Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան Ներկայացուց «Հայ Աշուղական Արուեստը» Նիւթով Դասախօսութիւնը

Մարտ 4, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

sayat-1_030316

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի 3 մարտին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գէորգ եւ Հերմինէ Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ աշուղական արուեստը» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց «Սայաթ-Նովա» համոյթի գեղարուեստական ղեկավար փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան:

Փրոֆ. Պօղոսեան հաստատեց, որ աշուղական արուեստը, ժողովրդական երգերուն կողքին, հայ մշակոյթի ամէնէն հարուստ գանձարանն է, սակայն անիկա անուշադրութեան մատնուած է: Այս իմաստով, փրոֆ. Պօղոսեան ուզեց զանազանել աշուղական արուեստը նախ գուսանական արուեստէն, ապա ժողովրդականէն: Ան բացատրեց, թէ այս առաջին երկու արուեստները իրար նման են իբրեւ երգ յօրինելու արուեստներ, սակայն գուսանական արուեստը գոյութիւն ունի հեթանոսական ժամանակաշրջանէն ի վեր եւ ունի 3000 տարուան երգացանկ, որ կ՛ընդգրկէ հայ դիցաբանութեան պանթէոնի աստուածներուն դիւցազներգութիւնները, ինչպէս` «Վահագնի ծնունդը»: Գուսանական երգն ու երաժշտութիւնը կը յատկանշուին ազատ ոճով` չունին յանգաւորում եւ տաղաչափութիւն: Իսկ աշուղական արուեստը աւելի կարծր է, անոր մէջ ծանրակշիռ տեղ կը գրաւեն ճշգրիտ տաղաչափութեան դասական օրէնքները: Պօղոսեան աւելցուց, որ աշուղական արուեստը Հայաստան թափանցած է արաբական աշխարհէն` 14-րդ եւ 15-րդ դարերուն. «աշուղ» բառին արմատը արաբերէն «աշք» բառն է, որ «սէր» կը նշանակէ: Առաջին աշուղը, որուն թրքերէնով, բայց հայերէն տառերով գրուած ստեղծագործութիւններուն ձեռագիր տետրակը հասած է Հայաստան, Ղուլ Օղլի Երզնկացին էր: Մեզի ծանօթ է Նահապետ Քուչակը, որուն գերեզմանը կը գտնուի Վասպուրականի մէջ, ուր կ՛այցելեն յղի կիներ` դիւրին ծննդաբերութեան համար: Գերեզմանը դարձած է ուխտատեղի: Վերջապէս, փրոֆ. Պօղոսեան մատնանշեց, որ կարելի չէ երգ մը կոչել ժողովրդական պարզապէս որովհետեւ անոր հեղինակին անունը մոռցուած է: Այս իմաստով, «Սայաթ-Նովա» համոյթը ստանձնած է մոռցուած աշուղները վերարժեւորելու եւ անոնց ստեղծագործութիւնները վերականգնելու առաքելութիւնը: Ժողովրդականին եւ աշուղականին միջեւ տարբերութիւնը կը կայանայ այն կէտին մէջ, որ առաջինին մեղեդիները բերանացի փոխանցուած են սերունդէ-սերունդ, իսկ երկրորդը կ՛ենթադրէ «վարպետ-սան» յարաբերութեան ճամբով մասնագիտական ուսուցումը: Աշուղականը, ըստ փրոֆ. Պօղոսեանի, ժողովրդականին մասնագիտական թեւն է: Դարձեալ ժողովրդական երգերու մասին խօսելով` Պօղոսեան նշեց, խորհրդային համակարգի ժամանակաշրջանին ապրած եւ այդ համակարգին համապատասխան ուսում ստացած արուեստագէտներուն խորթ թուեցան աշուղական մեղեդիները, որովհետեւ անոնց մէջ կ՛արձագանգէին նաեւ քրտական մշակոյթէն յառաջ եկած եղանակներ: Կոմիտասը եղաւ այն նուիրեալ երաժշտագէտը, որ սահմանը գծեց քրտականին եւ հայկականին միջեւ` ջնջելով յատկապէս կէս նոթաները աշուղական երաժշտութեան մէջէն, ինչպէս նաեւ եկեղեցական շարականներուն մէջէն: Ան իր ուսումնասիրութիւնները յատկացուցած է աշխարհին եւ հայուն ցոյց տալու համար հայ արմատական երաժշտութիւնը` ժողովրդականը: Այսուհանդերձ, Կոմիտասի գրառած երաժշտութիւնները հնչեցին եւրոպական ոճով. հայ գիւղացին իր «մաքրուած», այլ խօսքով` եւրոպականացուած երգը չճանչցաւ:

sayat-2_030316

Ինչ կը վերաբերի Սայաթ Նովային, այն աշուղին, զոր վրացիները կը նկատեն վրացի, թուրքերը` թուրք, իսկ հայերը` հայ, այժմ, կրնանք հաստատել, որ Ստեփանոս վրդ. Սայաթեանը` Սայաթ Նովան հայ է` տրուած ըլլալով, որ անտրամաբանական է, որ վրացին կամ թուրքը հայ եկեղեցիին ծառայած ըլլայ… Այսուհանդերձ, այլ ազգերու մշակութային կամ այլ արժէքները իւրացնելու միտումով, Սայաթ Նովայի հանրածանօթ երգը, որ արուեստագէտը նուիրած է իր իսկ նուագարանին` քամանչային, դարձած է թրքական Գորշ Գայլեր կուսակցութեան քայլերգը…

Փրոֆ. Պօղոսեան իր խօսքը փակեց ըսելով, որ հայ մշակոյթին շտեմարանը հայրենիքն է, եւ երբեք կարելի չէ մեր գիտելիքները ամբողջացնել, որովհետեւ մեր մշակոյթը շատ հարուստ է, այնքան հարուստ, որ մենք նոյնիսկ անոր ամբողջովին տիրապետելու կարողութիւնը չունինք:

Երբ «Սայաթ-Նովա» համոյթին անդամները իրենց նուագարաններով իրենց տեղերը գրաւեցին բեմին վրայ, փրոֆ. Պօղոսեան ներկայացուց իւրաքանչիւր նուագարան եւ անոր մասին բացատրութիւններ տուաւ, որմէ ետք համոյթը իր երգացանկէն կտորներ հրամցուց երաժշտասէր ներկաներուն: Արուեստագէտները կատարեցին աշուղ Ջիւանիի «Անթեւ թռչուն»-ը, գուսան Աշոտի «Լոյսը բացուել է»-ն եւ այլ երգեր:

Վերջապէս, փրոֆ. Թովմաս Պօղոսեան Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան օրինակներ նուիրեց  հետեւեալ գիրքերէն. «Գանձարան աշուղական արուեստի», որ կ՛ընդգրկէ 1913-էն 1921 թուականներուն պատկանող աշուղական երգերու ցանկ մը, «Հայոց երգերու ազատամարտը», որ կը պարունակէ հարիւր երգեր, ինչպէս նաեւ իւրաքանչիւր երգի մէջ փառաբանուած հերոսին կենսագրականը, եւ վերջապէս` «Աշուղ Ջիւանի, անյայտ երգեր», որուն հեղինակը փրոֆ. Պօղոսեանն է: Վերջինս իր խոնարհումը արտայայտեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, որ աւելի քան 80 տարիներէ ի վեր յանձն առած է լիբանանահայ գաղութին հայ մշակութային արժէքները փոխանցելու պատասխանատուութիւնը:

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Թամար Սնապեան-Սուրճեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Սայաթ-Նովա» համոյթին, որ այս հարստացնող դասախօսութեամբ եւ կենդանի կատարողութեամբ յագեցուց երաժշտասէր ներկաներուն հետաքրքրութիւնը:

 

 

Նախորդը

«Մեծ Պահքը` Աստուծոյ Դառնալու Հրաւէր Է» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Յաջորդը

«Հալէպի Մէջ Սննդամթերքի Սղութիւն Չկայ, Վիճակը Հանդարտ Է» Կ՛ըսէ Ժիրայր Ռէյիսեան

RelatedPosts

Խմբագրական.  Անկախակերտ Էութիւն (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Հիմնադրութեան 135-Ամեակին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Անկախակերտ Էութիւն (Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակին առիթով)

Դեկտեմբեր 11, 2025
Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն  Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ  Խաղաղութեան Ջանքերուն»
Գլխաւոր լուրեր

Երեւան. «Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Փաստաթուղթը Միայն Կը Նպաստէ Շրջանին Մէջ Խաղաղութեան Ջանքերուն»

Դեկտեմբեր 11, 2025
Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող  Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց
Գլխաւոր լուրեր

Հայ Գերիներուն Ազատութիւնը Պահանջող Բողոքի Ցոյց` Երեւանի Մէջ ՄԱԿ-ի Գրասենեակին Դիմաց

Դեկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?