Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պաշտօնական այցելութեամբ կը գտնուի Կիպրոս: Կիպրոսի նախագահին նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է նախագահներ Նիքոս Անասթասիատեսի եւ Սերժ Սարգսեանի առանձնազրոյցը, որուն աւարտին տեղի ունեցած են երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւնները: Անոնց իբրեւ արդիւնք ստորագրուած են տարբեր ոլորտներու մէջ հայ-կիպրական համագործակցութեան զարգացման ու խորացման վերաբերող փաստաթուղթեր, մասնաւորաբար` Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան եւ Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ 2016-2018-ի համագործակցութեան ծրագիրը, Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Կիպրոսի կրթութեան եւ մշակոյթի նախարարութեան միջեւ կրթութեան եւ գիտութեան 2016-2020-ի համագործակցութեան մասին գործնական ծրագիրը, Հայաստանի կառավարութեան եւ Կիպրոսի կառավարութեան միջեւ երկու երկիրներու բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ ուսումը սկսելու եւ շարունակելու նպատակով բարձրագոյն ուսումնական որակաւորումներու փոխադարձ ճանաչման համաձայնագիրը:
Հանդիպումի աւարտին նախագահները տուած են մամլոյ միացեալ ասուլիս մը: Կիպրոսի նախագահը ողջունած է այս այցելութիւնը, որ կը ծառայէ հայ-կիպրական բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման` անդրադառնալով այն օգտաշատ քննարկումներուն, որոնք կատարուած են հանդիպումին ընթացքին: «Երկու երկիրներուն միջեւ ստորագրուած են տասնհինգ համաձայնագիրներ, որոնք ցոյց կու տան Կիպրոսի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող սերտ կապերը: Անշուշտ պէտք է նշեմ, որ մեր եղբայրական յարաբերութիւններուն վկայութիւնն է նաեւ Կիպրոսի գաղութին աշխուժ ներկայութիւնը: Մեր հայ հայրենակիցները երկու երկիրները շաղկապող շատ կարեւոր օղակ են, եւ անոնք կրնան Հայաստանը մնայուն կերպով պահել կիպրոսցիներուն սրտին մէջ: Այսօր նկատի առնելով մեր պատմական, մշակութային եւ կրօնական կապերը` կը վերահաստատենք մեր պատրաստակամութիւնը շարունակելու եւ աշխուժացնելու համագործակցութիւնը թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ միջազգային կազմակերպութիւններուն մէջ` միշտ նկատի առնելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն փոխադարձ յարգանքը», ըսած է Կիպրոսի նախագահը:
Անոր համաձայն, բանակցութիւններուն ընթացքին անդրադարձ կատարուած է թէ՛ կիպրական հարցին, թէ՛ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի վերջին զարգացումներուն, քննարկուած են Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւս իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է այս այցելութեան ընթացքին կատարուած տարբեր մարզերու վերաբերող բանակցութիւններն ու գոյացած համաձայնութիւնները` հաստատելով, որ երկուստեք անհրաժեշտ նկատած են բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւնները, որոնց շնորհիւ հետեւողական կերպով ներուժ կը ստանան երկկողմանի քաղաքական երկխօսութեան, միջխորհրդարանական համագործակցութեան եւ կրթամշակութային կապերը: «Վերահաստատեցինք մեր յանձնառութիւնը` պահպանելու քաղաքական երկխօսութեան աշխուժութիւնը եւ աշխատելու համագործակցութեան օրակարգը բազմազանեցնելու ուղղութիւններով, որոնց իրագործումը սոյն այցելութեան ընթացքին ստորագրուող փաստաթուղթերու շրջագիծին մէջ պէտք է տեսնել: Հայ-կիպրական համագործակցութեան զարգացման ծիրին մէջ յատուկ կերպով կարեւոր նկատեցինք զինուորական մարզին մէջ հաստատուած արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը եւ անոր շարունակական ընդլայնումը», դիտել տուած է հանրապետութեան նախագահը:
Սերժ Սարգսեան շեշտած է, որ անհրաժեշտ նկատուած է յատուկ ուշադրութիւն դարձնել եւ խթանել երկկողմանի առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւնները:
Լուսարձակի տակ առնուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը, Կիպրոսի կառուցողական եւ հաւասարակշռուած դիրքորոշումը:
Աւարտին Հայաստանի նախագահը վստահութիւն յայտնած է այն մասին, որ Հայաստանն ու Կիպրոսը կը շարունակեն միասնաբար աշխատիլ յանուն աւելի լաւ ու բարգաւաճ ապագայի: