«Գանձասար» թերթի խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ հայկական համայնքին մէջ կը կիսեն պաշտօնական տեսակէտը այն մասին, թէ ռուսական կողմը օգնեց բանակցութիւններուն մէջ յաջողութեան հասնելու հարցով եւ անհրաժեշտութեան պարագային դարձեալ պիտի օգնէ:
«Իբրեւ հայ համայնք` մենք միշտ ջատագով եղած ենք սուրիական տագնապի խաղաղ հանգուցալուծման: Մեր համայնքը դրականօրէն պիտի արտայայտուի սուրիական բանակցութիւններու առնչութեամբ եւ միշտ ջատագով եղած ենք տագնապի լուծման», ըսած է Պողիկեան:
Պատերազմի 5 տարիներուն բաղդատած իրավիճակը Հալէպի մէջ հիմա խաղաղ է` ջուրի եւ ելեկտրականութեան մատակարարումը վերականգնուած է տեւական ընդմիջումէ ետք, քաղաքը արտաքին աշխարհի հետ կապող, ամիսներ շարունակ ահաբեկիչներուն կողմէ գրաւուած Խանասերի ճամբան արդէն բաց է: Անցեալ տարիներուն գրեթէ դատարկուած, կիսաքանդ բնակարաններով, եկեղեցիներով ու մշակութային օճախներով համայնքին մէջ, ըստ «Գանձասար»-ի խմբագիրին, կարեւոր կը նկատեն ոչ թէ Պաշշար Ասատի իշխանութեան երկարաձգումը, այլ` Սուրիոյ խաղաղութիւնն ու ժողովուրդի ընտրութիւնը: Եթէ նոյնիսկ իշխանութեան գան Ասատի վարչակարգին ընդդիմախօսները, հայկական համայնքին համար վատ պիտի չըլլայ», կ՛ըսէ Զարմիկ Պողիկեան:
«Հայկական համայնքին համար Սուրիոյ ժողովուրդին որոշումն է կարեւորը, ինչ որ ան որոշէ, ատիկա պիտի ըլլայ, մենք իբրեւ համայնք այդպիսի դիրքորոշումներ չունինք` Ասատին մնալուն կամ Ասատին դէմ, որովհետեւ իրականութեան մէջ այդ հարցը հրահրողները առաջին օրէն այդ ուղղութեամբ տարին եւ, ժողովրդավարութեան անունով խօսելով, Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրահրեցին», ըսած է «Գանձասար»-ի խմբագիրը:
Բերիոյ թեմի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան իր կարգին կ՛ըսէ` ով որ կը յարգէ մեզ, փոխադարձաբար յարգանքի կ’արժանանայ:
«Հայերը կողմի հարց չունին, ունին օրինաւոր, երկրի պաշտօնապէս ճանչցուած կառավարութեան կողքին ըլլալու մօտեցում: Երկիրը պաշտօնապէս ի՛նչ կառավարութիւն որ ունի, հայերը, իբրեւ քաղաքացի, ընթացք ունին այդ կառավարութեան հետ ընթանալու», նշած է Ռէյիսեան:


