Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինսքի Խմբակը Կ՛աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Գօտիին Մէջ Զինադուլի Պահպանման Ռոյս-Էնկել Առաջարկներուն

March 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճէյմս Ուորլիք
Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Ամերիկայի ձայն»-ին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ յայտարարած է, որ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն վերջնական նպատակը եւ գլխաւոր առաջնահերթութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին երկարատեւ լուծումն է:

«Զինադադարի դրութեան խախտման դէպքերը մեծ մտահոգութեան առիթ են մեզի համար: Նախորդ տարուան յունուարին արձանագրուած բախումները մրցանշային էին զինադուլի կնքումէն ի վեր: Ամէնէն մտահոգիչը խաղաղ բնակչութեան կրած կորուստներն են: Մենք կը քննադատենք ծանր հրետանիի գործածութիւնը», նշած է Ուորլիք:

Մինսքի խմբակի համանախագահները մարտի սկիզբը Թիֆլիսի մէջ մասնակցած են խորհրդակցութեան, որ հրաւիրուած է «Հաշտեցման միջոցներ» կազմակերպութեան ջանքերով: Ներկայացուած եղած են թէ՛ հայկական, թէ՛ ազրպէյճանական կողմերը: «Երկխօսութեան որեւէ հարթակ կարեւոր է», ըսած է Ուորլիք:

Ինչ կը վերաբերի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Էտ Ռոյսի եւ դեմոկրատական գործիչ Էլիոթ Էնկելի առաջարկներու ծրագիրին` Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին եւ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ զինադուլի դրութեան պահպանման վերաբերեալ, Ուորլիք նշած է, որ Մինսքի խմբակը կ՛աջակցի առաջարկին:

«Թէեւ վերջնական նամակը տակաւին չենք տեսած, սակայն առաջարկները, որոնք կատարուած են Էտ Ռոյսի կողմէ, ստացած են Մինսքի խմբակի համանախագահներուն աջակցութիւնը, ատիկա պէտք է աջակցութիւն ստանայ բոլոր կողմերէն: Մենք կը պահանջենք զինադուլի պահպանում», ըսած է ամերիկացի համանախագահը:

Միացեալ Նահանգներու օրէնսդիրները կ՛առաջարկեն երեք շօշափելի քայլեր, որոնք կրնան նպաստել շրջանին մէջ բոլոր քաղաքացիներուն համար համապարփակ եւ տեւական խաղաղութեան հաստատումին: Անոնց ներկայացուցած նամակին մէջ, որուն տակ ստորագրած են 80 քոնկրեսականներ, կոչ կ՛ուղղուի համաձայնութիւն ձեռք բերել բոլոր կողմերէն` արձակազմեր չտեղակայել շփման գիծին վրայ, ԵԱՀԿ-ի կողմէ վերահսկուող կրակոցները ճշդող զարգացած համակարգեր եւ ձայնային սարքաւորումներ տեղակայել` յարձակումներու աղբիւրը ճշդելու համար եւ ԵԱՀԿ-ի հսկիչներ տեղակայել` շփման գիծին վրայ զինադուլի խախտումներու դէպքերը աւելի լաւ վերահսկելու համար:

 

Նախորդը

Հայաստան Կ՛այցելէ Վրաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

«Թուրքիան Հասկցած Է, Որ Ֆրանսայի Մէջ Հայ Համայնքը Լուրջ Գործօն Է» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.