Պաշտօնական այցելութեամբ Յունաստան գտնուող Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 14 մարտին, նախքան բարձրաստիճան այցելութիւններն ու բանակցութիւնները, Աթէնքի մէջ ծաղկեպսակ զետեղած է Անհետ կորսուած զինուորի յուշարձանին առջեւ եւ յարգանքի տուրք մատուցած:
Յունաստանի նախագահական նստավայրին մէջ տեղի ունեցած պաշտօնական ընդունելութենէն ետք տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոսի առանձնազրոյցը: Հայաստանի նախագահը եւ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս, որ նախագահ ըլլալէ առաջ Յունաստան-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամ էր եւ բաւական քաջատեղեակ Հայաստանի վերաբերող կարեւորագոյն հարցերէն, քննարկած են միջպետական յարաբերութիւններու օրակարգին, ինչպէս նաեւ երկկողմանի եւ բազմակողմանի` միջազգային եւ շրջանային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ համագործակցութեան, փոխշահաւէտ կարգ մը կարեւոր մարզերու մէջ հայ-յունական գործակցութեան զարգացման, միջխորհրդարանական կապերուն, Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման գործընթացին, Լեռնային Ղարաբաղի հարցի լուծման բանակցային գործընթացին վերաբերող հարցեր: Նախագահները անդրադարձած են նաեւ միջազգային օրակարգի արդիական հարցերուն, ներկայացուցած անոնց վերաբերեալ երկու երկիրներուն մօտեցումները, խօսած Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն եւ անոնց զարգացման առումով բարեկամ Յունաստանի դերակատարութեան, Մերձաւոր Արեւելքի, յատկապէս Սուրիոյ մէջ ստեղծուած տագնապին եւ անոր իբրեւ հետեւանք ստեղծուած մարդասիրական աղէտին, գաղթականներու ճգնաժամի հետեւանքներուն մասին:
Անկէ ետք տեղի ունեցած է Հայաստանի նախագահին ի պատիւ պաշտօնական ճաշ, որուն ընթացքին երկու երկիրներուն նախագահները հանդէս եկած են փոխադարձ բաժակաճառերով` անդրադառնալով բարձր մակարդակի հայ-յունական միջպետական յարաբերութիւններուն, զանոնք աւելի զարգացնելու եւ փոխշահաւէտ բազմաթիւ մարզերու մէջ համագործակցութեան զարգացման ներուժին, ընդհանուր պատմութեամբ եւ աւանդութիւններով կապուած, երկու հնագոյն քաղաքակրթութիւններ ներկայացնող հայ եւ յոյն ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան, ինչպէս նաեւ այդ բարեկամութեան ամրապնդման իմաստով մեծ դերակատարութիւն ունեցող Յունաստանի հայ գաղութին:
Հայաստանի նախագահը իր խօսքին մէջ ըսած է. «Բարեկամ յոյն ժողովրդի հիւրընկալութեան մասին վկայութիւնները կը յիշատակուին տակաւին մեծն Հոմերոսի «Ոդիսական»-ին մէջ, այդուհանդերձ, յունական «քսենիան» մեզի` հայերուս, քաջածանօթ է ոչ միայն գրականութենէն: Անծանօթին անօգնական չձգելու պատգամին հաւատարիմ` հարիւր տարի առաջ յոյն ժողովուրդը ապաստան տուաւ հայրենազրկուած եւ անօթեւան մնացած հազարաւոր հայերու: Եւ այսօր հպարտութեամբ կը նշեմ, որ արմատներ ձգելով Յունաստանի մէջ` հայ համայնքը ամրացաւ ու ծաղկեցաւ` իր ստեղծագործ ներդրումը բերելով Յունաստանի բարգաւաճման ու նպաստելով հայ-յունական միջպետական համագործակցութեան ամրապնդման»:
Ան դիտել տուած է, որ հայերն ու յոյները աւելի քան բարեկամներ են, որովհետեւ ունին ընդհանուր պատմութիւն եւ աւանդութիւններ: «Ներկայացնելով երկու հնագոյն քաղաքակրթութիւն` հայ եւ յոյն ժողովուրդները ապրած են կողք կողքի` իրենց հետքը ձգելով համաշխարհային պատմութեան էջերուն մէջ: Պայքարած են կողք-կողքի` վաստակելով գոյատեւելու իրաւունքը: Այսօր ալ, իբրեւ համանման արժէքներու եւ բարոյականութեան կրողներ, հանդէս կու գան կողք- կողքի` վաստկելով յարատեւելու ու բարգաւաճելու իրաւունքը: Այդ ժառանգութեան հիման վրայ կը շարունակենք ամրապնդել հայ-յունական բարեկամութիւնը, որ արդէն 24 տարի է միջպետական բնոյթ կը կրէ:
Այսօր մենք ունինք յագեցած երկկողմանի օրակարգ` քաղաքական գործուն երկխօսութենէ մինչեւ համագործակցութիւն կրթութեան եւ մշակոյթի բնագաւառներուն մէջ: Սերտօրէն կը փոխգործակցինք զինուորական մարզին մէջ: Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մէջ Յունաստանը մեր կարեւորագոյն գործընկերներէն է: Պարբերական դարձած բարձրաստիճան փոխայցելութիւնները կարելիութիւն կու տան ուրուագծելու համագործակցութեան նոր կարելիութիւններ: Ըսածիս վառ վկայութիւնը իմ այս այցելութիւնս է, որուն հիմնական նպատակն է նոր մակարդակի բարձրացնել մեր տնտեսական համագործակցութիւնը` հիմնուելով գոյութիւն ունեցող ներուժին վրայ», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Ողջունելով Հայաստանի նախագահն ու անոր գլխաւորած պատուիրակութիւնը` նախագահ Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս ընդգծած է, որ այս այցելութիւնը անգամ մը եւս լուսարձակի տակ կ՛առնէ տարբեր մարզերու` քաղաքական, տնտեսական, մշակութային, երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու եւ համագործակցութեան բարձր մակարդակն ու բացառիկ կարեւորութիւնը: Նշելով, որ հայերը եւ յոյները առնչուած են պատմական, բարեկամական սերտ յարաբերութեամբ` Յունաստանի նախագահը շեշտած է, որ ներկայի միջպետական յարաբերութիւններու հիմք դարձած այդ պատմական կապերը ամրապնդուած են դարերու ընթացքին` բաւական դժուար պայմաններու մէջ:
«20-րդ դարու սկիզբներու երկու ժողովուրդները միեւնոյն պատճառով տառապալից պահեր ապրած են, ինչպէս կը վկայէ պատմութիւնը` թէ՛ հայ ժողովուրդին, թէ՛ Պոնտոսի յոյներուն, թէ՛ Փոքր Ասիոյ յոյներուն նկատմամբ տեղի ունեցածին մասին: Մենք չենք մոռնար 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւնը: Հպարտ ենք, որ Յունաստանը այն քիչ երկիրներէն էր, որ օթեւան տուաւ տարագիր հայերուն, նաեւ Յունաստան առաջին երկիրներէն էր, որ ճանչցած է հայերուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը, իսկ միւս կողմէ` Հայաստանի խորհրդարանը ճանչցաւ պոնտոսցիներուն դէմ գործուած ցեղասպանութիւնը: Պէտք է յիշենք, պարո՛ն նախագահ, որ պատմական յիշողութիւնը կարեւոր է մարդկութեան հաւաքական գիտակցութեան համար, կարեւոր է նաեւ մարդկութեան ապագային համար: Յատկապէս ներկայի ճգնաժամային պայմաններուն մէջ, երբ սեւ, մութ ամպեր հաւաքուած են համաշխարհային հորիզոնին վրայ, պէտք է յիշենք անցեալը, ո՛չ թէ իբրեւ ատելութիւն սերմանելու միջոց, այլ որպէսզի կարենանք ապագային խուսափիլ նման ողբերգութիւններէ», ըսած է Յունաստանի նախագահը, որուն տեսակէտին համակարծիք ըլլալով` նախագահ Սարգսեան ընդգծած է, որ Ցեղասպանութիւնը յիշելը եւ դատապարտելը հետագայ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման նպատակ ունի եւ փաստելու, որ թշնամիները չեն կրցած ազգեր բնաջնջել:
Աւելի ուշ Աթէնքի Բիւզանդական եւ քրիստոնէական թանգարանին մէջ նախագահները ներկայ գտնուած են «Հայաստան. Արարատի ոգին» խորագիրով ցուցահանդէսի բացման, իսկ երեկոյեան նախագահ Սարգսեան հանդիպում ունեցած է Յունաստանի հայ գաղութի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն հետ: