Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան Շիրակի մարզպետարանի աշխատակազմին եւ համայնքապետերուն ներկայացուց նոր նշանակուած մարզպետ Յովսէփ Սիմոնեանը: «Նոր մարզպետը այն մարդն է, որ լաւ գիտէ Շիրակի մարզն ու մարզի հոգերը: Մարզպետը աշխատակազմին ներկայացնելով աւելին ըսելու կարիք չկայ, քանի որ վերջին 15 տարիներուն ան կ՛աշխատէր մարզպետարանին մէջ: Այդ պատճառով դժուար չէ շարունակել նախկին մարզպետին գործը», ըսաւ Լոքեան:
Ընդհանուր առմամբ, արդիւնաւէտութեան համար պէտք է շարունակականութիւն ապահովել` յառաջ տանելով նախորդին սկսած լաւ գործը, եւ ատիկա պէտք է կատարուի տարբեր ասպարէզներու մէջ: Խօսելով նախկին մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեանի մասին` Լոքեան շնորհակալութիւն յայտնեց այն մեծ աշխատանքին համար, որ կատարած է Ցոլակեան` յոյս յայտնելով, որ անոր փորձառութիւնը եւ հմտութիւնը պիտի օգտագործուի ամբողջ հանրապետութեան համար:
«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը փոխած է տարածքներու կառավարման ձեւը. եթէ մենք չհզօրացնենք մեր մարզերն ու համայնքները, ապա չենք կրնար խօսիլ երկրի տնտեսական զարգացման մասին: Պէտք է գործէ համաչափութեան սկզբունքը, դժուար է ժողովուրդին խնդիրները լուծել, եթէ կը զարգանայ միայն Երեւանը: Այսօր երկիրը պէտք է շարժի տարածքներու տնտեսական զարգացման ծրագիրով: Մենք պէտք է իրականացնենք յստակ ռազմավարութիւն մարզերու եւ համայնքներու զարգացման համար», ըսած է նախարարը` վստահեցնելով, որ մարզպետի փոփոխութիւնը չի նշանակեր աշխատակազմի փոփոխութիւն:
«Մենք պէտք չէ մտածենք, որ մարզպետի փոփոխութիւնը համակարգի փոփոխութիւն կը նշանակէ: Քաղաքացիական ծառայողը պէտք է պաշտպանուած ըլլայ: Եթէ լաւ ու գիտակ մասնագէտ էք, պէտք է մնաք ու աշխատիք, իսկ եթէ աշխատելու ունակ չէք, պէտք է հրաժարիք աշխատանքէ», նշեց Դաւիթ Լոքեան` կրկին շնորհաւորելով Սիմոնեանը, մաղթելով նախ եւ առաջ մարզին մէջ տրամադրութեան փոփոխութիւն եւ համայնքապետերու եւ մարզը ներկայացնող պատգամաւորներու հետ համերաշխ աշխատանք:
Նոր նշանակուած մարզպետը շնորհակալութիւն յայտնեց վստահութեան համար` յոյս յայտնելով, որ խնդիրները պիտի լուծուին միացեալ աշխատանքի պարագային:
Օգտուելով առիթէն` հանդիպումի աւարտին Դաւիթ Լոքեան համայնքներու ղեկավարները եւ Ազգային ժողովի պատգամաւորները հրաւիրեց խորհրդակցութեան:
Միւս կողմէ, 4 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան Արագածոտնի մարզպետարանի աշխատակազմին ներկայացուց նոր նշանակուած մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեանը: Ներկայ էին նաեւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, քաղաքային համայնքներու ղեկավարներ:
Նախարարը նշեց, որ մարզպետի նշանակումը կատարուած է երկրին մէջ ձեւաւորուած քաղաքական նոր յարաբերութիւններու լոյսին տակ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան եւ ՀՅԴ-ի միջեւ կնքուած համաձայնագիրի շրջագիծին մէջ:
Դաւիթ Լոքեան շնորհաւորեց նոր նշանակուած մարզպետը, միաժամանակ իր եւ կառավարութեան անունով շնորհակալութիւն յայտնեց նախկին մարզպետ Սարգիս Սահակեանին:
Ողջունելով ներկաները` մարզպետ Գաբրիէլ Գէօզալեան շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան` վստահութեան համար: Ան վստահեցուց, որ մարզին մէջ իր աշխատանքը արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ, որովհետեւ ան քաջածանօթ է խնդիրներուն, եւ իրեն համար տեսանելի է գործունէութեան յառաջիկայ ընթացքը: