
Երեքշաբթի, 3 մայիս 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանէն:
Վեհափառ հայրապետին եւ նախագահին հեռաձայնային խօսակցութիւնը կեդրոնացաւ Ղարաբաղի ներկայ կացութեան շուրջ: Վեհափառ հայրապետը նախագահ Բակօ Սահակեանը հրաւիրեց այցելելու Լիբանան, միաժամանակ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու թեմերուն ամբողջական զօրակցութիւնը վերահաստատեց Ղարաբաղի նկատմամբ:


