
3 մայիսին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի կեդրոնին մէջ հիւրընկալուեցան Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզը, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան քաղաքական եւ տնտեսական բաժինի ղեկավարի տեղակալ Ռուբէն Յարութիւնեանը, որոնք հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանի, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին դեսպանը տեղեակ պահուեցաւ ՀՅԴ Հայաստանի 20-րդ Գերագոյն ժողովի գումարման եւ նորընտիր Գերագոյն մարմինին մասին:
Հանդիպումին մասին խօսելով` Կիրօ Մանոյեան ըսաւ. «Հանդիպումին նախաձեռնութիւնը մեր կողմէ էր, եւ երբ հանդիպման առաջարկը ներկայացուեցաւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատուն, զինուորական գործողութիւնները տակաւին սկսած չէին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծի երկայնքով: Այնպէս որ` այդ զինուորական գործողութիւնները փոխեցին հանդիպումին օրակարգը: Մանրամասն անդրադարձ եղաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին, այս վերջին իրադարձութիւններուն: Մենք յայտնեցինք մեր ակնկալիքները միջազգային համայնքէն, Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներէն, որ անհրաժեշտ է իրերը կոչել իրենց անուններով, անհրաժեշտ է զինադադարի դրութիւնը վերահսկելու մեքանիզմներ հաստատել եւ այդ ուղղութեամբ պէտք է քայլերու ձեռնարկել»:
Հանդիպումին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ ստեղծուած իրավիճակին մէջ, ՀՅԴ-ի կարծիքով, Թուրքիոյ բացասական դերակատարութեան եւ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ հաւանական զարգացումներուն: Անդրադարձ կատարուած է ՀՅԴ-ՀՀԿ քաղաքական համագործակցութեան համաձայնագիրին, ՀՅԴ-ի դիրքորոշումին` ընտրական նոր օրէնսգիրքի եւ ընտրական համակարգի բարեփոխումներուն վերաբերեալ եւ անոնց` Միացեալ Նահանգներու աջակցութեան կարելիութիւններուն:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը յայտնած է, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն համար ներկայիս առաջնահերթութիւնը 1994 թուականի զինադադարի 2016 թուականին վերահաստատուած դրութեան ամրապնդումն է, փոխադարձ վստահութեան ուղղութեամբ քայլերը եւ կողմերը բանակցութեան սեղան վերադարձնելը:
Հայաստանի ընտրական համակարգի բարեփոխումներուն գծով դեսպան Միլզ շեշտած է, որ Միացեալ Նահանգներ աջակցած են եւ կը շարունակեն աջակցիլ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան ամրապնդման, որուն մէջ` ձեւաւորման ընտրական այնպիսի համակարգի մը, որ վստահութիւն պիտի ներշնչէ Հայաստանի ժողովուրդին: Դեսպանը շեշտած է, որ այդ ուղղութեամբ մեծ աշխատանք ունին կատարելիք թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւնները, թէ՛ ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը, եւ թէ՛ քաղաքացիական հասարակութիւնը:
Կողմերը համաձայնած են աւելի յաճախակի դարձնել նման հանդիպումներ:


