Այսօր Տեղի Կ՛ունենայ Տինքի Սպանութեան 9-րդ Տարելիցը. «Տինքի Սպանութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան Հետ Չառերեսուելու Հետեւանք Է»
Այսօր «Ակօս» թերթի գլխաւոր խմբագիր Հրանդ Տինքի դաւադիր սպանութեան 9-րդ տարելիցին տխուր առիթով Պոլսոյ մէջ յիշատակի ձեռնարկ մը տեղի պիտի ունենայ: Այդ մասին միացեալ յայտարարութիւն տարածած են Թուրքիոյ հայկական «Նոր Զարթօնք» կազմակերպութիւնը, քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը եւ շարք մը այլ հասարակական կազմակերպութիւններ ու անհատներ: Ձեռնարկին մասնակիցները նախ երթ պիտի ունենան մինչեւ «Ակօս»-ի խմբագրատուն, որուն դիմաց սպաննուած էր Տինքը, այնուհետեւ «արդարութեան...




















