
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ բանբեր Արծրուն Յովհաննիսեան «ֆէյսպուք»-ի իր էջին վրայ կը գրէ. «Ազրպէյճանական լրատուամիջոցներու կողմէ տարածած տեսանիւթը միայն կը հաստատէ այն, ինչ որ մենք նշած էինք: Հակառակորդը կը շարունակէ սադրանքները եւ կը լարէ իրավիճակը: Հայկական կողմը որեւէ կորուստ չունի եւ հակառակորդի որեւէ ոտնձգութեան կու տայ արժանի հակահարուած: Վստահ ենք, որ այս սադրանքը միջազգային համապատասխան կառոյցները կը փաստեն»:
Նշենք, որ ազրպէյճանական մամուլը ապատեղեկատուութիւն կը տարածէ, թէ հայկական կողմը փորձած է ներթափանցում իրականացնել, սակայն Ազրպէյճանը հակահարուած հասցուցած է, որուն հետեւանքով հայկական կողմը տասնեակ մը զոհեր ունի:


