Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի Գլխաւորած Հայաստանի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Հասած Է Արցախ

Մայիս 9, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

pago_50816

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան մամլոյ ծառայութենէն կը տեղեկացնեն, թէ վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետութեան  պաշտօնական պատուիրակութիւնը 8 մայիսին հասած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն` մասնակցելու Համաշխարհային Բ. պատերազմի յաղթանակին 71-ամեակին, Արցախի պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան նուիրուած ձեռնարկներուն:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցումով նախագահ Բակօ Սահակեան 8 մայիսին ընդունած է Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան տօնակատարութիւններու նշման  շրջագիծին մէջ Ստեփանակերտ հասած Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտօնական պատուիրակութիւնը` վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպումին քննարկուած են հայկական երկու հանրապետութիւններու  տնտեսական համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: Յատուկ ուշադրութիւն յատկացուած է սահմաններուն վրայ տիրող իրավիճակին եւ հեռանկարային ծրագիրներու իրականացման:

Հանդիպումին մասնակցած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ պաշտօնատար այլ անձինք:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Եւ Հայաստանի
Հանրապետութեան Գործադիր Մարմիններու Անդամները
Ներկայացուցած Են Փոխգործակցութեան Արդիւնքները

ara_50816

8 մայիսին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեանը դիմաւորած է Արցախ հասած` Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքին փոխանցումով` այնուհետեւ, երկու կառավարութիւններու  կարգ մը անդամներուն մասնակցութեամբ, տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն` քննարկելու երկու հանրապետութիւններու գործադիր մարմիններուն  միջեւ համագործակցութեան հիմնական հարցերը:

Վարչապետ Ա. Յարութիւնեան իր ողջոյնի խօսքին մէջ ըսած է. «Կ՛ողջունեմ ձեզ Արցախի մէջ այս կարեւոր ժամանակահատուածին: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորիդ վերջին շրջանին Արցախին ցուցաբերած աջակցութեան համար, մենք զգացած ենք ձեր պատրաստակամութիւնը մասնակցելու հայրենիքի պաշտպանութեան եւ պատիւով լուծելու մեր առջեւ ծառացած խնդիրները: Երկու կառավարութիւնները միշտ սերտ կապի մէջ եղած են, եւ կարեւոր է, որ այս դժուարին օրերուն նոյնպէս մեր բոլոր խնդրանքներն ու առաջարկները ձեր կողմէ արագ բաւարարուած են` այդպիսով անմիջականօրէն մասնակցելով Արցախի անվտանգութեան ապահովման գործին»:

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ուրախութիւն յայտնած է հայկական երկրորդ հանրապետութեան մէջ  գտնուելու առիթով: Ան շեշտած է, որ պատերազմի իբրեւ հետեւանք անգամ մը եւս ապացուցուեցաւ ազգին միասնականութիւնը եւ հայկական զինուած ուժերուն հզօրութիւնը: Յ. Աբրահամեան նշած է, որ Հայաստանի կառավարութեան պատուիրակութիւնը Արցախ կը գտնուի ընթացիկ խնդիրները միասին քննարկելու եւ անոնց լուծումներ տալու նպատակով:

Հայաստանի եւ Արցախի գործադիր մարմիններու անդամները ներկայացուցած են իրենց ղեկավարած մարզերու խնդիրները եւ փոխգործակցութեան արդիւնքները: Անոնք յառաջ մղած են յստակ  առաջարկներ եւ ձեռք բերած փոխադարձ պայմանաւորուածութիւններ` զանոնք կեանքի կոչելու ուղղութեամբ:

Կառավարութիւններու ղեկավարները տուած են համապատասխան յանձնարարականներ` վեր հանուած խնդիրներու արդիւնաւէտ լուծման նպատակով:

Նախագահի Նստավայրին Մէջ Տեղի Ունեցաւ
Պարգեւատրման Հանդիսաւոր Արարողութիւն

Barkevadroum1_50816

Յաղթանակի տօնի, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի եւ Շուշիի ազատագրման օրուան առիթով 8 մայիսին Արցախի Հանրապետութեան նախագահի նստավայրին մէջ տեղի ունեցած է պարգեւատրման հանդիսաւոր արարողութիւն, ուր նախագահը հանդէս եկած է ելոյթով մը:

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան փոխանցումով` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պետական սահմանը պաշտպանութեան եւ հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած արիութեան եւ խիզախութեան համար պաշտպանութեան բանակի խումբ մը զինուորներու, ազատամարտիկներու եւ կամաւորներու յանձնուած են պետական բարձր պարգեւներ:

Ձեռնարկին ներկայ էին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան եւ բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ:

Իր ելոյթին ընթացքին նախագահ Բակօ Սահակեան ըսած է. «9 մայիսի Եռատօնը մեր ամէնէն թանկ ու նուիրական տօներէն է, որ յաղթանակի, անձնուիրութեան, միասնականութեան, խիզախութեան, մեր պատմութեան հերոսական էջերը յիշելու եւ արժեւորելու լաւագոյն խորհրդանիշներէն է, որ առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի Արցախի եւ համայն հայութեան համար, յատկապէս` այս օրերուն:

«Ազրպէյճանը, ապրիլի սկիզբը լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններ  ձեռնարկելով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական սահմանի գրեթէ ամբողջ երկարութեան, անգամ մը եւս փորձեց պատերազմի միջոցով իրականացնել իր ահաբեկչական ու յանցաւոր ծրագիրները մեր ժողովուրդին եւ պետութեան դէմ:

«Եւ միայն մեր պաշտպանութեան բանակի հզօրութեան եւ ուժին, մեր զինուորներուն անօրինակ սխրանքին եւ անկոտրում ոգիին  շնորհիւ կարելի եղաւ արժանի հակահարուած տալ սանձարձակ թշնամիին, որ, կրելով կենդանի ուժի եւ զինուորական սարքերու զգալի կորուստներ, պարտադրուած եղաւ խնդրել զինադադար:

«Այսօր մենք բոլորս լի ենք հպարտութեան զգացումով մեր երիտասարդ սերունդին համար, որ ծնած ու մեծցած է հայկական երկու հանրապետութիւններու անկախութեան տարիներուն:

«Ես կ՛ուզեմ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգենք մեր բոլոր նահատակներուն յիշատակը:

«Մենք խաղաղասէր ժողովուրդ ենք, բայց երբեք չենք հանդուրժեր մեր պետութեան անվտանգութեան դէմ ուղղուած որեւէ փորձ եւ արժանի հակահարուած կը հասցնենք հակառակորդի բոլոր ոտնձգութիւններուն:

Կը մաղթեմ խաղաղութիւն եւ մեծագոյն յաջողութիւններ»:

 

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Ներկայացուցիչներուն Մասնակցութեամբ Խորհրդակցութիւն` Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ

Յաջորդը

Երեւանի Մէջ Սկսաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Խորհրդաժողովը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?