Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Ներկայացուցիչներուն Մասնակցութեամբ Խորհրդակցութիւն` Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Մէջ

Մայիս 9, 2016
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

nakharar_50816

ՀՅԴ մամլոյ դիւանը հաղորդեց, որ շաբաթ, 7 մայիս 2016-ին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան հանդիպում մը ունեցաւ ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի ղեկավար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի գլխաւորած` կեդրոնական խորհուրդի եւ շրջանային յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնք յատուկ այս առիթով Երեւան եկած են:

Հանդիպումին կը մասնակցէին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալներն ու գլխաւոր քարտուղարը, ՀՅԴ Բիւրոյի եւ  ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի անդամներ:

Նախարար Նալպանտեան Հայ դատի յանձնախումբերու անդամներուն հանգամանաւոր կերպով ներկայացուց Արցախի դէմ Ազրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնները եւ անոնց հետեւանքներուն  յաղթահարման ուղղուած ջանքերը: Ապա ան պատասխանեց Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու ներկայացուցիչներու  բազմաթիւ հարցումներուն:

Անդրադառնալով բանակցային գործընթացի հեռանկարներուն` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ. «Այս պահուն հաւանական հանդիպումները կրնան ուղղուիլ ապրիլի սկիզբին Արցախի դէմ Ազրպէյճանի յարձակման կրկնութեան բացառման, ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին մէջ 1994-1995 թուականի զինադադարի հաստատման եւ ամրապնդման վերաբերեալ եռակողմանի անժամկէտ համաձայնագրութեանց անվերապահ կատարման նպատակով համապատասխան մեքանիզմներու, միջոցառումներու ստեղծման, զինադադարի խախտումներուն հետաքննութեան մեքանիզմի ներդրման զուգահեռ: Այդ քայլերը համապատասխան պայմաններ կը ստեղծեն բանակցային գործընթացը շարունակելու համար»:

Անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման, հայրենիքի տնտեսական զարգացման աջակցութեան, ինչպէս նաեւ` համահայկական օրակարգի այլ հարցերու:

Այս առիթով քննարկուեցան հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման նպատակով ձեռնարկուող քայլերը:

Հանդիպումին մասնակիցները կարծիքներ փոխանակեցին երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով Հայաստանի կիրարկած արտաքին քաղաքական գործունէութեան շուրջ: Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Միջին Արեւելքի իրավիճակին, սուրիական ճգնաժամին, ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքարի եւ հրատապ միջազգային եւ շրջանային այլ խնդիրներու:

Համաձայնութիւն գոյացաւ այս ձեւաչափով հանդիպումներու մասին պարբերաբար հաղորդումներ կատարելու գծով:

Խորհրդակցութեան աւարտին, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան ըսաւ. «Օգտակար խորհրդակցութիւն էր, որ պէտք է աւելի յաճախակի դառնայ: Անցեալ տարուընէ համաձայնած էինք նման խորհրդակցութիւն վերսկսելու շուրջ, սակայն թեքնիք պատճառներով ատիկա տեղի ունեցաւ այսօր: Յառաջիկայ օրերուն գումարուելիք Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու  համաժողովը վստահ եմ, որ կ՛օգտուի այսօրուան խորհրդակցութիւններէն»:

 

 

Նախորդը

Նախագահ Բակօ Սահակեան Հանդիպում Ունեցած Է Դաւիթ Լոքեանին Եւ Լեւոն Մկրտչեանին Հետ

Յաջորդը

Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի Գլխաւորած Հայաստանի Պաշտօնական Պատուիրակութիւնը Հասած Է Արցախ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?