Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն. 62.500 Ամերիկեան Տոլար Ի Նպաստ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան Քոլեճին

Մարտ 8, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Khan-1_030716

Շաբաթ, 5 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Լէօ Մայօ» ճաշարանի մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի կալա-ընթրիքը, հովանաւորութեամբ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, նախագահութեամբ` Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի բարերար Միրէյ Խանամիրեանի, կազմակերպութեամբ` քոլեճի խնամակալութեան եւ ներկայութեամբ` Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի եւ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեանի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեանի, Ազգային իշխանութեանց ու կուսակցական մարմիններու, խորհուրդներու, թաղական խորհուրդներու ու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչներու, դպրոցի բարերարներու ու բարեկամներու:

Ճաշկերոյթին ընթացքին խօսք առաւ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի տնօրէն Նելլի Վեքիլեան, որ իր խօսքին սկիզբը նշեց, թէ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի ընտանիքը 1902-էն (Ս. Նշան վարժարան) ի վեր  իր աշակերտներով, շրջանաւարտներով, խնամակալներով, ուսուցիչներով ու տնօրէններով  կու գայ հաստատելու, որ հաւաքական ուժով միայն  կարելի է պահել հին, բայց վերանորոգուող վճռակամութեան տէր վարժարանը: Ապա յայտնեց նաեւ, թէ վարժարանի առաքելութիւնը առաւել կ՛իմաստաւորուի Ազգային իշխանութիւններուն նեցուկով, հովանիով Ազգային առաջնորդարանին եւ առաջնորդ հօր, որոնք ճիգ չեն խնայեր այս դարբնոցը վերածելու հաւատքի ու հայապահպանման ամրոցի: Տնօրէնը յիշեց դպրոցի բարերար Սուրէն Խանամիրեանը, որ ֆիզիքապէս բացակայ է, բայց անոր ոգեղէն ներկայութիւնը միշտ զգալի է:

Շահէ եպս. Փանոսեան
Շահէ եպս. Փանոսեան

Անդրադառնալով հայ վարժարաններուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն` Նելլի Վեքիլեան ըսաւ, թէ զանոնք կարելի է յաղթահարել միայն հաւաքական ճիգով, ապա մաղթեց, որ երեկոն իր նպատակին հասնի` վերածուելով պտղաբեր ծառի, որուն պտուղը` արդիւնքը ի սպաս պիտի դրուի աշակերտներուն հայեցի դաստիարակութեան եւ մարդակերտումի սրբազան գործին:

Ան նաեւ երախտագիտական խօսք ուղղեց Ազգային Սուրէն խանամիրեան քոլեճի խնամակալութեան անդամներուն, որոնք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն դպրոցը վերածելու նախանձելի կրթօճախի մը:

Իր պատգամը փոխանցեց նաեւ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ողջունեց ներկաները, ապա անդրադարձաւ ճաշկերոյթի կարեւոր առաքելութեան` զօրակցիլ հայ դպրոցի գոյատեւման: Ան ըսաւ, թէ հայ ազգի արժէքներու պահպանման կարեւորագոյն կռուանը հայ դպրոցն է, որ հայ միտքի ու հոգիի դարբնոցն է, հայ մանուկին հարազատ ու միակ ապահով միջավայրը, ուր կարելի է ազատօրէն ու հանգիստ աճիլ եւ զարգանալ:

Առաջնորդ սրբազան հայրը իր խօսքի աւարտին բարձր գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք իրենց լուման կը ներդրեն ի սպաս հայ դպրոցի բարգաւաճման ու զարգացման:

Ճաշկերոյթին տիրող ջերմ ու հարազատ մթնոլորտին մէջ հանգանակուեցաւ 62.500 ամերիկեան տոլար` ի նպաստ Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի կրթական ու դաստիարակչական ծրագիրներուն:

Նախորդը

Քաղաքականացնել Մարտ 8-ի Խորհուրդը. «Ընկերվարութիւն Կամ Բարբարոսութիւն». Կիներու Ազատագրման Պայքարի Ռահվիրան

Յաջորդը

Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունք. «Հայ Եկեղեցին Եւ Ներկայ Արհեստագիտութիւնը» Նիւթով Կլոր Սեղան

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?