Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրքիան Հասկցած Է, Որ Ֆրանսայի Մէջ Հայ Համայնքը Լուրջ Գործօն Է» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

March 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

MPapazian_32316

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան «Արմէնփրես»-ի մամլոյ սրահին մէջ իր տուած մամլոյ ասուլիսին մէջ յայտնեց, որ Ֆրանսայի բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ 24 ապրիլին տեղի պիտի ունենան ցոյցեր եւ տարբեր միջոցառումներ` ընդգծելով, որ բոլոր ձեռնարկները պիտի ունենան պահանջատիրական բնոյթ:

«Փարիզի մէջ կազմակերպուող ձեռնարկները կառավարական բնոյթ ունին: Հերթական տարին է, որ մենք 24 ապրիլի ձեռնարկները կը կազմակերպենք Ֆրանսայի կառավարութեան հետ միասնաբար, անոնց կը մասնակցին կառավարութեան ներկայացուցիչները: Թեման է. «Արդարութեան քայլարշաւ»: Մենք կ՛ուզենք ցոյց տալ, որ 100-ամեակով ոչինչ կը վերջանայ: Մենք պահանջատէր ենք, եւ Թուրքիան պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը: Նախորդ տարիներուն Ֆրանսայի մէջ մենք լուրջ աշխատանք տարած ենք, որպէսզի ունենանք կառավարութեան համակրանքը: Հայ համայնքը ամուր կապեր հաստատած է նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի հետ», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

Ֆրանսայի մէջ հայ համայնքէն բացի աշխուժ կերպով կ՛աշխատի նաեւ Թուրքիան: Մուրատ Փափազեան նշեց, որ հայ եւ թուրք համայնքներուն միջեւ կայ քաղաքական մրցակցութիւն: Անոր խօսքով, երբ Ֆրանսուա Հոլլանտ դարձաւ նախագահ, Թուրքիան նպատակ դրած էր փճացնել նախագահին եւ հայ համայնքին յարաբերութիւնները:

«Թուրքիան կ՛ուզէր ստեղծել այն տպաւորութիւնը, թէ Ֆրանսուա Հոլլանտ ծախած է հայերը, սակայն տեղի ունեցաւ հակառակը: Ֆրանսուա Հոլլանտ կանգնեցաւ հայ համայնքին կողքին: Երբ գնաց Թուրքիա, նախագահ Հոլլանտ խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին, 100-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ եկաւ Հայաստան: Ինք նաեւ կը ձգտի շեշտը դնել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները ալ աւելի զարգացնելու վրայ: Մենք պնդեցինք, որ Ֆրանսան աւելցնէ իր ազդեցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին մէջ: Ֆրանսան հանդէս եկաւ առաջարկներով եւ կողմնակից է խնդիրի խաղաղ լուծման», աւելցուց Մուրատ Փափազեան:

Մուրատ Փափազեան նշեց, որ թուրքերուն հետ քաղաքական մրցակցութեան մէջ Ֆրանսայի հայ համայնքը թոյլ չէ: Ըստ անոր, Թուրքիան հասկցած է, որ հայ համայնքը լուրջ գործօն է, եւ այժմ Ազրպէյճանի հետ զգալի միջոցներ կը ներդրէ հակահայկական քարոզչութեան գործին մէջ:

Անդրադառնալով Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող նախագիծի մշակման հոլովոյթին` Փափազեան նշեց, որ այս հարցին մէջ կայ Ֆրանսայի նախագահին աջակցութիւնը:

«Իրաւական խնդիր ունինք` կապուած խօսքի ազատութեան, եւ, ինչպէս գիտէք, Փերինչեքի դատավարութեան ժամանակ շեշտը ճիշդ ատոր վրայ դրուեցաւ: Այժմ պէտք է այնպէս ընել, որ նախագիծը իրաւական ամուր հիմքերու վրայ ըլլայ: Մենք կապի մէջ ենք նախագիծի մշակման հարցերով զբաղող Ժան Փոլ Քոսթայի հետ: Ապրիլի կէսերուն, ըստ երեւոյթին, պատրաստ պիտի ըլլայ: Բայց այստեղ խնդիր մը կայ: Գաղթականներու հարցով պայմանաւորուած` Թուրքիան նոր կարեւորութիւն ստացած է Եւրոպական Միութեան մօտ, եւ ատիկա կրնայ ազդեցութիւն ունենալ մեր հարցին վրայ: Թերեւս փորձ կատարուի դանդաղեցնելու հոլովոյթը, սակայն մենք կը հետեւինք իրադարձութիւններուն», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, անդրադառնալով Հայաստանի կառավարութեան մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան գոյութեան, դիտել տուաւ, որ ատիկա կը նշանակէ սփիւռքին ներկայութիւնը, եւ շատ լաւ է, որ համահայկական բնոյթ ունեցող կուսակցութիւնը կառավարութեան մէջ է: «Քննարկուեցաւ այն, թէ Դաշնակցութիւնը ինչպէ՛ս կրնայ օգտակար ըլլալ հայ ժողովուրդին` մնալ իբրեւ ընդդիմութի՞ւն, թէ՞ իշխանութեան մաս կազմել: Որոշուեցաւ իշխանութեան մէջ ըլլալ, բայց դրուեցան պայմաններ, որոնք ընդունուեցան», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:

 

Նախորդը

Մինսքի Խմբակը Կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Զինադուլի Պահպանման Ռոյս-Էնկել Առաջարկներուն

Յաջորդը

Նալբանդեան. «Ազրպէյճանի Ղեկավարութիւնը Կորսնցուցած Է Իրականութեան Զգացումը»

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.