Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պետական Բարձր Պարգեւներ Յանձնած Է Շարք Մը Բարերարներու

March 23, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Barkev_32216

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, հայրենիք-սփիւռք կապերու  ամրապնդման գործին մէջ ներդրում ունենալու նշանակալի աւանդին, ինչպէս նաեւ բարեգործական աշխուժ գործունէութեան համար, «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի գործադիր մարմինի եւ հոգաբարձուներու խորհուրդի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ շարք մը անհատ բարերարներ պարգեւատրած է պետական բարձր պարգեւներով:

Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն:

16413_b16412_b16411_b

«Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» Ա. աստիճանի մետալով պարգեւատրուած է «Փիւնիկ» մարդկային պաշարներու զարգացման համահայկական հիմնադրամի գործադիր մարմինի ղեկավար Լեւոն Սարգսեան, «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» Բ. աստիճանի մետալով` «Փիւնիկ» հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Շահէ-Յակոբ Գարամանուկեան: Երախտագիտութեան մետալի արժանացած են բարերարներ Սարգիս Գազանճեան, Վիգէն Չեմպերճեան, Արթին Վարդանեանը եւ Արուշ Եսայեան:

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ երեկոյեան տեղի ունեցած պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին հանրապետութեան նախագահը յանձնած է պարգեւները, շնորհաւորած պարգեւատրուածները եւ հայրենանուէր ձեռնարկումներու համար շնորհակալութիւն յայտնած բարերարներուն ու բոլոր անոնց, որոնք որեւէ մասնակցութիւն ունեցած են «Փիւնիկ» հիմնադրամի գործունէութեան: Նշելով, որ հիմնադրամը անցեալ տարիներուն ընթացքին տարբեր մարզերու մէջ բարեգործական բազմաթիւ ծրագիրներու իրականացման նպատակով զգալի միջոցներ ներդրած է, որ արդէն մօտեցած է հարիւր միլիոն տոլարի, հանրապետութեան նախագահը կարեւոր նկատած է ոչ այնքան այն, թէ որքա՛ն գումարներ ծախսուած է, այլ «Փիւնիկ»-ի հոգաբարձուներու խորհուրդին, անդամներուն, համակիրներուն կամեցողութիւնն ու շատ յատուկ գործերով աշխուժ մասնակցութիւնը մեր երկրի խնդիրներու լուծման: Նախագահ Սերժ Սարգսեան յատուկ շնորհակալութիւն  յայտնած է «Փիւնիկ»-ի համահիմնադիր, բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանին` պետութեան զարգացման ուղղուած ծրագիրներուն անձնական միջոցներէ կատարած յատկացումներու, նուիրուածութեան եւ մշտապէս հայրենիքին օգտակար ըլլալու պատրաստակամութեան համար:

Իր խօսքին մէջ նախագահը բարձր գնահատած է երկրին մէջ ընկերային պատասխանատուութիւն ունեցող բոլոր կազմակերպութիւններուն, գործարարներուն կամաւոր բարեգործական ձեռնարկները` ընդգծելով, որ անոնք, իսկապէս, կարեւոր ու մեծ գործ կը կատարեն:

«Փիւնիկ» հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Սուրէն Նալճեան հակիրճ կերպով ներկայացնելով «Փիւնիկ»-ի անցած ուղին եւ գործունէութիւնը` նշած է, որ սփիւռքահայ բարերար Գաբրիէլ Չեմպերճեանի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Լեւոն Սարգսեանի կողմէ հիմնուած «Փիւնիկ» հիմնադրամը տակաւին 1998 թուականէն բարեգործական ծրագիրներ իրականացուցած է սփիւռքի հայկական գաղթօճախներուն մէջ:

 

 

Նախորդը

Մինչ Խորհրդարանը Այսօր Դարձեալ Կը Փորձէ Ընտրել Հանրապետութեան Նախագահ Մը. Լիբանան Պաշտօնապէս Կը Դատապարտէ Պելճիքան Թիրախ Դարձուցած Ահաբեկչութիւնները

Յաջորդը

Դաւիթ Լոքեան Հանդէս Եկած Է Դասախօսութեամբ` Զինուած Ուժերու Ղեկավար Կազմի Գործնական Վարժութիւններու Հաւաքի Ժամանակ

RelatedPosts

Խմբագրական.   Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի  Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նոր Ռազմավարութիւն` Ազրպէյճանի Մշակութային Ցեղասպանութեան Դէմ

September 15, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.