Հայաստանի կառավարութիւնը 5 մայիսի իր նիստին համաձայնութիւն տուաւ Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Զարուհի Փոստանջեանի եւ Հրանտ Բագրատեանի` օրէնսդրական նախաձեռնութեան կարգով ներկայացուած «Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին» օրինագիծին վերաբերող եզրակացութեան նախագիծին:
Կառավարութեան եզրակացութիւնը ստանալէ ետք, նախագիծը, սահմանուած կարգով, պիտի ներկայացուի խորհրդարանին` առ ի քննարկում: Անիկա ունի երկու յօդուած` «Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ճանչնայ Արցախի Հանրապետութիւնը» եւ «Սոյն օրէնքը ուժի մէջ կը մտնէ պաշտօնական հրապարակման օրուան յաջորդող օրը»:
«Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ներկայացուած օրէնքի նախագիծի ընդունումը պայմանաւորուած է Հայաստանի եւ Արցախի միջեւ քննարկումներու արդիւնքներով` նկատի առնելով հետագայ զարգացումները, որոնց մէջ նաեւ արտաքին գործօնները: Միաժամանակ կը յայտնենք, որ, ներկայացուած օրէնքի նախագիծը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովին մէջ քննարկելու ընթացքին յարակից զեկուցումով հանդէս կու գայ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Շաւարշ Քոչարեանը», գրուած է, մասնաւորապէս, օրինագիծին հետ նոյն թղթածրարին մէջ կառավարութեան պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած` Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանին յղուած վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին նամակին մէջ:
Յիշեցնենք, որ` ի պատասխան Հայաստանի կառավարութեան նիստին օրակարգին վրայ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը ճանչցող օրինագիծի ընդգրկման գծով պաշտօնական Պաքուի ջղագրգիռ արձագանգին` պաշտօնական Երեւան հերքած է, թէ կը պատրաստուի համաձայնութիւն տալ նախագիծին: «Կառավարութեան օրակարգին մէջ ներառուած է համաձայնութիւն տալը ո՛չ թէ օրէնքի նախագիծին, այլ կառավարութեան եզրակացութեան: Իսկ համաձայն եզրակացութեան, ճանաչումը պայմանաւորուած է իրավիճակի հետագայ զարգացումներով: Եթէ Ազրպէյճան ծաւալէ զինուորական նոր գործողութիւններ, Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման հարցը կը մտնէ օրակարգ», յայտարարած էր Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:
Առայժմ յայտնի չէ, թէ նախագիծը ե՛րբ կ՛ընդգրկուի խորհրդարանի օրակարգին վրայ:
Նիստին յաջորդած զրոյցին ընթացքին Շ. Քոչարեան վերահաստատած է արտաքին գործոց նախարարութեան դիրքորոշումը` Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման գծով. «Ինչ կը վերաբերի բուն ճանաչման խնդիրին, ապա մեր դիրքորոշումը շատ յստակ է, որ եթէ Ազրպէյճանը փորձէ խուսափիլ զինադադարի հաստատման դրութենէն եւ նոր գործողութիւններ ծաւալէ, կը մտնէ օրակարգ»:
Պատասխանելով լրագրողներուն այն հարցումին, թէ Արցախի ճանաչումը չի՞ տապալեր տագնապի լուծման Մինսքի գործընթացը` Քոչարեան ըսած է. «Մինսքի գործընթացի աւարտին կ՛առաջնորդեն Ազրպէյճանի յարձակումները, եւ ոչ թէ մեր իրաւական քայլերը»:
Լեռնային Ղարաբաղի Ճանաչման Պարագային
Հայաստան Տեղեակ Պիտի Պահէ Իր Գործընկերները
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչնալու որոշում կայացնելու պարագային Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը նախապէս այդ մասին տեղեակ պիտի պահէ իր գործընկերները, առաջին հերթին` ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներուն ղեկավարները: Այս մասին յայտարարած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Հայաստանի Ազգային ժողովի երկու պատգամաւորներու` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ճանաչման մասին նախաձեռնութեան վերաբերեալ կառավարութեան եզրակացութեան շուրջ ըսի-ըսաւները անտեղի են: Կառավարութեան եզրակացութիւնը չի նշանակեր համաձայնութիւն այդ նախաձեռնութեան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Նախարարութիւնը նաեւ յոյս յայտնած է, որ Ազրպէյճան բանականութիւն կը գտնէ իր մէջ եւ զերծ կը մնայ ապրիլի սկիզբը սանձազերծած արկածախնդրութեան կրկնութենէն:
«Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման այլընտրանքի բացակայութեան գիտակցութեամբ միա՛յն կարելի է վերադարձնել գործընթացը բանակցային դաշտ եւ գտնել Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի լիարժէք իրագործման արդար ու արդիւնաւէտ ուղին», նշուած է նախարարութեան յայտարարութեան մէջ:
Քրեմլինը Մեկնաբանած Է Արցախի
Անկախութեան Ճանաչման Մասին Օրինագիծը
Ըստ «Առ.Պի.Սի.»-ի, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ
Մոսկուան չէ քննարկած Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման մասին օրինագիծը:
«Ո՛չ, ատիկա Մոսկուայի մէջ չէ քննարկուած: Մենք շատ ուշադիր կը հետեւինք այդ ծիրին մէջ որդեգրուող որոշումներուն եւ նախկինին պէս կ՛ակնկալենք, որ տագնապին կողմերը խուսափին քայլերէ, որոնք կրնան խախտել փխրուն զինադադարը եւ յանգեցնել լարուածութեան սրման», նշած է ան:
Լաւրով Վստահ Է Լեռնային Ղարաբաղի
Հիմնահարցի Խաղաղ Լուծման Նկատմամբ
Երեւանի Յանձնառութենէն
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով խուճապի պատճառ չի տեսներ հայ պատգամաւորներու` Լեռնային Ղարաբաղի անկախութեան ճանաչման հարցը քննարկելու նախաձեռնութեան մէջ:
«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչման նորութիւններուն, ատիկա Հայաստանի
Հանրապետութեան խորհրդարանի երկու անդամներու առաջարկն է: Եւ Հայաստանի
կառավարութիւնը, իրենց օրէնքներուն համաձայն, ինչպէս անոնք բոլորին բացատրած են`
հանգստացնելով կրքերը, պէտք է այդ օրէնսդրական նախագիծին համար պատրաստէ եզրակացութիւն: Ես հիմա տագնապ եւ խուճապ չէի ստեղծեր», ըսած է Լաւրով:
Ան նշած է, որ քննարկումներ ունեցած է իր հայ պաշտօնակիցին հետ: «Ինծի յստակ կերպով
վերահաստատած են Երեւանի` խաղաղ լուծման յանձնառութիւնը: Ատիկա կը նշանակէ, որ Ղարաբաղի կարգավիճակին հարցը պիտի որոշուի ընդհանուր համաձայնութեան ծիրին մէջ, եւ ոչ թէ միակողմանի կերպով», նշած է Լաւրով: