
Մեսրոպ Մաշտոցի անուան մատենադարանին արխիւը համալրուած է արժէքաւոր փաստաթուղթերով, մասնաւորաբար` Ֆրանսայէն ուղարկուած են Վանի առնչուող փաստաթուղթեր եւ իրեր: «Առաւօտ»-ի թղթակից Լուիզա Սուքիասեանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է մատենադարանի արխիւային փաստաթուղթերու պահպանման եւ գիտական մշակման բաժինի վարիչ Արա Խզմալեան:
«Փաստաթուղթերը առնչութիւն ունին անձնական տուեալներու, անոնք նաեւ գիտական աշխատութիւններ եւ գեղարուեստական գործեր են, որոնք պատմական նշանակութիւն ունին` 20-րդ դարու: Փաստաթուղթերուն մէջ կան նամակներ եւ մէկ վէպ, նաեւ Վանէն հաւաքուած չորցուած դեղաբոյսեր, որոնք յատուկ խնամքով պահպանուած են: Հաւանական է, որ ցուցադրենք», նշած է Արա Խզմալեան: Անոր համաձայն, նշեալ փաստաթուղթերու եւ նմուշներու նուիրատուները հիմնականին մէջ եւրոպաբնակ հայեր են, որոնք, լսելով մատենադարանին մէջ ստեղծուած նոր պայմաններուն մասին, իրենց արխիւային ժառանգութիւնը որոշած են յանձնել ապահով հաստատութեան. «Մատենադարանին մէջ այդպիսի արժէքներ պահպանելու համար լաւագոյն պայմաններ ստեղծուած են, նոյնիսկ աւելի բարձր, քան եւրոպական շարք մը կառոյցներու մէջ»: Ան աւելցուցած է, որ մատենադարանի արխիւային ֆոնտին մէջ կայ մօտ 1 միլիոն փաստաթուղթ:


