Կիրակի, 8 մայիսին ընթացք պիտի առնեն Լիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւնները, որոնք առիթ պիտի ըլլան իւրաքանչիւր քաղաքացիի համար իր քուէարկութեամբ զօրակցելու այս կամ այն թեկնածուին` այն յոյսով եւ ակնկալութեամբ, որ Լիբանանը աւելի լաւ երկրի մը վերածելու առումով իր ներդրումը կ՛ունենայ:
8 մայիսին պիտի կատարուին ընտրութիւններ Պէյրութի, Զահլէի եւ Այնճարի մէջ, յաջորդող կիրակի, 15 մայիսին` Լեռնալիբանանի մէջ, իսկ կիրակի, 29 մայիսին` Թրիփոլիի մէջ:
Ինչպէս սովորութիւն է, ՀՅԴ-ի ակումբներուն մէջ արդէն իսկ աշխատանքներ կը տարուին` լիբանանահայութեան անհրաժեշտ օժանդակութիւնը ցուցաբերելու եւ անհրաժեշտ խորհուրդը տալու նպատակով: Բոլոր շրջաններու ՀՅԴ-ի ակումբները վերածուած են մեղուաբոյնի, ուր ամէն երեկոյ համախումբ կը գործեն շրջաններու կոմիտէները, այս նպատակով յառաջացած յանձնախումբերը, ԼՕԽ-ի անդամներ, ԼԵՄ-ականներ եւ համակիրներ:
Ակումբներուն մէջ տարուած աշխատանքին ծանօթանալու նպատակով «Ազդակ»-ն ու «Վանայ ձայն»-ը ներկայացնող թղթակից մը այցելեց ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման», «Սարդարապատ» եւ «Ռուբէն» ակումբներ` զրոյցներ ունենալով այս աշխատանքին լծուած անձերուն եւ պատասխանատուներուն հետ:
Ստորեւ կու տանք այդ անձերուն եւ պատասխանատուներուն կարծիքները.

ՎԱՐԴԱՆ ԱԶՆԱՒՈՒՐԵԱՆ («Նիկոլ Դուման» կոմիտէի անդամ)
Այս հանգրուանին ընտրական աշխատանքները կ՛ընթանան աւելի արագ թափով, որովհետեւ ընտրութեան օրը կը մօտենայ:
ԼԵՄ-ական տղաքը այս հանգրուանին օժանդակեցին կոմիտէի աշխատանքներուն` թղթածրարները ամբողջացնելով եւ հայորդիներուն տուները այցելելով:
Հիմնական մէկ դժուարութիւն ունեցանք, այդ ալ մարդուժի պակասն է` նկատի ունենալով, որ ուշ ալ սկսանք նախապատրաստական աշխատանքներուն: Նախապէս աւելի կանուխ գործի կ՛անցնէինք եւ աւելի դասաւորուած ժամերով կ՛աշխատէինք: Սակայն կը հաւատանք, որ եկող օրերուն այդ դժուարութիւնն ալ պիտի յաղթահարենք:
Պէտք չէ մոռնալ, որ այս տղաքը ամբողջ օրը կ՛աշխատին եւ գիշերներն է, որ ակումբի գործերով կը զբաղին: Ամէն պարագայի, մեր կոմիտէութիւնը գրեթէ պատրաստ է, կը մնայ միայն այլ մանրամասնութիւններու ամբողջացումը:
Ճիշդ է, որ որոշ դժուարութիւններ կային, սակայն հայորդիները գիտեն, որ հայկական բոլոր ակումբներն ալ իրենց տուներն են, կրնան գալ կիրակի օր, մեր ընկերները պատրաստ են օժանդակելու իրենց եւ զիրենք հասցնելու նոյնիսկ քուէարկութեան վայրը: Ի վերջոյ, այս ընտրութիւններով մենք պիտի փաստենք մեր ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ` նեցուկ կանգնելով մեր թեկնածուներուն:
ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ («Նիկոլ Դուման» կոմիտէ)
Այս ընտրութիւնները շատ կարեւոր են լիբանանահայութեան համար, որովհետեւ մենք` իբրեւ այս երկրին քաղաքացիները, պէտք է մեր ըսելիքը ունենանք:
Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին կիրակի օր մասնակցելու ընտրութիւններուն: Կ՛ուզեմ բոլորին ուշադրութեան յանձնել, որ անոնք կիրակի օր նախ պէտք է այցելեն ակումբ, ստանան համապատասխան տեղեկութիւնները, եւ մենք ապահոված ենք անոնց փոխադրութիւնը: Ապա անոնք պիտի ուղղուին քուէատուփեր եւ իրենց քուէն նետեն 2 սնտուկներու մէջ. մէկը թաղապետական, իսկ միւսը` քաղաքապետական ընտրութիւններուն համար:
ՏԻՐԱՆ ՇԱՐՈՅԵԱՆ (ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղէն)
Մեր շրջանին մէջ ընտրական աշխատանքները լաւ ընթացքի մէջ են. մենք` ԼԵՄ-ականներս, օժանդակեցինք կոմիտէին ընտրական արշաւը լաւապէս կատարելու:
Հիմա արդէն գործը գրեթէ աւարտած է: Կը մնայ մաղթել, որ լիբանանահայութիւնը խուռներամ շարքերով մասնակցի ընտրութիւններուն, որովհետեւ վստահաբար ընտրուող թեկնածուները պիտի աշխատին բարելաւելու մեր ժողովուրդին կեանքը:

ՅԱԿՈԲ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ («Ռուբէն» կոմիտէի ընտրական յանձնախումբի ատենապետ)
Ընտրական աշխատանքներուն իմաստով որոշ դժուարութիւններ կան, սակայն կը հաւատանք, որ հայորդիները հասկացողութեամբ կը մօտենան անոնց:
Այս ընտրութիւնները խիստ կարեւոր են, որովհետեւ մենք պէտք է հետապնդենք մեր իրաւունքները եւ նեցուկ կանգնինք մեր թեկնածուներուն:

ՇԱՆԹ ԱԼԻԷՄԵԶԵԱՆ («Սարդարապատ» կոմիտէի անդամ)
Անցնող ամիս արդէն ընտրական աշխատանքները սկսան, մեր շրջանի հայորդիներուն տուները այցելեցինք եւ ստացանք համապատասխան տեղեկութիւններ` ցանկերը ամբողջացնելու համար: Հիմա արդէն 2-րդ հանգրուանը սկսաւ, «մանտուպ»-ներու ցանկը պիտի պատրաստենք եւ ընտրողներուն համար փոխադրամիջոց ապահովենք:
Այս տարի յատկանշական էր ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի աշխուժ մասնակցութիւնը ընտրական նախապատրաստական աշխատանքներուն: Այսպիսով, անոնք ալ տեղեակ դարձան ընտրական արշաւի մանրամասնութիւններուն:
Կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին` նկատի ունենալով այս ընտրութիւններուն կարեւորութիւնը, մասնակցելու անոնց` քուէարկելով Դաշնակցութեան թեկնածուներուն:
ՃՈՅՍ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ (ԼԵՄ-ի «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղէն
Այս ընտրութիւններուն մենք` ԼԵՄ-ականներս, օգտակար դարձանք կոմիտէի աշխատանքներուն, պատրաստեցինք ընտրական տախտակները եւ այցելեցինք մեր շրջանի հայորդիներուն տուները` ամբողջացնելու համար այդ ցանկերը:
Այս ընտրութիւնները շատ կարեւոր են, եւ ես կոչ կ՛ուղղեմ բոլորին մասնակցելու անոնց, որովհետեւ մենք այս երկրին քաղաքացիներն ենք, եւ քաղաքապետական թէ թաղապետական ընտրութիւններուն մասնակցութիւնը մեր պարտաւորութիւնն է:


