
Թրքական «Պիանեթ» կայքին հետ զրոյցի ընթացքին քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ երեսփոխան Կարօ Փայլան յայտարարած է, որ Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ Սահմանադրական յանձնախումբի նիստին ընթացքին իր դէմ յարձակումը առնչուած էր իր հայ ըլլալուն հետ:
Փայլան պատմած է, որ իր դէմ յարձակումը նախօրօք ծրագրաւորուած եղած է:
«Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան անդամը պնդեց, որ նախորդ նիստին ժամանակ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամները յարձակում գործած են, իսկ ես ընդամէնը առարկեցի անոր ըսածին, ու յարձակումը սկսաւ: Ակնյայտ է, որ ես էի անոնց թիրախը: 20-30 վայրկեանի մէջ ստացայ շուրջ 100 հարուած, որմէ ետք ալ ինծի ուղղեցին ցեղապաշտական եւ ատելութիւն պարունակող կոչեր», պատմած է Փայլան:
«Այս դէպքէն ետք կրնաք ըսել, որ խնդիրը հայ ըլլալս էր: Որովհետեւ այնտեղ հնչած ատելութեան խօսքերը ուղղակիօրէն ինքնութեանս դէմ էին: Անոնք չեն կարնար հանդուրժել այն, որ ինքնութեամբ հայ մէկը կը բացայայտէ իրենց սուտերն ու հպարտ կը կանգնի անոնց դիմաց: Անոնք կ՛ուզեն տեսնել յուսախաբ հայ մը: Իբրեւ իրաւունքի համար պայքարող հայ` ուղղակիօրէն դարձած եմ անոնց թիրախը եւ ենթարկուած յարձակումի: «Կարոն այստեղ է, Կարոն այստեղ է…» անոնց բացագանչութիւննեը ցոյց կու տան, որ յարձակումը նախօրօք ծրագրուած էր: Անոնք ծրագրած են հետեւեալը` «առաջին իսկ առիթի պարագային անոնց ծունկի պիտի բերենք եւ իրենց տեղը ցոյց տանք»: «Կարոն այստեղ է» կանչերը արդէն ամէն ինչ յստակ կը դարձնեն», յայտարարած է Փայլան:
«Ամէն ինչ տեսագրութեան մէջ յստակ կ՛երեւի: Դատ պիտի չբանամ, որովհետեւ դրական բան չեմ սպասեր: Տեղի ունեցածը կը ձգեմ հասարակութեան խղճին», ըսած է Փայլան:
Նշենք, թէ Կարօ Փայլան հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձած է դէպքին մանրամասնութիւններուն եւ դատապարտած է խօսքի ազատութեան դէմ տարուած աշխատանքը` ֆիզիքական յարձակումները Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխաններուն եւ իր անձին նկատմամբ: Կարօ Փայլան ուղղակիօրէն նշած է, որ իր դէմ յարձակումը եղած է իր հայկական ինքնութեան համար:
Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ քիւրտերը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէն զրկելու օրինագիծի քննարկումներուն ժամանակ իշխող կուսակցութեան երեսփոխանները 3 օր շարունակ յարձակում գործած են քիւրտ երեսփոխաններու դէմ: Իսկ 3 մայիսին իշխող կուսակցութեան անդամներուն գլխաւոր թիրախը եղած է Կարօ Փայլանը:


