Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արծուիկ Մինասեան Կը Խոստանայ Որդեգրել Հակամենաշնորհային Աւելի Գործօն Քաղաքականութիւն

March 17, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ardzvig_31616

Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին կառավարութեան հետ կայացած հարցուպատասխանի ատեն Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան` պատասխանելով Բարգաւաճ Հայաստան  խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեանի հարցումին, ըսած է, որ Հայաստանի մէջ նոր սահմանադրութեան կիրարկումով յառաջացած է տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան նոր մօտեցումներ որդեգրելու անհրաժեշտութիւն:

«Ընկերային-շուկայական տնտեսութեան համապատասխան Հայաստանի մէջ պէտք է որդեգրուի աւելի աշխուժ մրցակցային պաշտպանութեան եւ հակամենաշնորհային քաղաքականութիւն: Այս դրոյթը ամրագրուած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան եւ ՀՅԴ-ի միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին մէջ: Այս մասին խօսած է նաեւ հանրապետութեան նախագահը 12 փետրուարին ունեցած ելոյթին ընթացքին», նշած է Մինասեան:

Նախարարը աւելցուցած է, որ արդարադատութեան նախարարութիւնը արդէն իսկ բոլոր նախարարութիւններուն ուղարկած է փաստաթուղթ մը, ուր կայ ցանկը այն օրէնքներուն, որոնք պէտք է փոփոխութեան ենթարկուին: «Այդ ցանկերուն մէջ ներկայացուած է նաեւ տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան մասին օրէնքը, որ պէտք է վերանայուի: Եւ ոչ միայն այս, այլ նաեւ յարակից այլ օրէնքներ պէտք է վերանայուին, որպէսզի նախ եւ առաջ  երկրին մէջ ամրագրուի կարգաւորման տեսակէտէ աւելի աշխուժ հակամենաշնորհային քաղաքականութիւնը: Պէտք է ամրագրուին նոր լծակներ, որոնք գոյութիւն ունեցող թէ՛ մենաշնորհային, թէ՛ նաեւ գերիշխող դիրք ունեցող կառոյցները պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ հակամենաշնորհային քաղաքականութեան միջոցով աւելի մրցակցային շուկաներ ձեւաւորելու ուղղութեամբ կ՛իրականացուին համարժէք գործողութիւններ», յայտնած է նախարարը:

 

Նախորդը

Անգարա Պիտի Իւրացնէ Հայերուն Պահած Գանձերուն Կէսը

Յաջորդը

Տեղի Ունեցած Են Հայ-Կիպրական Բարձր Մակարդակի Բանակցութիւններ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք`  Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր  Պատգամաւորներու Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովին Մէջ Բուռն Ծեծկռտուք` Իշխանական Եւ Ընդդիմադիր Պատգամաւորներու Միջեւ

October 30, 2026
Լեւոն Մնացականեան Պաքուի Դատարանին Մէջ Հերքած Է Ազրպէյճանցիի Մեղադրանքը
Հայկական

Ըստ Հայաստանի Իշխանութիւններուն Գերիներու Հարցի Լուծման Ուղին Կ՛անցնի Ազրպէյճանի Հետ Երկխօսութեան Ընդմէջէն

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.