Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով` Կիներու Իրաւունքներու Յարգումը Պահանջող Քայլարշաւ
Կանանց միջազգային օրուան առիթով կանանց իրաւունքներու պաշտպանութեան գաղափարը միաւորած է Երեւանի, Լոռիի եւ Շիրակի մարզերէն կիներ ու այրեր, ինչպէս նաեւ քիւրտեր, հաշմանդամներ: Երեւանի Իսահակեանի արձանի մօտէն ընթացք առած է կանանց իրաւունքներու միջազգային օրուան նուիրուած քայլարշաւը: Կին գործիչները, կիներու իրաւունքները պաշտպանող նշանաւոր անձնաւորութիւններու լուսանկարներով Աբովեան փողոցով ուղղուած են դէպի Հիւսիսային պողոտայ: «Մենք կը պայքարինք, որ հաւասարութիւն սահմանուի կանանց ու տղամարդոց միջեւ,...




















