ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ վարչապետարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ` ներկայութեամբ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի, Բարգաւաճման եւ վերաշինութեան խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըրի եւ Կեդրոնական կոմիտէի փոխներկայացուցիչ Աւետիս Կիտանեանի:
Հանդիպումէն ետք Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ մթնոլորտը դրական է` աւելցնելով, որ Պուրճ Համուտի մէջ թափօններու թաղման վայրի մը հաստատումին մասին Կեդրոնական կոմիտէն իր վերջնական որոշումը պիտի տայ այսօր երեկոյեան:
«Մեզի համար Պուրճ Համուտի աղբի լերան վերացումը առաջնահերթութիւն է, եւ այդ նպատակով տարբեր միջոցներ կը քննարկենք», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի: