Գլխաւոր լուրեր

Մամլոյ 111-րդ Լսարան.  «Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւնները.  Մարտահրաւէրները Եւ Հեռանկարները» Նիւթով  Զեկուցեց Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան

Մամլոյ 111-րդ Լսարան. «Թուրքիոյ Փոքրամասնութիւնները. Մարտահրաւէրները Եւ Հեռանկարները» Նիւթով Զեկուցեց Դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններուն ծիրին մէջ, «Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները. մարտահրաւէրները եւ հեռանկարները» նիւթով մամլոյ 111-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երէկ` չորեքշաբթի, 13 յունուար 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ: Զեկուցաբերն էր ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան, իսկ զրուցավարը` «Ազդակ»-ի միջազգային քաղաքական լուրերու խմբագիր Վահրամ Էմմիեան: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վահրամ Էմմիեան: Ան ըսաւ, որ ներկայ...

«Ընդդէմ Հակահայկական Զեկուցումներու  Ստորագրահաւաքին Պիտի Միանան Հայաստանէն»  Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

«Ընդդէմ Հակահայկական Զեկուցումներու Ստորագրահաւաքին Պիտի Միանան Հայաստանէն» Կ՛ըսէ Կիրօ Մանոյեան

26 յունուարին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ նախատեսուած երկու հակահայկական զեկուցումները` կը խանգարեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ Հայաստան-Ազրպէյճան բանակցութիւնները: Այս կարծիքը յայտնած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրիոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: «Նման զեկուցումներ կը հարուածեն նախ եւ առաջ բանակցութիւնները, նման որոշումներ եթէ շատ ըլլան, մեր վիճակը վտանգաւոր կը դառնայ: Ընդհանուր տրամադրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հարցին...

Ժողովրդային Ու Երիտասարդական  Խուռներամ Ներկայութեամբ Աթէնքի Մէջ  Նշուեցաւ ՀՅԴ 125-Ամեակը

Ժողովրդային Ու Երիտասարդական Խուռներամ Ներկայութեամբ Աթէնքի Մէջ Նշուեցաւ ՀՅԴ 125-Ամեակը

Բենիամին Պչաքճեան Սիմոն Վրացեանի «Մեր ազգի խիղճը Դաշնակցութիւնն է» խօսքին ներշնչումով, ուր խտացուած է հայութեան ու հայրենիքին ծառայելու     ՀՅԴ-ի անկոտրում հաւատքը, յունահայութիւնը նոր սերունդի աշխուժ մասնակցութեամբ եւ ժողովրդային խուռներամ ներկայութեամբ պանծացուց ՀՅԴ 125-ամեակին նուիրուած հանդիսաւոր երեկոն` զայն վերածելով հայրենասիրական ոգիի արտայայտման իւրօրինակ տօնի: «125 տարի` յանուն ժողովուրդի, յանուն հայրենիքի» նշանաբանով շաբաթ, 9 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի...

Ռուսիոյ Պատրիարքին Յայտարարութիւնը  Բուռն Քննադատութեան Արժանացաւ

Ռուսիոյ Պատրիարքին Յայտարարութիւնը Բուռն Քննադատութեան Արժանացաւ

Քիրիլ պատրիարքը Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլ 7 յունուարին Ս.Ծնունդի տօնին առիթով ռուս հաղորդավար Տմիթրի Քիսելիովի հետ ունեցած է հարցազրոյց մը, որ հեռարձակուած է «Ռոսիա 1» պատկերասփիւռի կայանէն: Ան հարցազրոյցի մէջ անդրադարձած է Միջին Արեւելքի մէջ  ստեղծուած կացութեան եւ օրինակ բերելով Օսմանեան կայսրութիւնը նշած է. «Առնենք օրինակ, Օսմանեան կայսրութիւնը. այո՛, այնտեղ եղած են քրիստոնէական փոքրամասնութիւններ, սակայն ոչ ոք զանոնք ոչնչացուցած է, որովհետեւ...

Պոլսոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Զոհերուն Եւ Վիրաւորներուն Մեծամասնութիւնը`  Գերմանացի Զբօսաշրջիկներ

Պոլսոյ Մէջ Անձնասպանական Գործողութիւն Զոհերուն Եւ Վիրաւորներուն Մեծամասնութիւնը` Գերմանացի Զբօսաշրջիկներ

Պոլսոյ Սուլթանահմեթ շրջանին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ անձնասպանական գործողութիւն մը, որուն պատճառով արձանագրուեցան 10 զոհեր, որոնց մեծամասնութիւնը` գերմանացի զբօսաշրջիկներ, ինչպէս նաեւ 15 վիրաւորներ, որոնց մեծամասնութիւնը դարձեալ գերմանացի զբօսաշրջիկներ էին: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտնեց, որ իրենք ճշդած են, թէ յարձակումին հեղինակը ՏԱՀԵՇ-ի անդամ օտարերկրացի մըն է: Ան խոստացաւ բացայայտել եւ պատժել անոր գործակիցները, ինչպէս նաեւ շարունակել ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարը: Տաւութօղլու...

Հայ Համայնքի Միջբարեսիրական  Հաստատութիւններու Ժողով.  Լիբանանահայ Անտէր Եւ Կարիքաւոր  Ծերունիներու Նոր Տարուան  Եւ Ս. Ծննդեան Խրախճանքը

Հայ Համայնքի Միջբարեսիրական Հաստատութիւններու Ժողով. Լիբանանահայ Անտէր Եւ Կարիքաւոր Ծերունիներու Նոր Տարուան Եւ Ս. Ծննդեան Խրախճանքը

Հովանաւորութեամբ լիբանանահայ գաղութի երեք յարանուանութիւններու պետերուն եւ կազմակերպութեամբ Հայ համայնքի միջբարեսիրական հաստատութիւններու ժողովին, երէկ` երեքշաբթի, 12 յունուար 2016-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Նոր տարուան եւ Ս. Ծնունդի խրախճանքը` գաղութի անտէր եւ կարիքաւոր ծերունիներուն համար, ներկայութեամբ աւելի քան 200 ծերունիներու: Օրուան հանդիսավար Սեւան Կարապետեան-Ադամեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ յայտնեց, որ աշխարհը...

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Հայկական Կողմը  Պատասխան Գործողութիւններու Պիտի Դիմէ»

Արծրուն Յովհաննիսեան. «Հայկական Կողմը Պատասխան Գործողութիւններու Պիտի Դիմէ»

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ զգուշացուց, որ սահմանային իրավիճակի լարումը եւ Ղարաբաղի մէջ հայ զինուորական ծառայողի սպանութիւնը անպատասխան պիտի չմնան: Նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ իրավիճակի լարման համար մեղաւորը ազրպէյճանական կողմն է, եւ հետագայ գործողութիւններուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը նոյնպէս Պաքուի վրայ է: «Մենք բազմիցս նշած ենք, որ կան հակառակորդի զսպումի յատուկ գործողութիւններ, անոնք...

Հակառակ Տարակարծութիւններուն`  Զոյգ Երկխօսութիւնները Եղան Դրական  Եւ Շեշտեցին Կառավարութեան  Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու  Կարեւորութիւնը

Հակառակ Տարակարծութիւններուն` Զոյգ Երկխօսութիւնները Եղան Դրական Եւ Շեշտեցին Կառավարութեան Գործունէութիւնը Աշխուժացնելու Կարեւորութիւնը

Լիբանանեան քաղաքական կեանքին, յատկապէս գործադիր իշխանութեան գործունէութիւնը աշխուժացնելու իմաստով երէկ Ազգային երկխօսութեան նիստին ընթացքին արձանագրուեցան դրական կեցուածքներ: Ազգային երկխօսութիւնը հիւրընկալող Այն Թինէի մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ նաեւ Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ երկխօսութիւնը, որ իր կարգին եղաւ դրական` երկկողմանի լարուածութիւնը մեղմացնելու առումով: Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց Ազգային երկխօսութեան 13-րդ նիստին, որուն...

Հաղորդագրութիւն Թիւ 15

Հաղորդագրութիւն Թիւ 15

2015-ի դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին, «Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական բաժինի տնօրէնութիւնը, յանձինս` դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի ի գործ դրած ջանքերուն եւ Սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի մարմինին աջակցութեամբ, կարելի եղաւ իրականացնել Սուրիոյ հայկական վարժարաններու` 2014-2015 ուսումնական տարեշրջանի «Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան կողմէ յատկացուած կրթական օժանդակութեան ծրագիրը: «Գ. Կիւլպէնկեան» հաստատութեան Հայկական բաժինին կողմէ մշակուած կրթական օժանդակութեան ծրագիրէն օգտուեցան Սուրիոյ մէջ գործող 25 հայկական վարժարաններ...

«Հալէպի Մէջ Սով Չկայ, Կան Գնաճ  Եւ Կենցաղային Ծանր Պայմաններ»  Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

«Հալէպի Մէջ Սով Չկայ, Կան Գնաճ Եւ Կենցաղային Ծանր Պայմաններ» Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

Հալէպի մէջ սով չկայ, մարդիկ շուն եւ կատու չեն ուտեր, պարզապէս ահռելի գնաճ է եւ ծանր պայմաններ: Այս մասին «Թերթ»-ին յայտնեց Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի մամլոյ բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան` անդրադառնալով այն տեղեկութեան, որ Սուրիոյ մէջ մարդիկ ստիպուած են խոտ, շուն, կատու ուտել` ողջ մնալու համար: «Այլ շրջաններու մէջ տիրող վիճակին մասին չեմ կրնար խօսիլ, սակայն Հալէպի մէջ նման վիճակ չկայ, խանութներէն...

Պաշտպանութեան Նախարարը  Այցելեց Կեդրոնական Հաւաքակայան

Պաշտպանութեան Նախարարը Այցելեց Կեդրոնական Հաւաքակայան

Ձմեռնային զօրակոչի ընթացքը եւ իրականացուող աշխատանքները տեղւոյն վրայ  դիտարկելու նպատակով` Հանրապետական կեդրոնական հաւաքակայան այցելած է Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան: Պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկատուութեան վարչութեան փոխանցումով, զրուցելով նորակոչիկներու ծնողներուն եւ հարազատներուն հետ` Սէյրան Օհանեան վստահեցուցած է, որ հայկական զինուորական ուժերը ամէն օր գերազանցութեամբ կը  յանձնեն իրենց առջեւ դրուած քննութիւնը, ինչ որ վստահաբար բանակի ղեկավարութեան եւ հրամանատարութեան հետեւողական աշխատանքին, հայ զինուորներու...

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Յորդորած Է Ժամանակաւորապէս  Զերծ Մնալ Եգիպտոս Այցելութիւններէ

Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Յորդորած Է Ժամանակաւորապէս Զերծ Մնալ Եգիպտոս Այցելութիւններէ

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ ուժի մէջ է նոյեմբեր 2015-ի զգուշացումը` առանց յատուկ անհրաժեշտութեան ժամանակաւորապէս զերծ մնալ Եգիպտոս այցելութիւններէ: 8 յունուարին Եգիպտոսի մէջ անգամ մը եւս զինուած յարձակումներ տեղի ունեցած են: Եգիպտական հանգստավայրի մը մէջ երկու զինեալներ յարձակած են պանդոկներէն մէկուն վրայ: Տեղւոյն իշխանութիւններուն փոխանցումով` յարձակումին հետեւանքով տուժած  է երեք զբօսաշրջիկ, երկուքը Աւստրիոյ, մէկը` Շուէտի քաղաքացիներ են:...

Ազգային Թէ Երկկողմանի Երկխօսութիւնները  Շարունակելու Առումով Լիբանան Կը Հաստատէ  Իր Միացեալ Կեցուածքը` Մերժելով   Հըզպալլան Ահաբեկչական Որակել

Ազգային Թէ Երկկողմանի Երկխօսութիւնները Շարունակելու Առումով Լիբանան Կը Հաստատէ Իր Միացեալ Կեցուածքը` Մերժելով Հըզպալլան Ահաբեկչական Որակել

Ժըպրան Պասիլ Լիբանանեան քաղաքական ուժերը այսօր կէսօրին պիտի շարունակեն ազգային երկխօսութիւնը, իսկ երեկոյեան Այն Թինէի մէջ պիտի շարունակուի Հըզպալլա-Մուսթաքպալ երկխօսութիւնը` նկատի ունենալով երկրին հարցերը միայն երկխօսութեան միջոցով լուծելու բոլորին գիտակցութիւնը: Ներքին առումով խորհրդակցութիւններ կատարելու լիբանանեան միացեալ կամքը դրսեւորուեցաւ շաբաթավերջին, եւ այս գծով պահուած էր նաեւ անակնկալ մը: Անակնկալը յայտարարուեցաւ Գահիրէէն, երբ Արաբական լիկայի արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին ընթացքին արտաքին...

Արամ Ա. Կաթողիկոս  Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Իրանի Դեսպանը

Շաբաթ, 9 յունուար 2016-ի առաւօտուն, մայրավանք այցելեց եւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհալին: Դեսպանին կ՛ընկերանային դեսպանատան քաղաքական գրասենեակին ղեկավարը եւ աշխատակազմի այլ դիւանագէտներ: Վեհափառ հայրապետին եւ դեսպանին խորհրդակցութիւնը ընդգրկեց Միջին Արեւելքի մէջ վերջին շրջանի քաղաքական զարգացումները եւ Իրանի ու Սէուտական Արաբիոյ միջեւ լարուածութիւնը: Դեսպանը վեհափառ հայրապետին պարզեց տագնապին տուն տուող պատճառները եւ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պասքեթպոլի Դաս Մը Տուաւ Լիբանանի Բաժակակիրին Եւ Գերբաժակակիրին` Պիպլոսին

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պասքեթպոլի Դաս Մը Տուաւ Լիբանանի Բաժակակիրին Եւ Գերբաժակակիրին` Պիպլոսին

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան շաբաթ, 9 յունուարին, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Պիպլոսը: ՀՄԸՄ, որ տարեշրջանի իր բացման մրցումին պարտութեան մատնած էր Շանվիլը, արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 83-76 արդիւնքով (21-26, 36-45, 57-67 եւ 83-76): Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ ՀՄԸՄ պասքեթպոլի դաս մը տուաւ Պիպլոսին, որ վերջերս...

Ակնարկ. Փոխհատուցելու Վտանգաւոր Խաղը

Փակուող տարուան վերջին օրերուն, Թուրքիոյ քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան փոխնախագահ Սեզկին Թանրըքուլու Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուցած է օրէնքի նախագիծ մը, որով կ՛առաջարկուի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ սեփական հայրենիքէն բռնի կերպով հեռացած հայերուն ու անոնց մինչեւ 4-րդ սերունդներուն տրամադրել Թուրքիոյ քաղաքացիութիւն: Օրէնքի նախագիծին մէջ մասնաւորաբար կ՛առաջարկուի Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն շնորհել Համաշխարհային Ա. պատերազմի սկիզբէն ի վեր Թուրքիոյ Հանրապետութեան ներկայ սահմանները ընդգրկող տարածքին մէջ...

Ամերիկեան Քոնկրեսին Մէջ  Փակ Քննարկում`  Արցախի Սահմանին Վրայ  Տիրող Լարուածութեան Մասին

Ամերիկեան Քոնկրեսին Մէջ Փակ Քննարկում` Արցախի Սահմանին Վրայ Տիրող Լարուածութեան Մասին

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը 6 յունուարին կազմակերպած էր փակ քննարկում` նուիրուած Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տիրող լարուածութեան: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կայքին համաձայն, հանդիպումին մասնակցած են արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներ, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք: Յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյս իր խօսքին մէջ կոչ ուղղած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամային միանալու...

Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր  Տէրը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառին

Հայ Կաթողիկէ Հոգեւոր Տէրը Այցելեց Արամ Ա. Վեհափառին

Հինգշաբթի, 7 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, հայ կաթողիկէ համայնքի Գրիգոր Պետրոս Ի. պատրիարքը շնորհաւորական այցելութիւն մը տուաւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Հոգեւոր տիրոջ կ՛ընկերանային Մանուէլ Պաթագեան եւ Գէորգ Ասատուրեան եպիսկոպոսները: Վեհափառ հայրապետը ընդունելէ ետք հոգեւոր տիրոջ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին  բարեմաղթութիւնները, անոր հետ քննարկեց Սուրիոյ հայ համայնքին դժուարութիւնները, Լիբանանի նախագահական ընտրութիւնները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի վերջին զարգացումները: Շուրջ...

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն.  Հայրենի Երգչուհի Նունէ Եսայեանի Պէյրութեան  Ելոյթը` «Կանք, Պիտի Լինենք  Ու Դեռ Շատանանք» Համերգաշարի Ծիրին Մէջ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Հայրենի Երգչուհի Նունէ Եսայեանի Պէյրութեան Ելոյթը` «Կանք, Պիտի Լինենք Ու Դեռ Շատանանք» Համերգաշարի Ծիրին Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, երէկ` ուրբաթ, 8 յունուար 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ հոծ բազմութեան դիմաց ելոյթ ունեցաւ հայրենի սիրուած երգչուհի Նունէ Եսայեան, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած իր «Կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք» խորագիրը կրող համերգաշարի շրջագայութեան ծիրին մէջ այցելած էր Լիբանան, ուր չէր եկած աւելի քան 10 տարիէ ի վեր: Յայտագիրը կը...

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան  Տօնը Ս. Էջմիածինի Մէջ

Ս. Ծննդեան Եւ Աստուածայայտնութեան Տօնը Ս. Էջմիածինի Մէջ

«Մեր Ժամանակուան Մեծագոյն Մարտահրաւէրներէն Է Խաղաղութեան Խաթարումը» Հաստատեց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Մայր Աթոռի Ս. Էջմիածինի մէջ Ս. պատարագ մատուցեց Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը: Ներկայ էին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, պատգամաւորներ եւ նախարարներ, պետական բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար դիւանագիտական առաքելութիւններու ղեկավարներ,...

Page 723 of 795 1 … 722 723 724 … 795

Արխիւներ