

Երէկ` չորեքշաբթի, 16 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Մեսրոպի «Ֆրէտ Հարթման եւ Տատա Ռօսթէմ» գիրքի մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը: Ներկայ էին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պէյրութի Հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտի հիմնադիր տէր եւ տիկին Յարութ եւ Մանուշակ Շահպազեաններ եւ ֆոնտի անդամներ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Անդրանիկ Մսըրլեան, մրցանքի դատական կազմի անդամներ, մտաւորականներ, հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, աշակերտներ:

Հանդիսութեան առաջին խօսքը փոխանցեց տնօրէն Յակոբ Հաւաթեան, որ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան անունով նախ իր երախտագիտութիւնը փոխանցեց տէր եւ տիկին Յարութ եւ Մանուշակ Շահպազեաններուն, որոնք այսպիսի նախաձեռնութիւններու հովանաւորութեամբ կու գան աւելիով յաւերժացնելու իրենց վաղամեռիկ զաւկին յիշատակը: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց մասնակից վարժարաններու տնօրէնութեանց եւ ուսուցչական կազմերուն, ինչպէս նաեւ դատական կազմի անդամներուն եւ գիրքի խմբագիր Յարութիւն Քիւրքճեանին, որոնք դերակատար դարձան այս մրցանքի յաջողութեան: Հաւաթեան նշեց, որ թէեւ գիրքը քիչ մը դժուար բաժիններ կը պարփակէր, այսուհանդերձ աշակերտները յաջողած էին խորանալ անոր բովանդակութեան մէջ եւ ապահովել գոհացուցիչ արդիւնքներ: Ան հաստատեց, որ մասնակցող բոլոր աշակերտներն ալ մրցանակակիր կարելի է նկատել` տրուած ըլլալով, որ անոնք կարեւոր աշխատանք մը կատարած էին: Ան մաղթեց, որ յառաջիկային այսպիսի ձեռնարկներու ընթացքին մասնակիցներուն թիւը աճի, որպէսզի հայ լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը շարունակեն կենդանի ու տիրական ներկայութիւն դառնալ մեր կեանքին մէջ:

Այս առիթով իր սրտի խօսքը փոխանցեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի տնօրէն Վիգէն Աւագեան, որ գնահատեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան այս նախաձեռնութիւնը եւ իր երախտագիտութիւնը յատնեց ծրագիրի հովանաւոր Շահպազեան ընտանիքին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութեան խօսք ուղղեց ուսուցիչներուն, որոնք մղեցին աշակերտութիւնը այս մրցանքին մասնակցելու եւ լաւապէս պատրաստուելու: Ան բարձր գնահատեց աշակերտութեան ցուցաբերած գիտակցութիւնը նման ծանր պարտականութեան մը դիմաց դնելով ինքզինք եւ իր ծանրաբեռնուած առօրեային մէջ նաեւ ժամանակ տրամադրելու այսպիսի հաստափոր գիրքի մը ընթերցանութեան:

Աւարտին իր պատգամը փոխանցեց նաեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ հաստատեց, որ հակառակ հայ գիրի ու գրականութեան նկատմամբ յամեցող անտարբերութեան եւ արձանագրուած նահանջին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան այս նախաձեռնութիւնը մեր կեանքին մէջ յոյս սփռող եւ մեզ ուրախացնող երեւոյթ է: Ան գնահատեց աշակերտները իրենց մասնակցութեան համար եւ մաղթեց, որ անոնք շարունակեն հայ գիրքի նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը: Սրբազան հայրը գնահատեց նաեւ Շահպազեան ընտանիքը, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններու ճամբով կը սատարէ նորահաս սերունդներու հայեցի կազմաւորման:
Ձեռնարկի աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը: Ա. մրցանակի արժանացան Մելիսա Գուճանեան եւ Միսաք Գանտահարեան` Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճէն, Բ. մրցանակի արժանացաւ Ռիթա Սարգիսեան` Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճէն, իսկ Գ. մրցանակին արժանացաւ Սէրլի Կարապետեան` Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Ս. Խաչ -Հարպոյեան վարժարանէն: Յայտնենք, որ «Սեպուհ Շահպազեան» ֆոնտին կողմէ առաջին հանդիսացողները ստացան 1.000.000 լ.ո. նիւթական պարգեւ, երկրորդը` 750.000 լ.ո., իսկ երրորդը` 500.000 լ.ո.: Մրցանակակիրները նուէր ստացան նաեւ արուեստի գործեր, տրամադրուած` արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի կողմէ:
Առ ի գնահատանք այս մրցանքին առիթով իր կատարած աշխատանքին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէնութիւնը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան եւ Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարաններու հայոց լեզուի դասատու Մատլէն Վարդանեանը:


