Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աթէնքի Մէջ Նախագահ Սերժ Սարգսեան Հանդիպում Ունեցաւ Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի Հետ

Մարտ 16, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

RA-President_Greece_31516

Պաշտօնական այցելութեամբ Յունաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 15 մարտին ծաղկեպսակ զետեղած է Աթէնքի Նէա Զմիռնիի հրապարակին վրայ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանին եւ յունահայ համայնքի ներկայացուցիչներու, հոգեւորականներու, Յունաստանի մէջ զինուորական կրթութիւն ստացող հայ ուսանողներու  հետ միասին յարգանքի տուրք մատուցած է ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին:

Այնուհետեւ Հանրապետութեան նախագահը կառավարութեան դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցած է Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրասի հետ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս  երկուստեք կարեւոր նկատած են առեւտրական-տնտեսական, գիւղատնտեսութեան, մշակոյթի, կրթութեան, առողջապահութեան, զբօսաշրջութեան եւ այլ մարզերու մէջ փոխշահաւէտ համագործակցութիւնը աւելի խորացնելու ջանքերը` այդ աշխատանքներուն մէջ մեծ դեր վերապահելով միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքին:

Վարչապետ Ցիփրաս հեռանկարային նկատած է նաեւ Իրան-Հայաստան-Յունաստան եռակողմանի փոխգործակցութեան զարգացումը` նկատի առնելով Իրանի հետ Հայաստանի Հանրապետութեան բարեկամական յարաբերութիւնները: Ան նշած է, որ նման եռակողմանի համագործակցութեան լաւ փորձ իր երկիրը ունի` Յունաստան-Կիպրոս-Իսրայէլ եւ Յունաստան-Կիպրոս-Եգիպտոս ձեւաչափերով, որոնք, անոր գնահատմամբ, կը գործեն արդիւնաւէտ: Վարչապետը նշած է, որ Յունաստանը կարելիութիւններ կը տեսնէ նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ Եւրասիական տնտեսական միութեան  միջեւ համագործակցութեան հաստատման առումով եւ ցանկութիւն ունի ըստ անհրաժեշտութեան նպաստել այդ գործին: Յունաստանի վարչապետը իր երկրին անունով պատրաստակամութիւն յայտնած է սատարելու Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններու զարգացման` յաջողութեամբ աւարտին հասցնելու այդ համագործակցութեան նոր իրաւական փաստաթուղթին շուրջ սկսած բանակցութիւնները:

Հայաստանի նախագահը եւ Յունաստանի վարչապետը խօսած են նաեւ միջազգային արդի խնդիրներու, մարտահրաւէրներու, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումներու մասին:

Ալեքսիս Ցիփրաս, ներկայացնելով իր երկրին դիրքորոշումը միջազգային հարթակներու վրայ եղած խնդիրներու լուծման վերաբերեալ, ընդգծած է, որ անոնք պէտք է լուծուին խաղաղ միջոցներով: Ան նաեւ ընդգծած է, որ Յունաստանը կը սատարէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ բանակցային միջոցով լուծման հոլովոյթին` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի շրջագիծին մէջ:

Առանձնազրոյցէն ետք տեղի ունեցած են պաշտօնական պատուիրակութիւններու մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններ: Քննարկումներու աւարտին ստորագրուած են հայ-յունական համագործակցութեան զարգացման ուղղուած շարք մը փաստաթուղթեր:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս բանակցութիւններէն ետք հանդէս եկած են յայտարարութիւններով:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր յայտարարութեան մէջ ըսած է, թէ այցելութեան ընթացքին շատ բաց եւ կառուցողական քննարկումներ ունեցած է իր յոյն գործընկերներուն` նախագահ Փաւլոփուլոսի  եւ վարչապետ Ցիփրասի հետ: Ապա նախագահը ըսած է. «Քննարկեցինք հայ-յունական յարաբերութիւններու ամբողջ օրակարգը, համագործակցութեան հեռանկարները: Ուրախութեամբ արձանագրեցինք, որ մեր մօտեցումները թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ շրջանային եւ միջազգային օրակարգի խնդիրներուն շուրջ կը համընկնին: Միաժամանակ համաձայնեցանք, որ պէտք է ընենք աւելին` ինչպէս երկկողմանի, այնպէս ալ բազմակողմանի հարթակներու վրայ մեր համագործակցութեան նոր որակ եւ ուժականութիւն հաղորդելու համար»:

Նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ Յունաստանի հետ համագործակցութիւնը կարեւոր կը նկատուի նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ համագործակցութեան շրջագիծին մէջ, որովհետեւ Եւրոպական Միութիւնը կը շարունակէ մնալ Հայաստանի կարեւորագոյն գործընկերներէն մէկը թէ՛ բարեփոխումներ  իրականացնելու առումով, թէ՛ իբրեւ տնտեսական մեծ գործընկեր:

Նախագահ Սարգսեան յատուկ կերպով անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման վերաբերեալ Յունաստանի հաւասարակշռուած դիրքորոշումներուն եւ կեցուածքներուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան
Հանդիպում Ունեցած Է Յունաստանի
Խորհրդարանի Նախագահ Նիքոս Վուցիսի Հետ

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Աթէնքի մէջ հանդիպում ունեցած է  Յունաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանի նախագահ Նիքոս Վուցիսի հետ: Նախագահ Սարգսեան եւ Յունաստանի խորհրդարանի նախագահը երկուստեք կարեւոր նկատած են խորհրդարանական կապերու դերը միջպետական յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ համագործակցութեան օրակարգի ընդլայնման գործին մէջ:

Նշելով, որ, Հայաստանի Ազգային ժողովը եւրոպական բազմաթիւ երկիրներու խորհրդարաններուն հետ բարեկամական կապերու բարի աւանդութիւն ձեւաւորած է, նախագահ Սերժ Սարգսեան այդ տեսանկիւնէն  կարեւոր նկատած է Յունաստանի խորհրդարանին մէջ Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի վերաձեւաւորումը, ինչ որ, նախագահին  համոզումով, երկկողմանի խորհրդարանական կապերու զարգացման լուրջ խթան է: Հանրապետութեան նախագահը յատուկ կերպով ընդգծած է զգայուն հարցերու վերաբերեալ երկու բարեկամ երկիրներու խորհրդարաններու սկզբունքային դիրքորոշումներու կարեւորութիւնը: Այդ շրջագիծին մէջ նախագահ Սարգսեան երախտագիտութիւն յայտնած է Նիքոս Վուցիսին եւ Յունաստանի խորհրդարանին, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող խորհրդարաններէն եղած է, իսկ նախանցեալ տարի Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնելու մասին օրէնք ընդունեց:

Խորհրդարանական կապերու ամրապնդման գործին մէջ Հայաստանի նախագահը կարեւոր նկատած է խորհրդարանի նախագահ Նիքոս Վուցիսի անձնական ներդրումը եւ նշած, որ կ՛ակնկալէ շարունակական աշխուժ քայլեր` ուղղուած հայ-յունական դարաւոր բարեկամական կապերու ամրապնդման:

Նախագահ Սարգսեան Գնահատած Է
Յունահայութեան Դերը` Հայ-Յունական
Յարաբերութիւններու Զարգացման Մէջ

Պաշտօնական այցելութեամբ Յունաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 մարտի երեկոյեան հանդիպում ունեցած է Յունաստանի հայ գաղութի պատկան մարմիններու եւ կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: Նախագահը ներկայացուցած է բարեկամ Յունաստան տուած իր այցելութեան օրակարգը, նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի հետ կայացած բանակցութիւններուն արդիւնքները, քննարկուած հարցերը եւ պատասխանած է ներկաներուն հարցումներուն:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ուրախութեամբ հաստատած է, որ հայ-յունական դարաւոր ջերմ յարաբերութիւնները ո՛չ միայն պահպանուած են, այլ նաեւ պետական եւ քաղաքական յարաբերութիւններու հանգրուան  թեւակոխած են շնորհիւ յունահայ գաղութին դերակատարութեան:

Նախագահը անդրադարձած է այս տարի իր անկախութեան 25-ամեակը նշող Հայաստանի ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերուն, Հայաստանի զարգացման ընթացքին, հեռանկարներուն եւ գերակայ ուղղութիւններուն, Հայաստանի եւ սփիւռքի առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրներուն, շրջանային եւ միջազգային արդի մարտահրաւէրներուն, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ Հայաստան-սփիւռք համակարգուած աշխատանքին իբրեւ արդիւնք իրականացած տարբեր նախաձեռնութիւններուն` արտաքին եւ ներքին ճակատներուն վրայ: Նախագահ Սարգսեան այս առումով բարձր գնահատած է Յունաստանը, որ ո՛չ միայն ապաստան տուաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայութեան մէկ հատուածին եւ եղաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցող առաջին երկիրներէն, այլ նաեւ 2014-ին օրէնքի ուժով քրէականացուց Պոնտոսի յոյներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեանց ժխտումը:

Հայաստանն ու հայութիւնը յուզող հարցերուն անդրադառնալով` նախագահ Սարգսեան ըսած է. «Մենք իսկապէս ունինք միայն երկու մնայուն արժէք` Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը: Հետեւաբար մեր ռազմավարական խնդիրներէն է կազմակերպուած եւ ուժեղ սփիւռք ունենալը, իսկ սփիւռքի գերխնդիրը` հայապահպանութիւնն է, ուծացման եւ լեզուամշակութային կորուստի դէմ պայքարը ապագայ բոլոր սերունդներուն համար»: Ան կարեւոր նկատած է միացեալ եւ հետեւողական ջանքերով նպատակային եւ հեռահար ծրագիրներու մշակումը, որպէսզի կարելի ըլլայ պայքարիլ ազգապահպանման ի խնդիր:

Հայաստանի եւ սփիւռքի առջեւ ծառացած կարեւորագոյն խնդիրներուն կարգին, նախագահը յատուկ կերպով անդրադարձած է 17 հազար սուրիահայութեան, որոնք կը գտնուին Հայաստանի մէջ, որ իր կարելին կ՛ընէ նեցուկ կանգնելու անոնց: «Ուրախ եմ, որ սուրիահայութեան աջակցութեան կոչին միացան նաեւ աշխարհասփիւռ հայկական համայնքները, անոնց կարգին նաեւ դուք, որուն շնորհիւ կարելի  եղաւ զգալիօրէն թեթեւցնել անոնց առօրեայ խնդիրները` յատկապէս Սուրիոյ մէջ», ընդգծած է ան:

Սերժ Սարգսեան լուսարձակի տակ առած է նաեւ Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակը, յիշած այդ 25 տարիներուն դժուարութիւններն ու վերիվայրումները, յատկապէս` աւերիչ երկրաշարժը, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ եղած շրջափակումը, քաղաքական ու տնտեսական համակարգի արմատական բարեփոխումներու հրամայականը` հաստատելով, որ այս բոլորով հանդերձ կարելի եղած է պետութիւնը զարգացնել եւ ամրապնդել:

 

 

Նախորդը

Թալէաթ Փաշայի Գնդակահարման 95-Ամեակ. ՀՅԴ Անդամներու Երթը` Դէպի Սողոմոն Թեհլիրեանի Կիսանդրին

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Ժըպրան Թուէյնիի Մրցաշարք. Ա. Հանգրուանի Մրցումները Աւարտեցան

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 15, 2025
Ակնարկ.  «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. «Պիլատ Շամ»-ի Սպառնալիքը

Յուլիս 15, 2025
Շինծու Գործերով Ձերբակալուած  ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու  Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Շինծու Գործերով Ձերբակալուած ՀՅԴ Երիտասարդներու Փաստաբաններու Մամլոյ Ասուլիսը

Յուլիս 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?