Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Բարեկամութեան շքանշանով պարգեւատրած է «Ճէյ.Սի.էյ.» ադամանդի գործարանի տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գագիկ Աբրահամեանը: Այս մասին կը յայտնէ Քրեմլինի պաշտօնական կայքը:
10 մարտ 2016-ին Քրեմլինի Եքաթերինեան սրահին մէջ, ռուս-հայկական յարաբերութիւններու զարգացման մէջ իր բերած նպաստին համար Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Գագիկ Աբրահամեանին շնորհեց բարեկամութեան շքանշան: