Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Մհեր Ջուլհաճեան» Շարադրական Մրցանքի Հանդիսաւոր Մրցանակաբաշխութիւն

Մայիս 5, 2016
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_0108

Լիբանանահայ ազատամարտիկ Մհեր Ջուլհաճեանի նահատակութեան 10-ամեակին առիթով` 2003 թուականին, ընդառաջելով Արցախի հողը իր թանկ արեամբ ոռոգած նահատակի ընտանիքին առաջարկին, Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդը ծնունդ տուաւ «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքին, որ տեղի կ՛ունենայ տարեկան դրութեամբ եւ կը համախմբէ լիբանանահայ վարժարաններու միջնակարգ ու երկրորդական կարգերու աշակերտութիւնը` ստեղծելով ազնիւ մրցակցութեան խանդավառ մթնոլորտ մը:

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` չորեքշաբթի, 4 մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ կատարուեցաւ 28 նոյեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած «Մհեր Ջուլհաճեան» միջդպրոցական շարադրական մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը` ներկայութեամբ` գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն, մասնակից աշակերտներուն, տնօրէններու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Բալիկ Հապոյեան, որ նկատել տուաւ, թէ սերունդներու համար ներշնչումի աղբիւր կը հանդիսանան անոնք, որոնք կը յայտնուին ճգնաժամային պահերու, երբ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ ժողովուրդներու եւ հայրենիքներու «լինել-չլինել»-ու պայքարը` աւելցնելով, որ հայութիւնը ունի ներշնչումի նման բազմաթիւ օրինակներ, ինչպէս` Վարդանանց սերունդը, արցախեան շարժումը:

«Արցախը ազատութեան գաղափարին հետ միաձուլուած, մարդկային արժանապատուութեան հզօր արտայայտութիւնն էր, որ դարձաւ աւիւն, դարձաւ հերոսամարտ ու նահատակութեան պատգամ` ի պատիւ այն սերունդին, որ հաւատքի եւ զոհաբերութեան վսեմագոյն արարքներով պատնէշի վրայ ինկաւ, որպէսզի ապրին այն արժէքները, որոնցմով մենք կը սնանինք այսօր», հաստատեց Բ. Հապոյեան` շեշտելով, որ Մհերի, Վիգէնի, Շահէնի, Վարդանի, Արամի, Պետոյի եւ դեռ շատերու համար նահատակութիւնը դարձաւ ազգային պահանջ, ապրելու եւ ողջ մնալու պայման:

Այնուհետեւ Անժելինա Սարգիսեան արտասանեց Պօղոս Սնապեանի «Ես այդ շունն եմ» գործէն հատուած մը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ Մհեր Ջուլհաճեանի կեանքին նուիրուած տեսերիզ մը:

Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին անունով խօսք առաւ Սեդա Մանկասարեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց Մհեր Ջուլհաճեանի կենսագրական տուեալները: Մհեր Ջուլհաճեան յաճախած էր Ազգ. Կիլիկեան վարժարան, ապա Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճ, ուր ստացած էր ազգային կրթութիւն եւ սիրտը բաբախած հայրենիքի սիրով: Ան աւարտած էր նաեւ Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը` մասնագիտանալով բնագիտութեան եւ երկրաբանութեան ճիւղերուն մէջ: Շարունակելով իր խօսքը` Ս. Մանկասարեան ըսաւ, որ Մհեր Ջուլհաճեան իր պատանի տարիքէն թրծուած էր միութենական կեանքին մէջ` անդամակցելով ՀՅԴ ԼՊՄ-ին, ԼԵՄ-ին եւ ԶՈՄ-ին: 1992-ին ընդառաջելով ազատագրական պայքարի կոչին կը հաստատուի Հայաստան, որովհետեւ իրեն համար «Դէպի երկիր» կարգախօսը սոսկ կարգախօս չէր, այլ սրբազան կոչ: 23 օգոստոս 1993-ին` 26 տարեկան Մհեր Ջուլհաճեան կը նահատակուի Արցախի Մարտունի շրջանին մէջ` իր զինակից չորս ընկերներուն հետ, երբ իրենց փոխադրակառքը կը բախի հակահրասայլային ականի մը` հայ սահմանապահ ուժերու դիրքերու ստուգման պահուն: «Մհեր Ջուլհաճեան իր զոհաբերումով հայրենիքի ազատութեան բագինին վրայ հաստատեց իր իսկ կողմէ ըսուած այն խօսքը, որ «Դէպի երկիր» կոչը տակաւին կը մնայ ի զօրու բոլորին համար: Թող իր նահատակութիւնը այսօր ամրապնդէ իւրաքանչիւրիս, մանաւանդ հայ երիտասարդին` հայրենիքի եւ Արցախի ծառայութեան եւ նուիրումի լիակատար պատրաստակամութիւնը», եզրափակեց Սեդա Մանկասարեան:

IMG_0097

Այնուհետեւ Կասիա Էճիտեանէ (շուի), Քարոլ Կարապետեանէ (կիթառ) եւ Սեդրակ Կարապետեանէ (կիթառ եւ երգ) բաղկացած «Հայք» նուագախումբը մեկնաբանեց  «Հրաժեշտ սիրելեաց» եւ «Անուշ հայրենիք» երգերը:

IMG_0099

Օրուան բանախօս Յովիկ Պերթիզլեան շեշտը դնելով դաստիարակութեան վրայ հաստատեց, որ  եթէ դաստիարակութիւն գոյութիւն չունենայ, մենք «Մհեր»-ներ եւ անոնց նման կենդանի ոգի ունեցող անձեր չենք ունենար` աւելցնելով, որ դաստիարակութիւնը նախ կու գայ ընտանիքէն, ապա հայկական վարժարանի շրջանաւարտ ըլլալէն: Ան լուսարձակի տակ առաւ Մհեր Ջուլհաճեանի կեանքը եւ հաստատեց, որ լիբանանեան պատերազմին իբրեւ հետեւանք Մհեր եւ իր սերունդը ստացան նաեւ մարտական դաստիարակութիւն եւ այդ ընթացքին ան սկսաւ նոր սերունդներ դաստիարակել:

«Պատահական անձի մը մասին չէ մեր խօսքը, այլ` զարգացած, գիտակից, իր որոշումով եւ իր կամքով իր ճամբան ընտրած անձի մը մասին է, որ ոչ միայն կրթուած է, այլ նաեւ ունի յատուկ մարտական դաստիարակութիւն եւ բախտը ունեցաւ` իր սերունդին հետ միասնաբար այդ գիտելիքները ի գործ դնելու արցախեան ազատագրական պայքարին ընթացքին», հաստատեց Յ. Պերթիզլեան` շեշտելով, որ Մհերներու շնորհիւ ստեղծուած յաղթանակի ոգին նոր եռանդ, խանդավառութիւն եւ կորով տուաւ այսօրուան զինուորներուն, որոնք կրցան նոր յաղթանակ կերտել 2-5 մայիսին տեղի ունեցած արցախեան վերջին դէպքերուն: Շարունակելով իր խօսքը` Յ. Պերթիզլեան ըսաւ, որ ներկայ սերունդը բախտաւոր է, որովհետեւ առիթը ունեցաւ տեսնելու Հայաստանի անկախութիւնը, Արցախի ազատագրութիւնը, իսկ նոր սերունդը բախտաւոր է, որովհետեւ տեսած է միայն անկախ Հայաստան եւ յաղթանակ, եւ իր խօսքը ուղղելով նոր սերունդի աշակերտներուն եզրափակեց, որ անոնք պէտք է արժանաւոր զաւակները ըլլան մեր նախորդներուն եւ շարունակեն անոնց սկսած գործը` հասնելու համար մեր գերագոյն նպատակին իրագործման:

Այնուհետեւ Վիգէն Տիշչէքէնեան մեկնաբանեց Մհերի յիշատակին նուիրուած երգը, խօսք` Շահանդուխտի, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանը, Մհերի եղբայրը` Ալեքսան Ջուլհաճեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամ Սեդա Մանկասարեան կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը` առաջնութեան` երկրորդութեան, երրորդութեան եւ յիշատակութեան արժանի աշակերտներուն յանձնելով բարձր գնահատանքի յատուկ վկայագիրներ, նիւթական պարգեւներ` տրամադրուած Մհեր Ջուլհաճեանի ընտանեկան պարագաներուն  կողմէ, ինչպէս նաեւ նուէրներ` տրամադրուած Համազգայինի գրատարածի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Ուսումնական խորհուրդին կողմէ:

Միջնակարգէն առաջին հանդիսացաւ Կալի Աւագեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան), երկրորդ` Նանօր Աքճեան (Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան), երրորդ` Նարօտ Մերտխանեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան): Երկրորդականէն առաջին հանդիսացան Համլիկ սրկ. Զաքարեան (Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք) եւ Նարօտ Սերուժեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան), երկրորդ` Արենի Խաչատուրեան (Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարան), երրորդ հանդիսացան Մարիա Հապէշեան (Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան) եւ Մուշեղ Յովհաննէսեան (Ազգային Եղիշէ Մանուկեան): Նուէրներ ստացան նաեւ շարադրական մրցանքին մասնակցող բոլոր աշակերտները:

Հանդիսութեան եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազանը: Ան շնորհաւորեց եւ գնատահական խօսք ուղղեց շարադրական մրցանքին մասնակցած բոլոր աշակերտներուն, որոնք կրցան իրենց շնորհները հրամցնել մրցանքին ընդմէջէն` աւելցնելով, որ մեր կեանքին մէջ կան արժէքներ որոնք չենք կրնար լքել, որովհետեւ մեզ կանխողները այդ արժէքներուն պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը ընծայաբերեցին, որպէսզի այդ արժէքները մեր կեանքին մէջ պահպանուին: Առաջնորդ սրբազանը ըսաւ, որ մայրենի հողի կողքին մենք հոս ունինք այլ արժէքներ, որոնց համար պէտք է պայքարինք` աւելցնելով, որ մեր մայրենի լեզուն այդ գլխաւոր արժէքներէն է, առանց որուն` մենք կը դառնանք որբ եւ անդիմագիծ: Եզրափակելով իր խօսքը` առաջնորդ սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց բոլոր հայկական վարժարանները, որոնք ազգային արժէքներով կը փորձեն դաստիարակել նոր սերունդի ներկայացուցիչները` քաջ գիտնալով, որ իրենց վստահուած պարտականութիւնը ծանր է, սակայն գովելի բոլոր ժամանակներուն համար, որովհետեւ այդ վարժարաններէն պիտի ծնին Մհեր Ջուլհաճեաններու օրինակով նոր հերոսներ:

 

 

Նախորդը

Աշխարհի Մեծերու Դիմակները Վար Առնուած Են Ո՞ւր Են Հայազգի Միլիառատէրները (Մերօրեայ Հերոսամարտեր) Բ.

Յաջորդը

«Պէտք Է Անգամ Մը Եւս Հաստատենք, Որ Մենք Այս Երկրին Մէջ Կշիռ Ունեցող Համայնք Ենք» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Աւետիս Կիտանեան

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?