Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի 6-րդ Տարեկան Ժողովին. «Ունինք 25-Ամեայ Երիտասարդ, Բայց Հմուտ Եւ Իմաստուն Արցախ, Զոր Միասնաբար Պէտք Է Զարգացնենք» Յայտարարեց Վարչապետ Արա Յարութիւնեան

Մարտ 15, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

ari-1_31416

Կազմակերպութեամբ «Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ»-ի (ԱՌԻ) վարչութեան, երէկ` երկուշաբթի, 14 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Տորայի «Ինտի Ռեսթորընթ էնտ Լաունչ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՌԻ- 6-րդ տարեկան ընդհանուր ժողովը` ներկայութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի:

Սուրէն Սարգիսեան
Սուրէն Սարգիսեան

Բացման խօսքով վարչութեան ատենապետ Սուրէն Սարգիսեան ողջունեց ներկաները եւ սեղմ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան յայտագիրի գլխաւոր կէտերը, որոնց ծիրին մէջ ԱՌԻ-ի գործունէութեան մասին զեկուցումներ ներկայացուեցան:

Սարգիսեան այս առիթով ներկայացուց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանի ընկերակցող պատուիրակութիւնը` յատուկ կերպով ողջունելով Լեռնային Ղարաբաղի քաղաքաշինութեան նախարար Կարէն Շահրամանեանը, Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ալիոշա Գաբրիէլեանը, Լեռնային Ղարաբաղի Ակրոֆոնտի գործադիր տնօրէն եւ ԱՌԻ-ի բաժնետէր Աշոտ Բախշեանը եւ վարչապետի օգնական Աշոտ Մարգարեան:

Սարգիսեան ապա անդրադարձաւ ԱՌԻ-ի գործունէութեան` ամփոփ կերպով թուելով ցարդ արձանագրուած իրագործումները, որոնց շարքին նախ եւ առաջ` Առիաւանի կառուցումը: Այս գծով ան բաժնետէրերուն առաջարկեց աւելցնել ներդրումներու քանակը, ծանօթացնել ԱՌԻ-ն մեր բարեկամներուն եւ անոնց բացատրել ԱՌԻ-ի գործունէութեան եւ բարգաւաճման երթին մասին:

Ապա 12 վայրկեան տեւողութեամբ տեսերիզ մը ցուցադրուեցաւ անգլերէնով եւ հայերէնով` Արցախի իրավիճակին եւ ԱՌԻ-ի գործունէութեան մասին:

Ապա խօսք առաւ Աշոտ Բախշեան, որ ողջունելով ներկաները շնորհակալութիւն յայտնեց` ԱՌԻ-ի ճամբով Արցախին օգնող բոլոր բաժնետէրերուն եւ «հրաշալի» որակեց ԱՌԻ-ի գործունէութիւնը: «Աշխատանքով պաշտպանել մեր հայրենիքը», կարգախօսը յիշեցնելով, Բախշեան դիտել տուաւ անհատական նախաձեռնութեանց եւ արտաքին օժանդակութեանց անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով, որ միայն Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան միջոցներով կարելի չէ իրագործել այդ ամէնը:

Ընթրիքի դադարէն ետք ատենապետ Սարգիսեան բեմ հրաւիրեց վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ իր վայելած ջերմ ընդունելութեան համար եւ ըսաւ. «Ամէն անգամ որ Պէյրութ կ՛այցելեմ, ես կը լիցքաւորուիմ»: Ան յետադարձ հակիրճ ակնարկով անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան նորագոյն փուլի իրագործած քայլերուն` յիշեցնելով, որ «25-ամեայ անկախ Արցախի Հանրապետութիւն կերտած ենք»:

Վարչապետ Արա Յարութիւնեան
Վարչապետ Արա Յարութիւնեան
Մասիս Ալեքսանտրեան
Մասիս Ալեքսանտրեան

Հարց տալով, թէ յաջորդ 25-ամեակին ի՞նչ կրնանք ընել, վարչապետ Յարութիւնեան ընդգծեց ազատ եւ անկախ Արցախի Հանրապետութեան առաւել եւս բարգաւաճումն ու ճանաչումը միջազգային ընտանիքին կողմէ: «Այսօր, Արցախի բանակը ի վիճակի է ոչ միայն պաշտպանելու Արցախը, այլ նաեւ` պատժելու հակառակորդը, Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորուած է», ընդգծեց Յարութիւնեան: Ան շեշտեց մարդուժի հզօրացման եւ հայրենական ոգիիի, քաջալերանքի ու հաւատքի ամրագրման անհրաժեշտութիւնը` տնտեսական հզօրանքի կողքին: «Ունինք 25-ամեայ երիտասարդ, բայց հմուտ եւ իմաստուն Արցախ, զոր միասնաբար պէտք է զարգացնենք», եզրափակեց վարչապետ Յարութիւնեան: Ապա ան պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն: 2007-ի տուեալներուն հիման վրայ համախառն ներքին արդիւնքի տարեկան 9-10 համեմատութեամբ աճ արձանագրուած էր Արցախի մէջ:

Կառուցուած են 13 ջրելեկտրակայաններ եւ քսան նորերու կառուցումը ընթացքի մէջ է: Արցախի մէջ թիւ մէկ ներդրող գործատէրն է Զուիցերիոյ «Ֆրանք Միւլըր» ժամագործական ընկերութեան սեփականատէր Վարդան Սրմաքէշ, որ աւելի քան 120 միլիոն տոլարով ներդրում կատարած է Արցախի մէջ: Երկրորդ ներդրողը` լիբանանցի Փիեռ Ֆաթթուշ, «Ղարաբաղ թելեքոմ»-ի սեփականատէր, որ 50-70 միլիոն տոլարի ներդրում կատարած է:

Ապա ԱՌԻ-ի խորհուրդի անդամ Մասիս Ալեքսանտրեան խօսեցաւ ԱՌԻ-ի իրագործումներուն մասին` յիշեցնելով, որ վեց տարի առաջ 16 բաժնետէրով սկսած այս նախաձեռնութիւնը այսօր ունի 187 բաժնետէր: Ինչպէս նաեւ` 325 հազար տոլարով սկսած աշխատանքը այսօր հասած է 3 միլիոն 671 հազար տոլար գումարի: Սահիկներու օգնութեամբ Ալեքսանտրեան մանրամասնեց Արցախի ազգայիններուն օգնելու եւ շրջանի բարգաւաճման ծառայող ԱՌԻ-ի ծրագիրներու արձանագրած յաջողութեան մասին:

Այս առիթով ներկաներուն տրուեցաւ 2015-ի ԱՌԻ-ի տարեկան գործունէութեան տեղեկագիրէն օրինակ մը:

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ Հանդիպում` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ Արա Յարութիւնեանին Հետ

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ
Գաղութային

«Սրտի ներդաշնակութիւն. ձայն եւ կիթառ» համերգ

Հոկտեմբեր 21, 2025
Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ, Կալանքի Միջնորդութիւն Ներկայացուեցաւ

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?