Օհանեանն Ու Քասփըրչիքը Քննարկած Են Իրավիճակը Շփման Գիծին Վրայ
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 21 յունուարին ընդունած է ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքը: Պաշտպանութեան նախարարութեան փոխանցումով, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի ու Ազրպէյճանի պետական սահմանին վրայ, Լեռնային Ղարաբաղի ու Ազրպէյճանի ուժերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը: Նախարար Օհանեան ներկայացուցած է վերջին շրջանին ազրպէյճանական կողմէն հրահրուող սադրանքները եւ հայկական կողմին պատասխան գործողութիւնները: Օհանեան անգամ մը եւս լուսարձակի տակ...




















