Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. 5 Մարտ 1927 – 5 Մարտ 2016

March 5, 2016
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Aztag030516

Այսօր մեր թերթը կ՛ամբողջացնէ իր հիմնադրութեան 89-ամեակը եւ կը թեւակոխէ յոբելենական տարին: Մինչեւ 5 մարտ 2017, մենք մեր ընթերցողներուն  կը ներկայանանք «Ազդակ»-ի անցած ուղիի կարեւոր հանգրուանները ընդգծող տարբեր ծրագիրներով. արդէն իսկ աւարտական փուլ կը թեւակոխէ «Ազդակ»-ի իննսունամեայ ուղիին յատկացուած յօդուածաշարքը: 80-ամեակի առիթով լոյս տեսած հրատարակութիւններու առ ի լրացում, այս յօդուածաշարքով սփիւռքահայ մամուլ ուսումնասիրող մատենագէտին կը տրամադրուի «Ազդակ»-ի իննսունամեայ պատմութիւնը:

Զուգահեռ կ՛ընթանան հայրենիքի մէջ  ապագայ սփիւռքագէտներու եւ բանասէրներու կողմէ «Ազդակ»-ի առնչուած նիւթեր առանցք ընտրելով ուսանողական աւարտաճառերու ներկայացումները. կը հետեւին անոնց հրատարակութեան նպատակայարմարութեան քննարկումները:

Բացառիկ թիւերով թէ յաւելուածներով կը համալրուի «Ազդակ»-ի ունեցած իննսունամեայ դերին, սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան մէկ կարեւոր բաժինի նիւթերուն հրապարակումը` հաւանաբար ընդգծուած ձեւով մերթ յուշագրական, մերթ մատենագիտական եւ մերթ հրապարակախօսական:

Անշուշտ նկատի առնուած են նաեւ յատուկ լսարաններ, գիտաժողով կամ հանդիսաւոր ձեռնարկներ` բոլորն ալ իբրեւ նպատակ ունենալով «Ազդակ»-ի իննսունամեայ գործունէութեան արժեւորումը:

Յոբելեանին առիթով հանրութեան հասանելի կը դառնայ մեր թերթի ամբողջ հաւաքածոն` թուայնացուած տարբերակով. հաւանաբար այս մէկը կը դառնայ գլխաւոր յատկանիշ յոբելենական տարուան` իբրեւ քանի մը տարուան վրայ երկարող հետեւողական, անընդմէջ, կանոնաւոր կշռոյթով իրականացած աշխատանք:

Փակագիծերը աւելի բանալու անհրաժեշտութիւնը չունինք. ասոնք հիմնական նախանիշերն են մինչեւ 2017 երկարող մեր աշխատանքներուն: Մնացեալը կը ծանուցուին եւ կը յայտարարուին իրենց օրին: Արդար ակնկալութիւն պիտի ըլլար եւ հաւանաբար նաեւ քաջալերելի, որ մեր թերթին աշխատակցողները, նախկին աշխատակազմերու անդամները, «Ազդակ»-ը ղեկավարած խմբագիրները յուշագրական կարգով թէ ներկայ գործունէութեան մասին իրենց անդրադարձներով հարստացնէին մեր ընթացիկ տարուան թիւերու էջերը: Այս բոլորը, որպէսզի կարելի ամբողջականութիւն մը կազմուի «Ազդակ»-ի պատմականին մասին:

Խմբագրութիւնը անշուշտ պիտի դիմէ Լիբանանի մէջ թէ հայրենիքի, ինչպէս նաեւ այլ շրջաններու մէջ գործած ու գործող մամուլի գործիչներու` իրենց դիտարկումներն ու արձագանգները գրաւոր ստանալու համար:

Նախաձեռնութիւնը պիտի ըլլայ «Ազդակ»-էն: Կարեւորը ընդառաջումն է: Ձեռնարկներու, գիտաժողովներու թէ նոր արհեստագիտութեան բարիքներու արխիւ փրկելու աշխատանքներուն առընթեր եւ գուցէ այդ բոլորէն առաջ «Ազդակ»-ի անցած ուղիի զանազան հանգրուաններու արժեւորումն է, որ ոչ միայն հայ մամուլի, այլեւ ընդհանրապէս սփիւռքի ժամանակակից պատմութեան պիտի յանձնէ հայկական գործընթացներու կարեւորագոյններն ու մանաւանդ անոնց լուսաբանման ազդակեան մօտեցումները:

Ընելիք ունինք բոլորս. «Ազդակ»-ի ընտանիքը, մեր ծրագիրներու հովանաւորներն ու մեզի աջակցողները, խմբագրութեան մաս կազմած նախորդ գործիչները, մամուլի այսօրուան աշխատակիցները, ընթերցողները, երիտասարդ գրիչները. բոլորս: Այս հանրագումարի ցանցայնացումն է այս առիթով, որ կրնայ մեկնակէտ ծառայել գործի արդիւնաւէտութեան եւ յոբելեանին ըստ արժանւոյն նշումին: Հիմնականը կարելի եղած չափով նիւթ, ուսումնասիրութիւն եւ յուշագրութիւն ձգելն է «Ազդակ»-ի մասին. մնացեալը այս նպատակին ծառայող միջոցներն են: Նախաձեռնողականութիւնն ու դիմումները պիտի ըլլան. կը սպասենք ընդառաջումներուն: Վստահ ենք, որ արձագանգումները կը կայանան. «Ազդակ»-ը կ՛օժտուի սփիռքահայ մամուլի անցած ուղին արժեւորող նոր գրականութեամբ:

 

Նախորդը

Սէյրան Օհանեան Անակնկալօրէն Զօրամաս Այցելած Է

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակի Հերթական Առցանց Նիստ
Գաղութային

«Կիլիկիա Վերլուծական Հարթակ»ի հերթական առցանց նիստ

February 2, 2026
«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.