Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաւիթ Լոքեան Հանդէս Եկած Է Դասախօսութեամբ` Զինուած Ուժերու Ղեկավար Կազմի Գործնական Վարժութիւններու Հաւաքի Ժամանակ

Մարտ 23, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lokian_32216

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու 2016-ի  պատրաստութեան ծրագիրին համաձայն, 21 մարտին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան վարչական համալիրին մէջ սկսած են զինուած ուժերու ղեկավար կազմի գործնական վարժութիւններու հաւաքները, որոնք նպատակ ունին կատարելագործել հրամանատարներու եւ անոնց զօրքերու տեսական եւ գործնական ունակութիւնները, ռազմավարական եւ գործնական-մարտավարական օղակներու կառավարման մարմիններու ներդաշնակութեան աստիճանը, բարձրացնել զինուած ուժերու ղեկավար կազմի մասնագիտական պատրաստութեան մակարդակը:

Երէկ, հերթական գործնական վարժութիւններու հաւաքին ընթացքին, Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարար Դաւիթ Լոքեան հանդէս եկած է դասախօսութեամբ` «Տարածքային կառավարման մարմիններու  աշխատանքը զօրահաւաքի ապահովման ուղղութեամբ» նիւթով: Դասախօսութեան ներկայ գտնուած է պաշտպանութեան նախարարութեան, զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան  ղեկավար կազմը` պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի եւ զինուած ուժերու  ընդհանուր հրամանատար Եուրի Խաչատուրովի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով ներկաները` Դաւիթ Լոքեան ներկայացուցած է տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան կողմէ զօրահաւաքային նախապատրաստութեան մարզին մէջ կատարուած աշխատանքները:

Իր դասախօսութեան ընթացքին նախարարը արծարծած է տարածքային համաչափ զարգացման, ինչպէս նաեւ տարածքներու տնտեսական զարգացման վերաբերող հարցեր, որոնք անմիջականօրէն կ՛առնչուին պետութեան պաշտպանութեան համակարգին:

Այս մասին կը տեղեկացնեն Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ զարգացման նախարարութեան մամլոյ  ծառայութենէն:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պետական Բարձր Պարգեւներ Յանձնած Է Շարք Մը Բարերարներու

Յաջորդը

Դատապարտագիր

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?