Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ  Հանդիպում` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան  Վարչապետ Արա Յարութիւնեանին Հետ

Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատան Մէջ Հանդիպում` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետ Արա Յարութիւնեանին Հետ

Երէկ` երկուշաբթի, 14 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՀՅԴ-ի, ՌԱԿ-ի եւ ՍԴՀԿ-ի  ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպումին ներկայ էին վարչապետին ընկերակցող պատուիրակութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան խորհրդական եւ հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան, դեսպանատան քարտուղարներ Դաւիթ Միրզախանեան եւ Վլատիմիր Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան  Պիտի Մեկնի Յունաստան Եւ Կիպրոս

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Պիտի Մեկնի Յունաստան Եւ Կիպրոս

  Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան 14-15 մարտին պաշտօնական այցելութեամբ պիտի մեկնի Յունաստանի Հանրապետութիւն: Հանրապետութեան նախագահը հանդիպումներ պիտի ունենայ Յունաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի եւ անոր մաս կազմող հայկական աւանդական կուսակցութիւններու (ՀՅԴ, ՌԱԿ, ՍԴՀԿ) ներկայացուցիչներուն հետ: Այս մասին կը տեղեկացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութիւնը: Աթէնքի մէջ նախատեսուած է հայ-յունական երկկողմանի յարաբերութիւններու...

Շուէտի Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը  Կը Չէզոքացնէ Թրքական Ցոյցը

Շուէտի Դաշնակցական Երիտասարդութիւնը Կը Չէզոքացնէ Թրքական Ցոյցը

Ուրբաթ, 11 մարտին հակահայկական ցոյց տեղի ունեցած է Սթոքհոլմի` Շուէտի խորհրդարանին կից տարածքի մը մէջ, որուն նպատակն էր ժխտել 2010-ին Շուէտի խորհրդարանին կողմէ ընդունուած` Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւը: «Երկիր»-ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Շուէտի մէջ ՀՅԴ-ի կառոյցի անդամ Սարգիս Տեկիրմենճեան յայտնեց, որ թրքական ցոյցին հակադարձելու համար նոյն վայրին մէջ ցոյց կազմակերպած են Շուէտի ՀՅԴ կառոյցը, ՇԵՄ-ի (Շուէտի երիտասարդական միութեան) կեդրոնական...

Հայ Ժողովուրդը Վերանորոգեց  Իր Ուխտը Անթիլիասի  Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

Հայ Ժողովուրդը Վերանորոգեց Իր Ուխտը Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին Մէջ

Կիրակի, 13 մարտ 2016-ին, Ս. եւ անմահ պատարագէն ետք Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի սրբազան Աջի մասունքով օրհնուեցան Անթիլիասի Մայր տաճարն ու կաթողիկոսարանի բակերը ողողած ժողովուրդը: Միաբան հայրերէ ու դպրեվանքի ժառանգաւորներէ կազմուած հայրապետական թափօրը վեհարանէն ծայր առաւ Մայր տաճարի զանգերուն ղօղանջներուն ներքեւ եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճար առաջնորդեց Արամ Ա. կաթողիկոսը, որուն առջեւէն կ’ընթանար կաթողիկոսարանի սրբազան մասունքները պարփակող 250-ամեայ արծաթապատ արկղը:...

Համազգայինի Լիբանանի  Շրջանային Վարչութիւն.  Ալեքսանտր Յարութիւնեանի Անուան  Փայտափողային – Դաշնամուրային  Քառեակի Դասական Համերգ

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւն. Ալեքսանտր Յարութիւնեանի Անուան Փայտափողային – Դաշնամուրային Քառեակի Դասական Համերգ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, շաբաթ, 12 մարտ 2016-ին,  երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ,Լեւոն Շանթե կեդրոնի ,Գ. եւ Հ. Արմէնեանե սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական համերգ` կատարողութեամբ Ալեքսանտր Յարութիւնեանի անուան փայտափողային-դաշնամուրային քառեակին, որ հրաւիրուած էր ,Պուսթանե փառատօնին կողմէ: Քառեակի անդամներն են Լիլիթ Զաքարեան` դաշնակ, Գէորգ Աւետիսեան` սրինգ, Դաւիթ Կիւլամիրեան` քլարինեթ, Նիկոլայ Պօղոսեան` պասոն, իսկ ղեկավարն է Սերկէյ Սմբատեան: Համերգին երաժշտասէր բազմութեան...

«Կարեւորը Այն Է, Որ Աղբի Տագնապին Լուծման Համար Ամբողջ Լիբանանի Տարածքը Ներառող Լուծում Մը Գտնուի»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Կարեւորը Այն Է, Որ Աղբի Տագնապին Լուծման Համար Ամբողջ Լիբանանի Տարածքը Ներառող Լուծում Մը Գտնուի» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի քիչ առաջ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ իբրեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւն եւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէ՝ պատրաստակամութիւն եւ դրական կեցուածք յայտնած են աղբի տագնապին լուծման առումով, սակայն այդ մէկը չի նշանակեր, որ իրենք համաձայն պիտի ըլլան իւրաքանչիւր պայմանի։ «Կարեւորը այն է, որ աղբի տագնապին լուծման համար ամբողջ Լիբանանի տարածքը ներառող լուծում մը...

Նախագահ Փութին Գագիկ Աբրահամեանը Պարգեւատրեց Բարեկամութեան Շքանշանով

Նախագահ Փութին Գագիկ Աբրահամեանը Պարգեւատրեց Բարեկամութեան Շքանշանով

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Բարեկամութեան շքանշանով պարգեւատրած է «Ճէյ.Սի.էյ.» ադամանդի գործարանի տնօրէններու  խորհուրդի նախագահ Գագիկ Աբրահամեանը: Այս մասին կը յայտնէ Քրեմլինի պաշտօնական կայքը: 10 մարտ 2016-ին Քրեմլինի Եքաթերինեան սրահին մէջ, ռուս-հայկական յարաբերութիւններու  զարգացման մէջ իր բերած նպաստին համար Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Գագիկ Աբրահամեանին շնորհեց բարեկամութեան շքանշան:  

Արծուիկ Մինասեան.  «Մենք Պէտք Է Աշխատինք  Բաց, Թափանցիկ, Հրապարակային»

Արծուիկ Մինասեան. «Մենք Պէտք Է Աշխատինք Բաց, Թափանցիկ, Հրապարակային»

9 մարտին Հայաստանի տնտեսութեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցած է նախարար Արծուիկ Մինասեանի հրաւիրած առաջին ընդլայնուած խորհրդակցութիւնը, որուն մասնակցած են նախարարի տեղակալները, խորհրդականները, նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավարը, կառուցուածքային եւ առանձնացուած ստորաբաժանումներու, նախարարութեան համակարգի ընկերութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ղեկավարները: Ան յայտնած է, որ նման խորհրդակցութիւններ ու հանդիպումներ պիտի ունենան պարբերական բնոյթ, որպէսզի քննարկուին կատարուող աշխատանքներուն ընթացքը, լուսարձակի տակ առնուին տնտեսութեան մարզին մէջ գոյութիւն...

Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 30-Ամեակ.  Յակոբ Հաւաթեան. «Կը Խոնարհինք Վաւերական Գործիդ,  Մեծ Վաստակիդ, Անբասիր Նկարագիրիդ  Ու Դաշնակցական Ղեկավարի Արժանիքներուդ Դիմաց»

Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 30-Ամեակ. Յակոբ Հաւաթեան. «Կը Խոնարհինք Վաւերական Գործիդ, Մեծ Վաստակիդ, Անբասիր Նկարագիրիդ Ու Դաշնակցական Ղեկավարի Արժանիքներուդ Դիմաց»

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական-քարոզչական յանձնախումբին, երէկ` ուրբաթ, 11 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին, Այնճարի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ Զաւէն Թաշճեանի նահատակութեան  30-ամեակին նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւն: Գիւղի հոգեւոր հայրերը կատարեցին հոգեհանգստեան արարողութիւնը` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, Այնճարի «Կարմիր լեռ» կոմիտէին, նահատակ ընկերոջ ընտանիքին եւ ընկերներուն, ՀՅԴ «Յառաջ» պատանեկան միութեան ու ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի անդամներուն եւ...

ՀՅԴ  «Ռոստոմ» Կոմիտէ.  Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի  «Ապրելու Համար» Գիրքի Շնորհահանդէս

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէ. Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի «Ապրելու Համար» Գիրքի Շնորհահանդէս

Երէկ` ուրբաթ, 11 մարտ 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Հայաշէնի ժողովրդային տան «Սեդրակ Աճէմեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի «Ապրելու համար» գիրքին շնորհահանդէսը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին: Համբիկ Միսաքեան Սօսի Տէր Խաչատուրեան-Պալեան Կարօ Յովհաննէսեան Ձեռնարկը սկիզբ առաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համբիկ Միսաքեան, որ «Ռոստոմ» կոմիտէին անունով ողջունեց ներկաները, ապա ներկայացուց Համազասպ Տէր Խաչատուրեանի...

Փութին – Սարգսեան Հանդիպումին Ընթացքին.  Քննարկումի Նիւթ Դարձան ՀԱՊԿ-ի  Շրջագիծին Մէջ Տիրող  Անվտանգութեան Մտահոգութիւնները

Փութին – Սարգսեան Հանդիպումին Ընթացքին. Քննարկումի Նիւթ Դարձան ՀԱՊԿ-ի Շրջագիծին Մէջ Տիրող Անվտանգութեան Մտահոգութիւնները

10 մարտին Մոսկուայի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի միջեւ տեղի ունեցած  հանդիպումին ընթացքին հաստատուած է, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները կարելի է կոչել ռազմավարական գործընկերութիւն:  Նախագահները քննարկած են հայ-ռուսական երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր, անդրադարձ կատարուած է նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկման հոլովոյթներու զարգացման հեռանկարին, միտքեր փոխանակուած են միջազգային եւ շրջանային արդի խնդիրներուն ու մարտահրաւէրներուն վերաբերեալ: Նախագահներ Սերժ...

«Ընտրողներու Ցուցակներու Հրապարակումը  Տարիներ Շարունակ Եղած Է Մեր Պահանջը»  Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

«Ընտրողներու Ցուցակներու Հրապարակումը Տարիներ Շարունակ Եղած Է Մեր Պահանջը» Կ՛ըսէ Աղուան Վարդանեան

10 մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է ընտրական օրէնքի նախագիծին: Լրագրողները հարցուցած են, որ նախագիծին մէջ կա՞ն մտահոգիչ դրոյթներ, Վարդանեան պատասխանած է, որ նախնական քննարկումներուն ընթացքին Դաշնակցութիւնը արտայայտած է թէ՛ իր մօտեցումները եւ թէ՛ առաջարկները: «Բազմաթիւ հարցեր կան, որոնք մեր առաջարկներով արդէն իսկ տեղ  գտած են նախագիծին մէջ: Բայց աշխատանքը տակաւին...

Ֆրանսա Չ՛երաշխաւորեր Յաղթանակի  Կամարին Տակ Խոջալուի Համար  Տեղի Ունեցած Արարողութիւնը

Ֆրանսա Չ՛երաշխաւորեր Յաղթանակի Կամարին Տակ Խոջալուի Համար Տեղի Ունեցած Արարողութիւնը

«Նոր Յառաջ» կը հաղորդէ, որ ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ Մուրատ Փափազեան երկուշաբթի, 7 մարտին ընդունուած են Նախկին ռազմիկներու հարցերու պետական քարտուղար Ժան-Մարք Թոտեսքինիի կողմէ: Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահները դատապարտած են Ազրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուած քարոզչական արշաւը, ինչպէս` 26 փետրուարին Փարիզի Յաղթանակի կամարին տակ տեղի ունեցած բոցի արծարծման արարողութիւնը, որ կազմակերպուած է ընդառաջելով Ազրպէյճանի դեսպանատան...

Բանակը Զինուորական Որակական  Գործողութիւն Մը Կը Կատարէ Ռաս Պաալպեքի  Բարձունքներուն Վրայ`  Ջախջախելով Ահաբեկիչները

Բանակը Զինուորական Որակական Գործողութիւն Մը Կը Կատարէ Ռաս Պաալպեքի Բարձունքներուն Վրայ` Ջախջախելով Ահաբեկիչները

Լիբանանեան բանակը իր պատմութեան մէջ հերոսական նոր էջ մը բացաւ, երբ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Ռաս Պաալպեքի մէջ գործադրեց զինուորական որակական գործողութիւն մը, որուն շրջագիծին մէջ հարուածեց ահաբեկչական խմբաւորումները իրարու կապող ռազմավարական դիրք մը` սպաննելով մեծ թիւով ահաբեկիչներ: Բանակը նախանցեալ գիշեր Քաայի եւ Ռաս Պաալպեքի բարձունքներուն վրայ բուռն բախումներ ունեցաւ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն հետ: Զինեալ բախումներուն ընթացքին բանակը կրցաւ լուրջ վնասներ հասցնել...

Ակնարկ.  Գաղթականական Խաղաթուղթին  Վերջին Օգտագործումները

Ակնարկ. Գաղթականական Խաղաթուղթին Վերջին Օգտագործումները

Հետաքրքրական համաձայնական եզրերու ձեւաւորումներ տեղի կ՛ունենան Անգարա-Եւրոպական Միութիւն ուղղութեան վրայ, այն պահուն, երբ Անգարան բռնապետութեան, գրաքննութեան եւ քիւրտ ազգաբնակչութեան դէմ կիրարկած ոչ ընկալեալ պատերազմի եղանակներով կ՛ամբաստանուի միջազգային ընտանիքին եւ միջազգային հանրային կարծիքին կողմէ: Նախ տեսնենք, թէ Անգարան ի՛նչ ձեռք ձգեց այս համաձայնութենէն. Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ պիտի տրամադրէ 3 միլիառ եւրօ: Բացի ատկէ, եւրոպական երկիրները համաձայնած են քննարկել ի յաւելումն ատոր...

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատական Պահանջի Ներկայ Հանգրուանը

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատական Պահանջի Ներկայ Հանգրուանը

Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը պահանջող` Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանին մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բացած դատը, ինչպէս յաճախ Արամ Ա. կաթողիկոս կը շեշտէ, սովորական դատ մը չէ. ան հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդի՛ն դատն է: Նկատի ունենալով, որ ներկայ դատով Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարիներ ետք առաջին իրաւական քայլն էր, որ կ՛առնուէր` ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի բռնաբարուած իրաւունքներու եւ յատկապէս բռնագրաւուած եկեղեցապատկան ու...

Բուռն Վէճեր Ազգային  Երկխօսութեան Նիստի Ընթացքին

Բուռն Վէճեր Ազգային Երկխօսութեան Նիստի Ընթացքին

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրուան ժամը 12:10-ին, Այն Թինէի մէջ նախագահեց ազգային երկխօսութեան 16-րդ նիստին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին երկրին վարչապետն ու լիբանանեան քաղաքական ուժերուն ներկայացուցիչները, որոնց շարքին` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Նիստէն բացակայեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն, որ ներկայացուեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի կողմէ, իսկ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան...

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբ.  «Տէրեան Մշակութային Կեդրոն»-ի  Պատասխանատու Անի Մարգարեան Դասախօսեց  Հայկական Տարազներու  Եւ Ասեղնագործութեան Մասին

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի Յանձնախումբ. «Տէրեան Մշակութային Կեդրոն»-ի Պատասխանատու Անի Մարգարեան Դասախօսեց Հայկական Տարազներու Եւ Ասեղնագործութեան Մասին

ԼՕԽ-ի Ձեռարուեստի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, երէկ` չորեքշաբթի, 9 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ Երեւանի «Տէրեան մշակութային կեդրոն»-ի պատասխանատու Անի Մարգարեան դասախօսեց հայկական տարազներու եւ ասեղնագործութեան մասին: Սրահին մուտքին ցուցադրուած էին հայկական տարազներու նմուշներ, տարազներու պատկերներ, հայկական ձեռագործ տիկնիկներ, էջադիրներ, նաշխեր եւ այլ իրեր: Անի Մարգարեան ողջունեց ներկաները, ապա սահիկներու ցուցադրութեամբ ներկայացուց հայկական տարազի վերստեղծումը եւ տարածումը: Ան...

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով.  Հելեն Պատարօ, Լենա Ժըպրան, Քլոտիա Մարշալեան  Եւ Ասմա Զէյն Պարգեւատրուեցան  Հայկազեան Համալսարանին Կողմէ

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Հելեն Պատարօ, Լենա Ժըպրան, Քլոտիա Մարշալեան Եւ Ասմա Զէյն Պարգեւատրուեցան Հայկազեան Համալսարանին Կողմէ

Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինին, երեքշաբթի, 8 մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, լիբանանցի չորս կին դէմքեր պարգեւատրուեցան Կիներու միջազգային օրուան առիթով: Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, համալսարանի Արուեստից եւ գիտութեանց բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Արտա Էքմեքճի ողջունելով ներկաները բացուած յայտարարեց ձեռնարկը` շնորհաւորելով բոլոր կիները: Պատմական հակիրճ ակնարկով մը, դոկտ. Էքմեքճի ներկայացուց համալսարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի գործունէութեան գլխաւոր կէտերը, 1999-ին այդ...

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով  Հայոց Պետական Եւ Հոգեւոր Ղեկավարութիւնը  Կը Շնորհաւորէ Հայ Կիները

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով Հայոց Պետական Եւ Հոգեւոր Ղեկավարութիւնը Կը Շնորհաւորէ Հայ Կիները

Նախագահ Սարգսեան. «Ներկայիս Մեր Երկրին Մէջ Կիները Շատ Աւելի Մեծ Դեր Ունին, Քան Անցեալին» «Այսօր մենք կը մեծարենք մեր կիները` մեր ընտանիքներու ջերմութեան եւ մեր հասարակութեան հասունութեան պահապանները», ըսուած է Կիներու միջազգային տօնին առիթով Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանին յղած շնորհաւորական ուղերձին մէջ: «Ներկայիս մեր երկրին մէջ կիները շատ աւելի մեծ դեր ունին, քան` անցեալին», գրած է նախագահ Սերժ Սարգսեան իր...

Page 711 of 795 1 … 710 711 712 … 795

Արխիւներ