Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան. «Ազրպէյճանի Ղեկավարութիւնը Կորսնցուցած Է Իրականութեան Զգացումը»

Մարտ 24, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Pago_Nalbandian_32316

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 23 մարտին այցելած է Ստեփանակերտ, ուր ընդունուած է Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ:

Նախագահ Սահակեանն ու նախարար Նալբանդեանը հանգամանալից զրոյց ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին շուրջ, անդրադարձած են այդ ուղղութեամբ Արցախի, Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուող ջանքերուն: Երկուստեք կարեւոր նկատուած են Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ աշխուժ եւ համակարգուած աշխատանքը:

Էդուարդ Նալբանդեան նաեւ այցելած է Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր հանդիպում ունեցած է Արցախի իր պաշտօնակիցին` Կարէն Միրզոյեանի հետ: Անդրադարձ կատարուած է Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան սերտացման, պարբերական խորհրդատուութիւններու կայացման եւ կրթական մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան: Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան տեսակցած է նաեւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան ղեկավար կազմին հետ, քննարկուած են Հայաստանի եւ Արցախի արտաքին քաղաքական առաջնահերթութիւնները:

Նոյն օրը Էդուարդ Նալբանդեան Արցախի պետական համալսարանին մէջ հանդիպում ունեցած է կառոյցի դասախօսական կազմին եւ ուսանողներուն հետ, պատասխանած է անոնց բազմաթիւ հարցումներուն: Արձագանգելով վերջին շրջանին Պաքուէն հնչող յայտարարութիւններուն` նախարար Նալբանդեան ըսած է. «Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը եռանախագահող երկիրները սադրիչ կ՛անուանէ այն պատճառով, որ անոնք կ՛առաջարկեն ստեղծել դէպքերու հետաքննութեան գործիքակազմ: Այդ քննադատութիւնը ուղղուած է ոչ միայն համանախագահներուն, այլեւ առնուազն ԵԱՀԿ-ի մէջ ներկայ եւ  նախկին նախագահող երկիրներուն, ՄԱԿ-ին, Եւրոպական Միութեան, ընդհանրապէս բոլոր երկիրներուն եւ կառոյցներուն, որոնք սատարած են եւ կը սատարեն այդ առաջարկին: Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը չի խուսափիր ընդունելէ, որ ինքն է զինադադարի խախտումներու եւ իրավիճակի սրման ետին կանգնողը: Նոյնիսկ կը հպարտանայ այդ գործով: Մէկ կողմ ձգենք, թէ արդեօք Պաքուն իրապէ՞ս կը կարծէ, որ այդտեղ հպարտանալու բան կայ, թէ՞ ատիկա ընդամէնը ներքին սպառման քարոզչական հնարք է, մէկ անգամ եւս պէտք է փաստել, որ Ազրպէյճանի ղեկավարութիւնը կորսնցուցած է իրականութեան զգացումը: Եւ ասիկա կը վերաբերի ոչ միայն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: Անոնք կը պնդեն, թէ՞ Ազրպէյճանը տնտեսապէս ամէնէն կայուն, ամէնէն ժողովրդավար, ամէնէն հանդուրժողական, մարդու իրաւունքներու առումով ամէնէն պաշտպանուած երկիրն է աշխարհի վրայ երկիր մը, որ կրնայ օրինակ հանդիսանալ այլ պետութիւններու համար, երբ տարբեր միջազգային կազմակերպութիւններ, մարդու իրաւունքներով զբաղող միջազգային կառոյցներ հակառակը կ՛ըսեն: Ծուռ հայելիներու  թագաւորութիւն ստեղծուած է այդ երկրին մէջ, որուն ղեկավարները, նայելով այդ հայելիներուն մէջ, կը հրճուին իրենք իրենցմով եւ կոչ կ՛ուղղեն այլոց` ապրելու նման ծուռ հայելիներու աշխարհի մը մէջ», հաստատած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:

Նախորդը

«Թուրքիան Հասկցած Է, Որ Ֆրանսայի Մէջ Հայ Համայնքը Լուրջ Գործօն Է» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Ծովեզերեայ Շրջանին Մէջ Կուտակուած 30 Հազար Թոն Աղբերու Փոխադրութիւնը Ընթացք Առած Է

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?