Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժընեւի Մէջ Սուրիոյ Տագնապին Գծով Հանդիպում Ունեցաւ Մակ-Ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

March 7, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

aram_030616

Շաբաթ երեկոյեան, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Ժընեւի իր իջեւանած պանդոկին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ տագնապի լուծման աշխատանքները համակարգող ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Նիքոլաս Միշելի եւ սուրիական տագնապի բանագնաց Սթեֆան Տը Միսթուրայի փոխանորդին հետ (Տը Միսթուրայի` քաղաքէն բացակայութեան պատճառով): Նշենք, որ Սուրիոյ տագնապին գծով վեհափառ հայրապետը Տը Միսթուրայի հետ հանդիպում մը ունեցած էր 20 հոկտեմբեր 2015-ին, Աթէնքի մէջ: Իրենց առաջարկով տեղի ունեցած այս աշխատանքային հանդիպման նպատակն էր ունենալ Արամ Ա. կաթողիկոսին տեսակէտը` տագնապի լուծման առաջնորդող հոլովոյթին մէջ քրիստոնեայ համայնքներու մասնակցութեան առնչութեամբ:

Շուրջ երկու ժամ տեւած խորհրդակցութիւններուն ընթացքին, վեհափառ հայրապետը լսելէ ետք ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն արժեւորումը Սուրիոյ տագնապի ներկայ հանգրուանին, ինչպէս նաեւ անոնց պատկերացումը յառաջիկայ հանգրուաններուն, ընդառաջելով ՄԱԿ-ի պատասխանատուներու փափաքին, ներկայացուց իր տեսակէտը` ընդհանրապէս խաղաղութեան հոլովոյթին եւ մասնաւորաբար քրիստոնեայ համայնքներու մասնակցութեան շուրջ: Վեհափառ հայրապետը նախ եւ առաջ շեշտեց, թէ խաղաղութեան հոլովոյթին պէտք է մասնակից դառնան Սուրիոյ ժողովուրդը բաղկացնող բոլոր համայնքները, բնականաբար ներառեալ քրիստոնեայ համայնքները: Իբրեւ նոյն պարտաւորութիւնները եւ իրաւունքները ունեցող համահաւասար քաղաքացիներ, քրիստոնեաները գործօն մասնակցութիւն պէտք է բերեն Սուրիոյ քաղաքական կեանքին, յիշեցուց կաթողիկոսը: Ապա, վեհափառ հայրապետը կարգ մը գործնական առաջարկներ ներկայացուց` յատկապէս Ժընեւի մէջ տեղի ունենալիք բանակցութիւններու յառաջիկայ հանգրուանին համայնքային ներկայացուցիչներու մասնակցութեան ուղղութեամբ: Ներկաները համաձայն գտնուելով վեհափառ հայրապետին, առաջարկեցին, որ այս հարցին շուրջ իրեն հետ խորհրդակցութիւնները շարունակուին` շուտով սկսուելիք բանակցութիւններու արդիւնքներուն լոյսին տակ:

 

 

Նախորդը

Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Անուանակոչութեան Տօն. «Պուրճ Համուտը Ամուր Է Իր Ժողովուրդով, Հայութեամբ» Հաստատեց Երեսփոխան Բագրատունի

Յաջորդը

Անդադարձ. Ըմբոստութեան Պաշտօնականացումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.