Է Սահմանագիծ

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 29 դեկտեմբերին այցելած է Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանագիծին վրայ հերթապահութիւն կատարող Հայաստանի զինուած ուժերու յառաջապահ դիրքեր: Այցելութեան ընթացքին նախարար Նալբանդեան ծանօթացած է առաջնագիծին վրայ զինուորներուն ծառայութեան ընթացքին եւ պայմաններուն: Զինուորական ծառայողներուն հետ ունեցած երկար զրոյցին ընթացքին Էդուարդ Նալբանդեան խօսած է ղարաբաղեան տագնապի լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի կողմէ գործադրուող ջանքերուն, այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն...

Սէյրան Օհանեան Մասնակցած Է  Ռազմական Կառոյցներու Բացման

Սէյրան Օհանեան Մասնակցած Է Ռազմական Կառոյցներու Բացման

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 29 դեկտեմբերին ներկայ գտնուած է Հայաստանի զինուած ուժերու ռազմական օդանաւորդութեան զօրամասերէն մէկուն մէջ օդաչուներու եւ թեքնիք անձնակազմին համար նախատեսուած նորակառոյց ճաշարանի հանդիսաւոր բացման: Պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչներուն ընկերակցութեամբ նախարար Օհանեան ծանօթացած է կառոյցի թեքնիք յագեցուածութեան եւ պայմաններուն: Ան նշած է, որ հանրապետութեան եւ զինուած ուժերու ղեկավարութիւնը միշտ յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ...

Քաղաքական Տարբեր Ուժեր Կը Շարունակեն Ընդգծել  Նախագահական Ընտրութեան Առաջնահերթութիւնը,  Իսկ Հըզպալլա Կը Հաստատէ Զօր. Աունի  Թեկնածութեան Իր Կառչածութիւնը

Քաղաքական Տարբեր Ուժեր Կը Շարունակեն Ընդգծել Նախագահական Ընտրութեան Առաջնահերթութիւնը, Իսկ Հըզպալլա Կը Հաստատէ Զօր. Աունի Թեկնածութեան Իր Կառչածութիւնը

Նախագահական ընտրութեան առաջնահերթութիւնը կը շարունակուի անխտիր շեշտուիլ քաղաքական տարբեր ուժերուն կողմէ, սակայն այդ իմաստով գործնական ամէն ջանք եւ ճիգ սառեցուած է, ինչպէս որ սառած է քաղաքական այլ մարզերու գործունէութիւնը` նկատի ունենալով տօնական օրերն ու արձակուրդի մթնոլորտը: Հաւանաբար նաեւ այսօր երեկոյեան Լիբանան հասնող «Վլատիմիր» ցուրտի ալիքը սառեցնէ նաեւ բնութիւնը` առատ ձիւն բերելով Լիբանանի բարձունքներուն, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքին, ըստ օդերեւութաբանական տուեալներուն: Սակայն...

Երէցները Պատուելու Եւ Զանոնք Ուշադրութեան  Արժանացնելու Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան  Ողջունելի Նախաձեռնութիւնը

Երէցները Պատուելու Եւ Զանոնք Ուշադրութեան Արժանացնելու Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Ողջունելի Նախաձեռնութիւնը

Տօնական օրերուն ընթացքին երէցն ու մանուկը, ուշադրութեան ու գուրգուրանքի արժանին յիշելն ու անոր նկատմամբ մարդկային պարտականութիւնը կատարելը անգին նուէրի մը համազօր կրնան ըլլալ ոեւէ անձի համար: Այս հաւատքով ու համոզումով է, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւնը աւանդութիւն դարձուցած է Նոր տարուան առիթով կազմակերպել ամանորեան հանդիսութիւններ` մանուկներու, աշակերտներու եւ երէցներու յատուկ: Երեքշաբթի, 29 դեկտեմբերին  ի պատուի էին ալեհեր ու օրհնաբեր ծերունիներ, որոնք...

Հրանդ Մարգարեան. «Դժուար Է  Վահանի Մասին Խօսիլ Անցեալով»

Հրանդ Մարգարեան. «Դժուար Է Վահանի Մասին Խօսիլ Անցեալով»

Տարի մը առաջ` 28 դեկտեմբերին, մահացաւ դաշնակցական քաղաքական գործիչ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան: 28 դեկտեմբեր 2015-ին Երեւանի քաղաքային պանթէոնին մէջ, ուր ամփոփուած է մեծանուն գործիչին աճիւնը, ընկերները, հարազատները եւ մտերիմները յարգանքի տուրք մատուցեցին անոր անմեռ յիշատակին: Դաշնակցական գործիչը ճանչցողները միաբերան ընդգծեցին, որ Վահան Յովհաննիսեան օժտուած էր մարդկային վեհ յատկանիշներով, սրամտութեամբ, սուր ու ճկուն միտքով: «Կան մարդիկ, որոնք ֆիզիքապէս հեռու...

Պարգեւատրման Հանդիսաւոր Արարողութիւն`  Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Նստավայրին Մէջ

Պարգեւատրման Հանդիսաւոր Արարողութիւն` Արցախի Հանրապետութեան Նախագահի Նստավայրին Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ 28  դեկտեմբերին տեղի ունեցաւ Հանրապետութեան կենսագործունէութեան տարբեր մարզերուն մէջ ակնառու յաջողութիւններ արձանագրած անձնաւորութիւններու, պաշտպանութեան բանակի խումբ մը  զինուորական ծառայողներու եւ ազատամարտիկներու պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն: 2015-ին մարմնակրթութեան մարզին մէջ  բարձր արդիւնքներ արձանագրած արցախցի մարզիկները արժանացան նիւթական խրախուսումի: Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կատարած կարեւոր բարեսիրութեան համար պարգեւատրուեցան «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի պատուոյ նախագահ, բարերար Գաբրիէլ...

Լիբանանահայ Գաղութը Կորսնցուց  Վաստակաշատ Դերասան  Եւ Բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը

Լիբանանահայ Գաղութը Կորսնցուց Վաստակաշատ Դերասան Եւ Բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը

Երէկ լիբանանահայ գաղութը կորսնցուց հայ ժողովուրդի արժանաւոր զաւակներէն, բազմավաստակ դերասան եւ բեմադրիչ Վարուժան Խտըշեանը, որ տասնամեակներ շարունակ իր անջնջելի դրոշմը դրաւ լիբանանահայ թատերական կեանքին վրայ: Վարուժան Խտըշեան ծնած է 1937-ին, Ալէյ, Լիբանան: 16 տարեկանին սկսած է թատերական առաջին քայլերը Ժորժ Սարգիսեանի հետ: 1960-ին մեկնած է Լոնտոն, ուր հետեւած եւ աւարտած է Լոնտոնի «Վէպըր Տուկլաս աքատեմի աֆ տրամաթիք արթ» հիմնարկը: 1965-ին...

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ   Ս. Ծննդեան Հոգեւոր Համերգի Առիթով`  «Մենք Պէտք Ունինք Մարդուժի,  Ամէնուրեք Պէտք Ունինք  Ուսուցիչներու Եւ Մտաւորականներու»  Ընդգծեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը

Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ս. Ծննդեան Հոգեւոր Համերգի Առիթով` «Մենք Պէտք Ունինք Մարդուժի, Ամէնուրեք Պէտք Ունինք Ուսուցիչներու Եւ Մտաւորականներու» Ընդգծեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը

Ամանորի տօնական օրերու ձեռնարկներու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 28 դեկտեմբեր 2015-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Ծննդեան համերգ մը տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ` բարձր հովանաւորութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ կազմակերպութեամբ դպրեվանքի տեսչութեան: Հոգեւոր հայրերու եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Տէրունական աղօթքին երգեցողութեամբ, որմէ ետք Թորգոմ վրդ. Տօնոյեան ողջունեց ներկաները` յայտնելով,...

Ակնարկ.  Որոշ Եւ Անորոշ Հասցէներ

Ակնարկ. Որոշ Եւ Անորոշ Հասցէներ

Թուրքիոյ նախագահին կոչը ուղղուած Միջին Արեւելքի երկիրներուն հասցէական է առաջին հայեացքով` տրուած ըլլալով, որ Էրտողանը կը նշէ այն երկիրները, ուր դէպքեր կը պատահին: Բայց հասցէական չէ կոչին պարունակած ամբաստանութեան բաժինը, որ պէտք է փորձել հասցէականացնել, մեկնաբանութեան կարգով: Ուրեմն. Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կոչ ուղղած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ  ապրող մահմետականներուն միաւորուելու ընդդէմ զիրենք բաժնել ուզողներուն: Էրտողան նշած է, որ...

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը`  Ընկերվարական Երիտասարդներու  Միջազգային Միութեան Սեմինարին

ՀՅԴ Երիտասարդականի Մասնակցութիւնը` Ընկերվարական Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան Սեմինարին

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 17-էն 20 դեկտեմբեր 2015-ին, Սթոքհոլմի (Շուէտ) մէջ տեղի ունեցաւ Ընկերվարական երիտասարդներու միջազգային միութեան ընդհանուր սեմինարը` նուիրուած գաղթականներու տագնապին: Սեմինարին կը մասնակցէին մօտաւորապէս 70 հոգի տարբեր երկիրներէ: ՀՅԴ Երիտասարդականը սեմինարին կը մասնակցէր մէկ ներկայացուցիչով` Կարապետ Շատոյեան: Հրաւիրուած էին Եւրոպայի ընկերվարականներու կուսակցութեան եւ Շուէտի Ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ եւ մասնագէտներ, որոնք իրենց դասախօսութիւններուն մէջ անդրադարձան Եւրոպական...

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէ.  ՀՅԴ Բիւրոյին Նախկին Ներկայացուցիչ  Բենօ Թոնդեանի Անուան Սրահի Բացման Հանդիսութիւն

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէ. ՀՅԴ Բիւրոյին Նախկին Ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանի Անուան Սրահի Բացման Հանդիսութիւն

ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» կոմիտէին կազմակերպութեամբ, երէկ` կիրակի, 27 դեկտեմբեր 2015, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ Բենօ Թոնդեանի անուան սրահի բացման հանդիսութիւնը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սագօ Գասապեան: Ան յայտնեց, թէ տարի մը առաջ տրուած որոշումով ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» կոմիտէն ուզած է անմահացնել Բենօ Թոնդեանի յիշատակը եւ որոշած է ընկերոջ կուսակցական գործունէութիւնը ցոլացնող պատկեր...

Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Տօնին Առիթով.  Լիբանանի Հայոց Թեմի 9 Կիսասարկաւագներ  Ստացան Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն

Ս. Ստեփանոս Նախավկայի Տօնին Առիթով. Լիբանանի Հայոց Թեմի 9 Կիսասարկաւագներ Ստացան Սարկաւագական Ձեռնադրութիւն

Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ սարկաւագներու զոյգ տօներուն առիթով, ուրբաթ, 25 դեկտեմբեր 2015-ին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ ու կատարուեցաւ սարկաւագաց ձեռնադրութիւն: Պատարագը մատուցեց Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեան: Արարողութեան նախագահեց եւ ձեռնադրութիւնը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Արդարեւ, Լիբանանի հայոց թեմի 5 եկեղեցիներէ 9...

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն.  Դեսպան Քոչարեան Փոխանցել Է Հայաստանի  Հանրապետութեան Նախագահի Շնորհաւորանքներն  Ու Նուիրատուութիւնը  Լիբանանահայ Հաստատութիւններին

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն. Դեսպան Քոչարեան Փոխանցել Է Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահի Շնորհաւորանքներն Ու Նուիրատուութիւնը Լիբանանահայ Հաստատութիւններին

ԴԵկտեմբերի 24-ին Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութիւնում կազմակերպուեց հանդիսաւոր հանդիպում հայկական «Ազդակ», «Զարթօնք» եւ «Արարատ» օրաթերթերի, ինչպէս նաեւ Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն» հաստատութեան եւ հայ համայնքի ընկերային ծառայողների միութեան մտաւոր խնդիրներ ունեցող հայ մանուկների «Զուարթնոց» կեդրոնի ղեկավարների հետ: Լիբանանում Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աշոտ Քոչարեանը ներկաներին փոխանցեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի շնորհաւորական նամակները, ինչպէս նաեւ դրամական նուիրատուութիւնն Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօների...

Նախագահ Սարգսեան. «Անհրաժեշտ Է  Աւելի Բարձր, Երկարաժամկէտ Ու Կայուն Աճ»

Նախագահ Սարգսեան. «Անհրաժեշտ Է Աւելի Բարձր, Երկարաժամկէտ Ու Կայուն Աճ»

«Մեր բացարձակ թիւերը բարձր չեն, ուստի ներկայ ցուցանիշներով մենք զմեզ բաւարարուած չենք կրնար նկատել: Հայաստանին անհրաժեշտ է աւելի բարձր, երկարաժամկէտ ու կայուն աճ, որ արտաքին բացասական ազդակներէն խոցելի չըլլայ», յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան գործարարներու ամանորեան ընդունելութեան ընթացքին: «2015-ին տնտեսական զարգացումներու 11 ամսուան փաստացի ցուցանիշները կը յուշեն, որ ներդրուած ջանքերուն շնորհիւ յաջողած ենք  մեր երկրի տնտեսական միջավայրը, մեր կարելիութեան սահմաններուն...

Նախարար Օհանեան Կարեւոր Նկատած Է  Ռուսական Զէնքի Մատակարարումը Հայաստանին

Նախարար Օհանեան Կարեւոր Նկատած Է Ռուսական Զէնքի Մատակարարումը Հայաստանին

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան Ռուսիոյ իր պաշտօնակից Սերկէյ Շոյկուի հետ 23 դեկտեմբերին Մոսկուայի մէջ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարած է, որ ռուսական զէնքի մատակարարումները շատ կարեւոր են Հայաստանի համար: Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Շնորհակալ եմ ձեզմէ այն հսկայական օգնութեան համար, որ ցուցաբերած էք զինուորական-արհեստագիտական համագործակցութեան, զինուորական նշանակութեան շարք մը  արտադրանքներու մատակարարման գծով: Անոնք մեզի համար շատ...

Page 725 of 795 1 … 724 725 726 … 795

Արխիւներ