Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ Հանդիպում` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ Արա Յարութիւնեանին Հետ

Մարտ 15, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

tesban_31416

Երէկ` երկուշաբթի, 14 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՀՅԴ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի  ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին վարչապետին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդական եւ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, դեսպանատան քարտուղարներ Դաւիթ Միրզախանեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետը ողջունելէն ետք ներկաները նշեց, թէ ընթացիկ տարին Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25-ամեակն է: Այս գծով ան կարեւոր նկատեց ձեռնարկներով հանդէս գալ ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի մէջ, այլեւ ներկայանալ սփիւռքի մէջ սփիւռքահայութեան: Վարչապետը ըսաւ, թէ Արցախի 25-ամեայ յաջողութիւնը աչքի առջեւ ունենալով, պարտաւոր ենք  գալիք 25-ամեակի ծրագիրներ մշակել, այս առումով ալ պէտք չէ Արցախի զարգացման ծրագիրներու գործադրութիւնը եւ իրականացումը թողուլ միայն Արցախին եւ արցախցիներուն, այլ պէտք է ներգրաւել ամբողջ հայութիւնը:

Ան հաստատեց, որ քաղաքական առումով Արցախը կայացած է իր ժողովրդավարութեամբ,  սահմանադրութեամբ եւ կառավարութեամբ, բայց տնտեսութեան առումով առկայ են որոշ դժուարութիւններ:

Խօսելով  Արցախի մարտահրաւէրներուն մասին` վարչապետ Յարութիւնեան դիտել տուաւ, որ առաջին մարտահրաւէրը սահմանն է: Ան յայտնեց, որ բանակը կայուն է եւ  յագեցած,  իսկ զինուորական առումով հայկական կողմի նախատեսած մարտահրաւէրները յստակ են եւ որոշ:

Իսկ երկրորդ մարտահրաւէրը, դիտել տուաւ ան, ժողովրդագրութիւնն է` կապուած ընկերային- տնտեսական պայմաններուն հետ: Այս գծով ան կարեւոր նկատեց տնտեսական ծրագիրներու իրականացման համար տնտեսական ներդրումները եւ ըսաւ, թէ միջազգային տնտեսութեան բացակայութենէն մեծապէս կը տուժէ Արցախ, իսկ ասոր դիմաց ալ հայկական կողմի դրամագլուխները ընդհանրապէս բացակայ են:

Վարչապետը մատնանշեց սփիւռքի մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը Արցախի տնտեսութեան կայունացման ու զարգացման գործին մէջ: Ան ըսաւ, թէ այս գծով ամէն սփիւռքահայ  իր ներդրումը պէտք է ունենայ: Երկրէն հեռանալու կամ հեռու մնալու հիմնաւորումներ ունենալը անթոյլատրելի են, նշեց վարչապետը, ապա կոչ ուղղեց  քաղաքական կուսակցութիւններուն միաւորուելու Հայաստանի եւ Արցախի շուրջ:

Վարչապետ Արա Յարութիւնեան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, որոնք կը վերաբերէին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքական իրադարձութիւններուն, տնտեսական պայմաններուն, քաղաքական կեանքի կայունացման, սահմանային ընդհարումներուն, տնտեսական մարզի ներդրումներու կարելիութեան, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ գործող կուսակցութիւններուն, ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն եւ միջազգային ճնշումներուն:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Գիրքի Փառատօնի Ծիրին Մէջ. «Պանք Օթոման» Գիրքը Ոչ Թէ Այսօրուան, Այլ Նաեւ Գալիք Սերունդներուն Գիրքն Է» Ընդգծեց Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Յաջորդը

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի 6-րդ Տարեկան Ժողովին. «Ունինք 25-Ամեայ Երիտասարդ, Բայց Հմուտ Եւ Իմաստուն Արցախ, Զոր Միասնաբար Պէտք Է Զարգացնենք» Յայտարարեց Վարչապետ Արա Յարութիւնեան

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?